Jump to content

Անի Ֆիշենկճեան

Անի Ֆիշենկճեան
Ծննդավայր Հալէպ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն Պատմական գիտութիւններու թեկնածու
Աշխատավայր Ուսուցչուհի, Աւագ գիտաշխատող
Ծնողներ Աւետիս Ֆիշենկճեան եւ Եղիսաբէթ Ֆիշենկճեան-Եաղճեան

Անի Ֆիշենկճեան, արմատներով Սեբաստացի, ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեան:

Անի Ֆիշենկճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական վարժարանէն: Միջնակարգ եւ երկրորդականը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։

Ներկայիս կ’ապրի Երեւան։ Կ'աշխատի որպէս գիտաշխատող՝ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի (Ինստիտուտ) ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ Սփիւռքի եւ գաղթօճաներու բաժինի։

Ուսումնական շրջան՝ Լիբանան եւ Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991-1994 Անի Ֆիշենկճեան մեկնած է Լիբանան եւ հետեւած՝ Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի եռամեայ դասընթացքներուն (պատմագիտական բաժանմունք):

1997-1998 Անի Ֆիշենկճեան ուսումը կատարելագործած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս եւ 1998-ին արժանացած Դիպլոմին (աւարտաճառի նիւթ` «Սուրիահայ մամուլը 1920-էն-1980-ական թուականներուն» անտիպ):

2004 թ. Անի Ֆիշենկճեան արժանացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի կոչումին /ատենախօսութեան թեման՝ Սուրիոյ հայ համայնքը 1946-1971/:

Ուսուցչական ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1981-1991 թթ. Անի Ֆիշենկճեան ուսուցչական պաշտօն վարած է Հալէպի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն /նախակրթարան/ եւ 1994-2014 թթ.՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, որպէս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի /միջնակարգ-երկրորդական/։

1996-2003, 2004-2014 թթ.Անի Ֆիշենկճեան հայոց պատմութեան դասատու՝ Համազգային Հալէպի Հայագիտական ուսումնարանի։

Ներկայիս Անի Ֆիշենկճեան կը պաշտօնավարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի եւ Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր դպրանոցին մէջ:

Հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեանի մենագրութիւն հատորը՝ «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970թթ.» նուիրուած է Սուրիոյ անկախացումէն ետք, 1946-1970 թթ., ինկած ժամանակաշրջանի հայ համայնքի պատմութեան: Տուեալ թուականներուն, Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ունի գիտական, քաղաքական մեծ կարեւորութիւն եւ այժմէականութիւն։ Մենագրութիւնը նախատեսուած է պատմաբաններու եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար։

«Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970թթ.», հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2018, 344 էջ (Ա-5) (արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով, Ֆիշենկճեան ընտանիքի եւ Հերմինէ Պարսումեանի ու անոր որդիին` Տիգրանի միջոցներով եւ նուիրուած է հեղինակին հօր` Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին:

Գիրքը ունի շարունակութիւն։ 2016 թ․ ՀՀ ԳԱԱ ՊԻ գիտխորհուրդի եւ Սփիւռքի եւ գաղթօճաներու բաժինին կողմէ հաստատուած է Սուրիոյ հայ համայնքի1971-2011 թթ․ ինկած ժամանակահատուածի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը։ Թեման մեծաւ մասամբ ուսումնասիրուած է․շարադրանքը արդէն սկսած ենք, բայց թէ երբ կը հրապարակուի ոչինչ կրնամ ըսել։
- Հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեան


«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ 1946-1970 թթ.» գիրքի շնորհահանդէսը Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հեղինակ՝ Անի Ֆիշենկճեանի «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան շնորհահանդէսը:

18 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեանի, Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը, սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի գիտաշխատող պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեանի համանուն գիրքին:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Յուշամատեան Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 1919-2009, Հալէպ, 2010, 440 էջ:
  • Գրական արեւմտահայերէնի պատմութեան ուսումնասիրութիւն /համահեղինակ/ Երեւան, 2016։
  • Արեւմտահայերէնի արդի վիճակը հայկական գաղթօճախներում (Արեւմտեան Եւրոպա), /համահեղինակ/, Երեւան, 2017։
  • «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը (1946-1970 թթ.)», Ա. Ֆիշենկճեան.- Եր.։ Հեղ. հրատ., 2018- 344 էջ (37 նկար, 6 փաստաթուղթ, 2 քարտէս)։
  • Արեւմտահայերէնի քերականութեան պատմութիւն (Յետայտնեանական շրջան)/ Ա. Ա. Ֆիշենկճեան, Եր.։ Ասողիկ, 2018.- 156 էջ:

Յօդուածներ ստորագրած է․

  • «Կանթեղ» գիտական յօդուածներու ժողովածու, Երեւան, 2003, թիւ 1; 2003, թիւ 3։
  • Հալէպի Հայ Ծերանոց պարբերականի 2003 թ. բացառիկ։
  • «Շաւիղ» Ա. Ք. Ե. Ճեմարանի պարբերաթերթ, Գ. տարի, Հալէպ, 2002; Դ. տարի, 2004; Ե. տարի, 2005։
  • «Երթ» սուրիահայ տարեգիրք, Բ. հատոր, Հալէպ, 2006,
  • «Տաթեւ» հայագիտական տարեգիրք, Ա.հատոր,Հալէպ,2008,
  • «Բանբեր Հայաստանի արխիւներու», N 2 (102), Երեւան,2003; N 2 (106), 2005,
  • «Պատմաբանասիրական Հանդէս» 2017 թ., «Հանդէս Ամսօրեայ», 2018,
  • «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ բացառիկներուն /2017-ին նաեւ/,
  • Երեւանի “Մոմիկ” Մշակութային միութեան «Հայ Արուեստ»-ին մէջ: