Աշոտ Աթանասեան

Աշոտ Աթանասեան
Ծնած է 15 Փետրուար 1870(1870-02-15)[1][2]
Ծննդավայր Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 22 Մարտ 1941(1941-03-22)[1][2] (71 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Լայփցիկի Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հրատարակիչ, երգիծաբան, գիւղատնտես

Աշոտ Աթանէսեան (15 Փետրուար 1870(1870-02-15)[1][2], Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 22 Մարտ 1941(1941-03-22)[1][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), հայ երգիծաբան, խմբագիր եւ հրատարակիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Գերմանիա, ուսումը շարունակելու Լայպցիկի համալսարանի գիւղատնտեսութեան կաճառէն ներս: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք տարբեր վայրերու մէջ որոշ ժամանակ զբաղած է իր մասնագիտութեամբ՝ գիւղատնտեսութեամբ:

Թերթեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աթանէսեան Թիֆլիսի մէջ 1903 թուականին հիմնած ու խմբագրած է նաեւ «Աշխատանք» եւ ապա 1906-1907 թուականներուն «Նոր Աշխատանք» շաբաթաթերթերը:

1909-1917 թուականներուն հիմնած ու խմբագրած է «Գիւղատնտես» հանդէսը, որ եղած է հայկական առաջին գիւղատնտեսական հանդէսը:

Յօդուածներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աթանէսեան «Սալ-Մանէ», «Կայծակ», «Բիձա», «Մե-բիս», «Ստորակէտ» եւ այլ գրչանուններով[3] յօդուածներ հրատարակած է «Մշակ», «Արշալոյս», «Խաթաբալա», «Կայծ» եւ մի քանի այլ պարբերականներու մէջ:

Պատմուածքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմուածքներ ու թերթօններ հրատարակած է «Կարմիր Աքլոր», «Մարտակոչ», «Կարմիր Մոծակ» պարբերականներու մէջ եւս:

Աթանէսեանի յայտնի գործերէն է հայազգի զինուորականներ Լորիս Մելիքովինի եւ Վալերիան Մատաթովին նուիրուած պատկերազարդ յուշամատեանները:

Իր աշխատանքներէն հրատարակուած է՝

  • «Ռուս-տաճկական պատերազմը»,
  • «Գիւղատնտեսի զրոյցները»,
  • «Բանջարաբուծութիւն» եւ այլ գործեր:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Աթանէսեան մեծ աշխատանք տարած է տնտեսութեան բարելաւման գծով. զբաղած է հողամշակութեամբ եւ գիւղացիներուն սորվեցուցած է հողամշակութեան կանոնները եւ անոնց տրամադրած է բոլոր անհրաժեշտ գործիքները:

Աթանէսեան 1926 թուականին քանի մը այլ մտաւորականներու հետ միասին հիմնած է «Հայ գրական ընկերութիւն»ը, որ լուծարուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։