Jump to content

Աշխատանք (թերթ)

Աշխատանք
Աշխատանք
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 4 Յունիս 1916
Երկիր  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Հրատարակման վայր Երեւան

«Աշխատանք», հասարակական-քաղաքական եւ գրական թերթ, եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան պաշտօնաթերթ։ Հրատարակուած է Երեւանի մէջ, 1916-1919-ին, Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, սկիզբը՝ իբրեւ եռօրեայ, իսկ 1919-ին՝ երկօրեայ։ Առաջին համարը լոյս տեսած 4 Մայիս 1916-ին։

Խմբագիրներ՝ Մ. Աւետիսեան, Արամ Մանուկեան, Հմայակ Մանուկեան։

Համարուած է 1909-1915-ին Վանի մէջ լոյս տեսած նոյնանուն թերթի շարունակութիւնը։ Հիմնականին անդրադարձած է արեւմտահայ գաղթականներու ամէնօրեայ հոգերուն ու անոնց վիճակի բարելաւման համար տարուող աշխատանքներուն։ Արտայայտած է դաշնակցականներու տեսակէտները Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վերաբերող հրատապ հարցերուն։ Որոշակի տեղ յատկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական ու տնտեսական անցուդարձին։ Յուշագրաւ նիւթեր հրապարակած է 1915Վանի ինքնապաշտպանութեան եւ Վասպուրականի դէպքերուն մասին։ «Աշխատանք»-ը դադրած է լոյս տեսնել Սեպտեմբեր 1919-ին, ՀՅԴ 9-րդ համագումարէն ետք։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։