Jump to content

Անտրէ Ակասի

Անտրէ Ակասի
անգլերէն՝ Andre Kirk Agassi
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Andre Kirk Agassi
Ծնած է 29 Ապրիլ 1970(1970-04-29)[1] (55 տարեկան)
Ծննդավայր Լաս Վեգաս, Նևադա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր American School of Correspondence?
Մասնագիտութիւն թենիսիստ, ինքնակենսագիր, գործարար և մարզիկ
Անդամութիւն Թենիսի փառքի միջազգային սրահ?
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Շտեֆֆի Գրաֆ?[2]
Ծնողներ հայր՝ Էմանուել Աղասի?[2], մայր՝ Elizabeth Agassi?
Երեխաներ Jaz Elle Agassi? և Jaden Gil Agassi?

Անտրէ Քըրք Ակասի (անգլերէն՝ Andre Kirk Agassi, ծնած` 29 Ապրիլ 1970, Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ), անցեալի վարկանիշով աշխարհի լաւագոյն, արհեստավարժ թենիս խաղացողներէն մէկը։ Ակասի իրանահայ, ասորական եւ ֆրանսական ծագում ունի։ Հինգ տարեկանին ան կը սկսի մարզուելու եւ Ճիմի Քոնորսի ու Ռոսքօ Թաների հետ վարժութիւններու հետեւելու։ Աւելի ուշ, Անտրէի հայրը՝ Էմմանուէլ Ակասին, կ'ընկերանայ Քըրք Քըրքորեանի հետ՝ աշխատելով Քըրքորեանի խաղատուներէն (անգլ.՝ casino) մէկուն մէջ։ Այդ ընթացքին Անտրէ Ակասին իր անուան երկրորդ կամ միջին անունը կը փոխէ Քըրքի։

Տասնչորս տարեկանին Անտրէ կը մեկնի Ֆլորիտա՝ Նիք Պոլեթիերիի թենիսի ակադեմիային մաս կազմելու համար։ Արհեստավարժ թենիս խաղացող կը դառնայ տասնվեց տարեկանին, իսկ 19 տարեկանին կը շահի աւելի քան 2 միլիոն տոլար եւ «Արհեստավարժ Թենիս խաղացողներուն Միութեան» (The Association of Tennis Professionals) վարկանիշին մէջ կը բարձրանայ երրորդ դիրք։ Յետագայ ասպարէզի ընթացքին յաղթանակ կ'արձանագրէ 60 անհատական մրցաշարքերու, նեռարեալ՝ Մեծ սաղաւարտի 8 մրցաշարքերը ու կը դառնայ պատմութեան մէջ «Ոսկի սաղաւարտի» առաջին մրցանակակիրը տղամարդոց մէջ՝ տարբեր տարիներուն յաղթելով «Մեծ սաղաւարտ»ի 4 մրցաշարքերը եւ Ողիմպիական խաղերը։ ԱՄՆ-ի հաւաքականի կազմին մէջ 3 անգամ կը նուաճէ «Տէյվիս բաժակ»ը (The Davis Cup), որ կը նկատուի տղամարդ թենիս խաղացողի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակը։ 1995-2003 թուականներուն 101 շաբաթներու ընթացքին եղած է աշխարհի առաջին թենիսի թակը՝ «ռաքեթը»՝ (անգլ.՝ rackets) 2003 թուականին դառնալով պատմութեան մէջ առաջին թենիս խաղացողը, որ չափահաս տարիքին կը գլխաւորէր «Արհեստավարժ Թենիս խաղացողներուն Միութիւն»-ը (The Association of Tennis Professionals):

Մարզական յաջողութիւններէն անկախ, Ակասին յայտնի է նաեւ իր բարեգործութիւններով։ Ան «Անտրէ Ակասի Կրթական հիմնադրամ»ի, տղոց եւ աղջիկներու մարզական ակումբի եւ Անտրէ Ակասի գոլէճի նախապատրաստական ակադեմիայի հիմնադիրն է (Andre Agassi College Preparatory Academy) եւ «Մարզիկները եանուն յոյսի» (Athletes for Hope) կազմակերպութեան համահիմնադիրը։ Մարդասիրական ոլորտին մէջ իր ծաւալած գործունէութիւնը 2 անգամ արժանացած է Արհեստավարժ Թենիս խաղացողներուն Միութեան (The Association of Tennis Professionals) Արթուր Էշի անուան մրցանակին՝ (ATP Arthur Ashe Humanitarian award) «Բարեգործութեան եւ մարդասիրութեան» համար։ 2011-ին Անտրէ Ակասիի անունը կ'ընդգրկուի թենիսի փառքի միջազգային ցուցակին մէջ՝ հակառակ, որ 2 տարի առաջ Ակասիի մօտ յայտնաբերուած էր մեթամֆետամին «methamphetamine» ստանալուն փաստը։

Անդրէ Ակասին յաջող գործարար է, իր հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէ շինարարական, ճաշարանային եւ հիւրանոցային գործը, անշարժ գոյքի առ ու ծախը, մարզական եւ գիշերային ակումբները։ Առաջին կնոջ՝ դերասանուհի եւ բնորդ Պրուք Շիլտզէն (Brooke Shields) ամուսնալուծութենէն ետք, 2001 թուականին կ'ամուսնանայ հանրայայտ թենիս խաղացող, դասական «Ոսկի սաղաւարտ»ի մրցանակակիր՝ Շթեֆի Կրաֆի (Steffi Graf)-ի հետ, որմէ այժմ ունի 2 երեխայ։

Մանկութիւն Եւ Ընտանիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անտրէ Ակասին ծնած է 1970 թուականի Ապրիլ 20-ին Լաս Վեկաս՝ Նեւատա (Las Vegas, Nevada), դառնալով Էմմանուէլ «Մայք» Ակասիի (Emmanuel "Mike" Agassi) եւ Էլիզապէթ Տետլիի (Elizabeth "Betty" Agassi (née Dudley)) չորրորդ եւ վերջին զաւակը։ Էմմանուէլ Ակասին իրանական, այնուհետեւ Ամերիկեան բռնցքամարտիկ էր, որ ծնած է Թեհրան՝ հայ ընտանիքի մէջ։ Էմմանուէլ մասնակցած է 1948 եւ 1952 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն, ուր ներկայացուցած է Իրանը։ Հայրը՝ Հիւսն Դաւիթ Ակասեանը, ծնած է Քիեւ եւ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ արտագաղթած է Իրան, ուր խուսափելու համար թրքական ջարդերէն փոխած է մականունը Ակասիի, իսկ Մայքի մայրը՝ Նունիան, եղած է թրքահայ։ Որոշ աղբիւրներ, բացի հայկականէն, կը յայտնեն Ակասիի ասորական[3] կամ պարսկական[4] արմատներուն մասին, բայց ո՛չ Անտրէի, ո՛չ ալ իր հօր ինքնակենսագրականին մէջ այդ տարբերակները կը հաստատուին։

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Էմմանուէլ Ակասին ներկայ եղած է թենիսի խաղի եւ շատ սիրած այս խաղը․ երբ տեսնելով թէ ինչպէս Ամերիկեան քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաքելական ծառայութեանը կից թենիսի մարզադաշտին մէջ կը խաղան Ամերիկացի եւ Բրիտանացի զինուորները։ Անոնցմէ մէկը նուիրած է իր տղուն առաջին թենիսի թակը՝ «ռաքեթը»՝ (անգլ.՝ racket), եւ այն ալ քիչ մը ուշ տղուն իր հետ կը տանի ԱՄՆ - Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (USA)։

Ակասի կ'արտագաղթէ ԱՄՆ 1952 թուականի վերջերը. ան կը պահպանէ իր սէրը թենիսի նկատմամբ՝ կը կառուցէ հողէ միաձոյլ թրծաշախաղ (concrete) թենիսի մարզադաշտ իր Լաս Վեկասի (Las Vegas) տան մօտ, ուր կ'ապրէր իր ընտանիքը։ Իր բոլոր զաւակներուն հետ իրենց մանուկ հասակէն ան կը խաղար թենիս․ աղջիկներուն՝ Ռիթայի ու Թամիի եւ աւագ որդւոյն Ֆիլիփի հետ (ապագային Անտրէն իր ընտանիքը կը կոչէ «Թենիսի ֆոնի Թրեփփըր» անունով (Tennis background Trepper) (գերմաներէնով՝ Treppe) (այսինքն՝ Թէնիսի աստիճաններու հեռանկար), բայց ամէնամեծ յաջողութեան հասաւ փոքր զաւակին հետ։ Անտրէի ծնունդին առթիւ Մայքը կը պատուիրէ յատուկ խաղալիք օրօրոցի համար, որ կը ներկայացնէր թէնիսի գնդակը թենիսի թակին հետ։ Հայրը անձնապէս կը մշակէ խաղալիքներ իր տղուն զարգացման համար, որոնք իր տեսանկիւնէն պէտք է ապագային վերջինին օգնէին, որպէսզի աւելի լաւ տիրապետէ թենիսի թակին։ Իսկ երբ Անտրէն կը սկսի քալել, Մայքը իրեն կու տայ թակը ու կը սկսի գնդակները նետել իր ուղղութեամբ։ Չորս տարեկանին տղան արդէն կը տիրապետէր բոլոր հիմնական հարուածներուն, իսկ արդէն վեց տարեկանին ի վիճակի էր ետ մղել հօր բոլոր մատուցած հարուածները։ Քիչ ուշ Մայք կը սկսի մարզել իր բոլոր աւագ զաւակները՝ ինքնագործ (automatic) մատուցումներ տուող մեքենայի միջոցով եւ ստիպելով կրտսեր որդիին մէկ օրուան մէջ երկու հազար հինգ հարիւր գնդակ ետ մղել։ Մայք Անտրէի համար հանդիպումներ կը կազմակերպէր (երբեմն ալ ընկերական խաղեր) յայտնի նոր եւ հին թենիս խաղացողներու հետ, ինչպէս՝ Ռոպպի Ռինկսընը, Ճիմմի Քոնորսը (Jimmy Connors), Իլիէ Նասթասէն, Պեոռն Պորկը (Björn Borg), Հարոլտ Սոլոմոնը (Harold Solomon) նաեւ իր հետ կը տանէր (երկու աւագ երեխաներն ալ՝ Ռիթան եւ Ֆիլիփը) մրցաշարքերուն Սոլթ Լէյք Սիթի (Salt Lake City) եւ Հիւսթըն (Houston), հարիւրաւոր քիլիոմեթրեր հեռու, քանի որ աւելի մօտիկ շրջաններու մէջ պատանեկան մրցաշարքեր չկային։

Տասը տարեկան հասակին Անտրէն կը պարտուի ԱՄՆ-ի պատանեկան մրցաշարքի երկրորդ շրջանին, տասնըմէկ տարեկանին՝ կիսաեզրափակիչին։ Տասնըերեք տարեկանին հայրը զինք կ'ուղարկէ Նիք Պոլլեթիըրիի (Nick Bollettieri) յայտնի թենիսային ակադեմիա Պրէյտընթոն՝ Ֆլորիտա (Bradenton Florida)։ Մայքը արդէն քիչ մը ծանօթ էր Պոլեթիըրիի 60-ական թուականներէն, երբ վերջինը սկսնակ մարզիչ էր․ ան այդ որոշումը կը կայացնէ տեսնելով մարզիչի սաներու յաջողութիւններուն մասին պատկերասփիւռի սփռած հաղորդումը եւ ընդունելով այդ ժամանակի լաւագոյն սաներէն մէկուն՝ Ահարոն Քրիքսթէյնի հօր խորհուրդը։ Իբրեւ արդիւնք կամ հետեւանք Պոլլեթիըրը ո՛չ միայն Անտրէին անվճար տեղ կը տրամադրէ ակադեմիայի մէջ, այլ նաեւ կը մնայ իր մարզիչը մինչեւ 1993 թուական։ Նոր մարզիչը կը վերափոխէ տղուն խաղաոճը:

Անտրէ Ակասին իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը յիշէ, որ ուսման վաղ շրջանին, իր հայրը իրմէ մշտապէս երկու բան կը պահանջէր՝ գնդակին հարուածել ուժգին եւ արագ։[6] Ինքը՝ Մայք Ակասին կը յիշէ, թէ ինչ տպաւորութիւն կը ձգէին իր վրայ ետ ցատկումներէն կանխահաս հարուածները՝ մինչ գնդակի նորէն վար իջնելը այնպիսի վարպետներու մօտ, ինչպիսիք էին Պէօրն Պորկը եւ Իւան Լենտլը։ Ան կը նշէ, որ այդպիսի հարուածներն անխուսափելիօրէն կը պարտաւորեցնէին իրենց մրցակիցները։[7] Արդիւնքը եղաւ այն, որ ան կարողացաւ զաւկին մօտ զարգացնել իւրայատուկ արագութեամբ խաղաոճ. մարզախաղային լրագրող եւ պատմաբան Պատ Քոլինզի նկարագրութեամբ, Ակասին այնպէս կանխահաս կը հարուածէր գնդակին, որ կը թուէր, թէ բինկ-բոնկ կը խաղայ[8]։

Ակասին խաղում է փակ գնդակաթիով, 2006

Մայք Ակասին ինքն ալ հետեւողականօրէն տղուն կը ներարկէր serve-and-volley յարձակողական ոճը, որ կը ներկայացնէ արագ հնարքներ ցանցի մօտ։ Անոր խօսքով, ինքը ծայրայեղ հիասթափուած էր, երբ Նիք Պոլյէթերիի ակադեմիային մէջ Անտրէին եւ միւս սաներուն կը վերամարզէին՝ դարձնելով զիրենք յետին գիծի խաղացողներ։ Ինքը՝ Մայքը կը կարծէր, որ այդ բանը կը փճացնէր իր զաւկին խաղը, բայց Պոլյէթերին հիմնաւորապէս մատնանշեց, որ այդ կերպ խաղալով, Անտրէն յաղթանակ կը տանի իր խաղերուն մէջ։[9] Յետին գիծի խաղաոճը Անտրէի մօտ մնաց մինչեւ իր ասպարէզի վերջը, եւ, ի տարբերութիւն իր հօր, մասնագէտները զայն թերութիւն չէին համարեր[8]։ Ընդհակառակը, Պատ Քոլինզը զայն կը դասէ Անտրէի ոճի ուժեղ կողմերու շարքին։ ESPN կայքին մէջ իր յետին գիծի խաղը կ'անուանեն «շունչ կտրող», նշելով, որ ան տեւական Ուիմպըլտընի մէջ առաջին յաղթողն էր այդ խաղաոճով, իսկ Sports.ru կայքը զինք համեմատելով Ճիմ Քուրիէի հետ՝ կը բնորոշէ որպէս ժամանակակից ոճի նախատիպ[10][11]։

Ակասիի խաղի եւս մէկ ուժեղ կողմ էր պէքհէնտը՝ հարուածը փակ ձեռնաթիակով։ Ան ձեռնաթիակին ձախ ձեռքով տիրապետելու իւրօրինակ ճարպիկութիւն ունէր, որուն շնորհիւ կը կարողանար գնդակը ընդունիլ լաւագոյն տարբերակով եւ հարուածի ժամանակ ամբողջ մարմնով հզօր դարձ իրականացնել[12]։ 13 տարեկանին, արդէն իսկ տիրապետելով գերազանց ֆորհենտի, ան սկսաւ պարապիլ Պոլյէթերիի ակադեմիային մէջ։ Սակայն մարզիչը անոր պէքհէնտը զարգացնելու համար առաւելագոյն ջանքեր գործադրեց եւ աւելի ուշ կ'ըսէր, որ ինք յաջողած է խաղի այդ էլեմենթին մէջ Անտրէն դարձնել լաւագոյն վարպետներէն մէկը։ Անտրէի երկձեռ պէքհէնտը ֆորհէնտի եւ գնդակի նետման հնարքի հետ միասին խաղային ոճի «մասնիկ» բնութագրուեցաւ «Թենիսի Մոնսր»-ին մէջ New Yorker ամսագիրին կողմէ 1996 թուականին[13]։ Ինչպէս ցոյց կու տար այդ վերլուծութիւնը, որ կը հիմնուէր խաղի երեք կարեւորագոյն, չհաշուած նետումը, մէկ խաղացողի օրինակով դիտուող տարրերուն վրայ, Ակասիի խաղին մէջ գործնականօրէն թոյլ տեղեր չկային։ Պատ Քոլինզը կը մէջբերէ Փիթ Սամփրասի խօսքերը․

Երբ Անտրէն լաւ մարզավիճակի մէջ է, յաղթանակի մասին կրնաք մոռնալ։ Ան գործնականօրէն ամէն ինչ կ'ընէ աւելի լաւ, քան որեւէ մէկը:

[8]

Ինքը՝ Քոլինզը Ակասիի խաղային ակնառու որակներու ցուցակին կ'աւելցնէ հարուածները կանխագուշակելու ընդունակութիւնը, շարժումներու համաձայնեցումը եւ յամառութիւնը[8]։

Տաղանդաւոր ըլլալով հանդերձ՝ Ակասիի վարքագիծը, գորդի վրայ եւ անոր սահմաններէն դուրս, հեռու էր անբիծ ըլլալէ։ Ան կը ծաղրէր մրցակիցները եւ կը վիճէր մրցավարներուն հետ։ 1990 թուականին ԱՄՆ-ի Բաց առաջնութեան չեխ Պետր Գորտոյի հետ խաղի ժամանակ ան վիրաւորեց աւստարալիացի մրցադատաւորին, իսկ որոշ ժամանակ անց թքեց անոր ուղղութեամբ։ Վիրաւորանքն աննկատ անցաւ, իսկ բացայայտ թքելը, որ կրնար ամերիկացիի որակազրկման պատճառ դառնալ, ան փութաջանօրէն ներկայացուց որպէս պատահականութիւն եւ առ այդ իրեն թոյլ տուին շարունակել (եւ յաղթել) խաղը, եւ միայն յաջորդ օրը, տեսագրութեան դիտումէն յետոյ ան ենթարկուեցաւ սահմանուած առաւելագոյն տուգանքի[14]։

Փրոֆեսիոնալ 1986 թուականից։ Յաղթած է 60 անհատական մրցաշարք (այդ կարգին Մեծ սաղաւարտի 8 մրցաշար, Մասթերս դասի 17 մրցաշար[15], ՊԹԱ-ի 1 Աշխարհի չեմպիոնատ եւ 1 ողիմպիական խաղեր) եւ մէկ մրցաշար զուգընկերային խաղերու մէջ[16]։ Միանձնեայ խաղերուն մէջ 60 կոչումներէն 46-ը վաստակուած էին «հարտ» կոչուող գորդերուն[15]։

Որպէս Մեծ սաղաւարտի չորս մրցաշարերու եւ ողիմպիական խաղերու յաղթող, Ակասիին տղամարդկանց միանձնեայ խաղերուն մէջ պատմութեան մէջ առաջինը շնորհուեցաւ գործունէութեան «Ոսկի սաղաւարտ» (աւելի ուշ նման արդիւնքի հասաւ նաեւ Ռաֆայէլ Նատալը)[11][17]։

«Մեծ սաղաւարտի» մրցաշարերու լաւագոյն արդիւնքները.

1999 թուականին Ֆրանսայի բաց առաջնութեան մէջ տարած յաղթանակով Ակասին առաջին թենիսիստն էր, որ տարբեր ժամանակներուն յաղթեց «Մեծ սաղաւարտի» բոլոր մրցաշարերուն մէջ երեք տարբեր ծածկոյթներու՝ հարտի, կրունտի եւ խոտի վրայ։ Այդ ձեռքբերումը տասնեակներ անց կրկնեցին Ռոճեր Ֆետերերը, իսկ յետոյ՝ Ռաֆայէլ Նատալը[18]։ Ակասիի առաւել արժէքաւոր ձեռքբերումներէն Աւստրալիայի բաց առաջնութիւններու արդիւնքներն են, ուր ան յաղթած է անընդմէջ 26 խաղերուն[19], ընդհանուր թիւով տարած է 48 յաղթանակ ընդամէնը 5 պարտութիւններու պարագային՝ վաստակելով չորս կոչում։ 2003 թուականի յաղթանակին հասնելով ան մրցակիցներէնն պարտուած է ընդամէնը 19 խաղ[20]։ ԱՄՆ-ի Բաց առաջնութեան ան հանդէս եկած է 21 տարի անընդմէջ[21]։

Յաղթած է ՊԹԱ-ի Աշխարհի առաջնութիւնը 1990 թուականին։ 1996 թուականի ամառնային ողիմպիական խաղերու չեմպիոն մենախաղին։ Յաղթած է Մասթերս դասի մրցաշարերուն մասնակցած 22-էն 17-ի եզրափակիչներուն, այդ կարգին վեցը՝ Մայամիի մէջ, ինչ որ մրցաշարի մրջանիշ կը հանդիսանայ (հետաքրքրական է, որ կանանց շրջանակին մէջ 5 յաղթանակով սահմանած մրջանիշը երկար ժամանակ միանձնեայ կը պահպանէր կինը՝ Շտեֆֆի Կրաֆը)[22]։ Ընդհանուր առմամբ կարիերայի ընթացքին Ակասին յաղթած է 870 մենախաղին՝ պարտուելով 274 (յաղթանակներու 76 %)[21]։ Պահպանած է աշխարհի առաջին թենիսիստի կոչումը (ընդմիջումներով) 1995 թուականի Ապրիլ 10-էն 101 շաբաթներու ընթացքին եւ 2003 թուականի վարկանիշային աղիւսակի առաջին տողին մէջ դարձաւ ամէնատարեց թենիսիստը։ 16 մրցաշրջաններ ան եզրափակեց աշխարհի ուժեղագոյն թենիսիստներու տասնեակին մէջ, կրկնելով Ճիմմի Քոննորսի ռեկորդը[23]։

ԱՄՆ-ի հաւաքականի կազմին մէջ Ակասին երկու անգամ (1990 եւ 1992 թուականներ) յաղթեց տղամարդկանց ազգային հաւաքականներու դասին մէջ հեղինակաւոր թենիսի մրցաշարի՝ Տէյվիսի Բաժակի եզրափակիչներուն։ Մէկ անգամ եւս, 1995 թուականի հաւաքականը յաղթող դարձաւ իր օգնութեամբ, սակայն եզրափակիչին ան վնասուածքի պատճառով չէր խաղար։ Հաւաքականի կազմին մէջ 10 տարիներու ընթացքին նա յաղթեց 30 հանդիպումներուն՝ պարտուելով միայն 5-ը։ Յաղթանակներու թիւով ան կը զիջի միայն Ճոն Մաքինրոյին[21]։

External video
Թենիսի փառքի միջազգային դահլիճ մուտք գործման պատվավոր հանդիսությունը

Ելոյթները աւարտեց 2006 թուականին, գործունէութեան ընթացքում վաստակելով 31 152 975 տոլար[21]։ Գումարի այդ շեմը մինչ օրս կարողացել են գերազանցել միայն Փիթ Սամփրասը, Ռոճեր Ֆետերերը եւ Ռաֆայէլ Նատալը[23]։

2011 թուականին Անտրէ Ակասիի անունը ներառուեցաւ Թենիսի փառքի միջազգային սրահի ցուցակներուն մէջ[17]։ Յաջորդ տարի ան դարձաւ ԱՄՆ բաց առաջնութեան Չեմպիոններու սրահի անդամ. յուշատախտակին վրայ, անոր դիմանկարին կողքին տեղ գտած են Bold, brash and bigger than life (համարձակ, յանդուգն եւ անզուգական) բառերը[24]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Visuotinė lietuvių enciklopedija Online
  2. 1 2 3 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  3. Nicholas Awde, Nineb Lamassu, Nicholas Al-Jeloo "Modern Aramaic (Assyrian/Syriac) Dictionary and Phrasebook", 2007
    «Andre Agassi»։ Persian Mirror: The Modern Magazine for Famous Iranians, Persian Celebrations, Cuisine, Culture & Community։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 23–ին
  4. John Tehranian "Whitewashed: America's Invisible Middle Eastern Minority". {{{заглавие}}}. — New York University Press. — P. 74.
  5. (հայերեն) Անդրե Աղասի, 2024-03-23, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%B6%D5%A4%D6%80%D5%A5_%D4%B1%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%AB&oldid=9613208, վերցված է 2025-09-07
  6. Agassi, 2009, էջ 27
  7. Cobello, 2004, էջ 93
  8. 1 2 3 4 Bud Collins. (2010 թ․ ապրիլի 28)։ «Andre Agassi turns 40» (անգլերեն)։ BudCollinsTennis.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 11–ին
  9. Cobello, 2004, էջեր 110-111
  10. Татьяна Митасова. (15 декабря 2010)։ «Они закончили. М»։ Sports.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 11–ին
  11. 1 2 Ravi Ubha. (2011 թ․ հուլիսի 8)։ «Andre Agassi's top 10 moments» (անգլերեն)։ ESPN։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 11–ին
  12. Nick Bollettieri. (2005)։ «Building the Agassi Backhand» (անգլերեն)։ Tennisplayer.net։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 11–ին
  13. «Теннисный монстр»։ Sports.ru։ 5 сентября 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 11–ին
  14. Michael Janofsky. (1990 թ․ սեպտեմբերի 2)։ «In Wake of Fine, Agassi Coasts»։ Նյու Յորք Թայմս (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 15–ին
  15. 1 2 Статистика матчей на сайте ATP (անգլերէն)
  16. Титулы и финалы на сайте ATP (անգլերէն)
  17. 1 2 Рустам Шарафутдинов. (10 июля 2011)։ «Репутация сыграла за Агасси»։ Газета.Ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 7–ին
  18. «Who were the most successful champions on each surface?» (անգլերեն)։ The Grand Slam Tennis Archive։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 7–ին
  19. «Agassi proves beatable in Melbourne» (անգլերեն)։ Associated Press։ 2004 թ․ հունվարի 29։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 30-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 21–ին
  20. «Great AO Champions» (անգլերեն)։ [Australian Open։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 30-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 21–ին
  21. 1 2 3 4 Основные вехи карьеры на сайте АТР(անգլերէն)
  22. «Records and Stats» (անգլերեն)։ Miami Sony Open Tennis։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 30-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 21–ին
  23. 1 2 «Andre Agassi» (անգլերեն)։ International Tennis Hall of Fame and Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 22–ին
  24. Adena Andrews. (2012 թ․ սեպտեմբերի 9)։ «Andre Agassi joins Court of Champions» (անգլերեն)։ ESPN։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ նոյեմբերի 12–ին