Jump to content

Անժելինա Ճոլի

Անժելինա Ճոլի
անգլերէն՝ Angelina Jolie
Անժելինա Ճոլին 2014 թվականին
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Angelina Jolie Voight
Ծնած է 4 Յունիս 1975(1975-06-04)[1][2][3][…] (50 տարեկան)
Ծննդավայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ և  Քամպոտիա
Մայրենի լեզու ամերիկեան անգլերէն և անգլերէն
Կրօնք Կաթոլիկ (դաւանանքին չհետեւող)
Ուսումնավայր Բևեռլի Հիլզ բարձրագույն դպրոց?, Նիւ Եորք Համալսարան, Սթրասպուրկի Թատրոնի եւ Շարժապատկերի Հիմնարկ և Tappan Zee High School?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Angelina Jolie filmography?, Ջիա?, Ընդհատված կյանքը? և Փոխարինում?
Մասնագիտութիւն նորաձեւութեան կերպար, դերասանուհի և բարեգործ
Աշխատավայր Եունիսեֆ
Վարած պաշտօններ UNHCR Goodwill Ambassador?[5]
Անդամութիւն Clinton Foundation?, U.S. Committee for Refugees and Immigrants? և Council on Foreign Relations?
Ամուսին Ջոնի Լի Միլլեր?, Բիլի Բոբ Թորնթոն? և Բրեդ Փիթ?
Ծնողներ հայր՝ Ջոն Վոյթ?, մայր՝ Մարշելին Բերտրան?
Երեխաներ Shiloh Jolie?, Knox Jolie-Pitt?, Vivienne Jolie-Pitt?, Maddox Jolie-Pitt.?, Zahara Jolie-Pitt? և Pax Jolie-Pitt?
Ստորագրութիւն

Անժելինա Ճոլի Փիթ (4 Յունիս 1975(1975-06-04)[1][2][3][…], Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]), առաւել յայտնի իբրեւեւ Անժելինա Ճոլի, Ամերիկացի դերասանուհի, արտադրող եւ մարդաբան։ Արժանացած է Օսքար մրցանակի, Ոսկեայ գնդակ մրցանակի (3 անգամ) եւ ԱՄՆ դերասաններու միաբանութեան մրցանակի (2 անգամ)։ 2014-ին ստացած է Ճին Հերշոլտի անուան մրցանակը:

Զբաղուած է բարեգործութեամբ, ՄԱԿ-ի բարի կամքի դեսպանն է։ Հոլիվուտի ամէնաբարձր վարձատրուող դերասանուհիներու՝ Forbes ամսագրի կազմած ցանկին մէջ ընդգրկուած է 2009-ին[6], 2011-ին[7] եւ 2013-ին[8]: Բազմիցս անուանուած է աշխարհի ամէնագեղեցիկ կին եւ մշտապէս գտնուած է մամուլի ուշադրութեան կենդրոնը[9][10][11][12]:

Ճոլիի հօր՝ Ճոն Վօյթի հետ նկարահանուած է «Ելք իրավիճակէն» տեսաժապաւէնին (1982-ին) մէջ, սակայն անոր դերասանական ասպարէզը սկսած է անկէ տասը տարի ետք, երբ ան կը նկարահանուի «Սայպորկ 2: Ապակիէ ստուերը» (1993-ին) փոքրամթերք տեսաժապաւէնին մէջ։ Ճոլին իր առաջին յաջող դերը խաղացած է «օրէնսգիրքերը» (1995-ին) տեսաժապաւէնին մէջ։ Ան նաեւ նկարահանուած է քննադատներու կողմէ բարձր գնահատականքի «Ճորճ Ուալըս» (1997-ին) եւ «Ճիա» (1998-ին) տեսաժապաւէններուն մէջ, «Օսքարի» արժանացած է «Ընդհատուած կեանքը» (1999-ին) տեսաժապաւէնին մէջ կատարած երկրորդական դերին համար։

Անժելինա Ճոլին համաշխարհային ճանաչման արժանացաւ յատկապէս «Լարա Քրոֆթ.Դամբարաններ թալանողը» (2001-ին) տեսաժապաւէնին մէջ տեսերիզի խաղերու հերոսուհի Լարա Քրոֆթի դերը կատարելէն ետք, իսկ տեսաժապաւէնի շարունակութեան մէջ («Լարա Քրոֆթ. Դամբարաններ թալանողը 2. Կեանքի օրօրոց», 2003-ին) նկարահանուելէն ետք կը հանդիսանայ Հոլիվուտի ամէնաբարձր վարձատրվուող դերասանուհիներէն մէկը[13]: Յետագային ան նկարահանուած է մեծ յաջողութիւն ունեցած այնպիսի տեսաժապաւէներու մէջ, ինչպիսիք են՝ «Միսթր եւ միսիս Սմիթ» (2005), «Ծայրայեղ վտանգաւոր է» (2008), «Սոլթ» (2010-ին) եւ «Զբօսաշրջիկը» (2010-ին), որոնք համաշխարհային վարձոյթին մէջ կը վաստակին համապատասխանաբար $478 միլիոն, $341 միլիոն, $293 միլիոն եւ $278 միլիոն[14]: «Փոխարինում» (2008-ին) տեսաժապաւէնի շնորհիւ արժանացած է «Օսքարի», կնոջ լաւագոյն դերակատարման համար։

2011-ին Ճոլին նկարահանած է «Արեան եւ մեղրի սահմանագծին» տեսաժապաւէնը՝ հանդէս գալով որպէս տեսաժապաւէնի գրողը եւ արտադրողը:

Անժելինա Ճոլին ներկայիս կ'ապրի դերասան Պրաետ Փիթի հետ։ Անոնք կը դաստիարակեն իրենց վեց երեխաները, որոնցմէ երեքը իրենց կենսաբանական երեխաներն են, իսկ միւս երեքը՝ որդեգրուած։

Վաղ Կեանք Եւ Ընտանիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անժելինա Ճոլին ծնած է Քալիֆորնիայի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, դերասաններ Ճոն Վոյթի ու Մարշելին Պերտրանի ընտանիքին մէջ։ Ան դերասան Ճեյմս Հէյնզի քոյրն է, երգիչ-երգահան Չիփ Թեյլըրի ազգականը, դերասաններ Մաքսիմիլիան Շելլի ու Ժաքլին Բիսետի սանիկը։

Անժելինա Ճոլիի ծնողները ամուսնացած են 1976-ին, որմէ ետք Ճոլին ու անոր եղբայրը կ'ապրէին իրենց մօր հետ։ Վերջինս կը ձգէ իր դերասանական ասպարէզը եւ կը նուիրուի երեխաներու դաստիարակութեան[15]: Ճոլին յաճախ կը նայէր իր մօր մասնակցութեամբ տեսաժապաւէներուն եւ իր մէջ հետաքրքրութիւն կ'առաջանար դերասանական արուեստի նկատմամբ։ Ան կը պնդէր, որ իր հօր ասպարէզը ոչ մէկ ազդեցութիւն չի գործեր իր վրայ[16]: Երբ Անժելինան վեց տարեկան էր, անոր մայրն ու խորթ հայրը ընտանեօք կը տեղափոխուին Նիւ Եորք[17], սակայն հինգ տարի ետք կը վերադառնան Լոս Անճէլըս։ Այդ ժամանակ Ճոլին արդէն որոշած էր, որ պիտի դառնար դերասանուհի եւ պիտի սկսէր յաճախել Սթրասպըրկի տեսաժապաւէնի ու թատրոնի հիմնարկը, ուր ան կը սորվէր երկու տարի եւ կը մասնակցէր շարք մը բեմադրութիւններու։

Ճոլին կը ձգէ ուսումը ու կ'ուզէ դառնալ յուղարկաւորութիւններ կազմակերպող։ Ան ինքզինք ճնշուած կը զգար եւ այդ զգացումը ոչ սովորական արտաքինի, նիհարութեան ու հին հագուստ հագնելու պատճառով էր։ Ասոնց աւելցաւ նաեւ այն, որ անյաջողութեամբ աւարտեցան կերպար դառնալու փորձերը։ Այս շրջանին Ճոլին կը հագնէր բացառապէս սեւ հագուստ, մազերը ներկած էր կարմիր, հանդիպած էր մէկ տղայի հետ։ Այդ ժամանակ Ճոլին յաճախ դանակով վերքեր կը հասցնէր ինքն իրեն: CNN հեռատեսիլէն տուած հարցազրոյցին ան ըսած էր. «Ես դանակներու հաւաքածոյ ունիմ, եւ իմ շուրջս միշտ անոր նման իրեր կան: Որեւէ պատճառով սեփական մարմնին վէրքեր հասցնելու ծէսը եւ ցաւ զգալը, հաւանաբար, ինքն իրեն կենդանի ու ազատ զգալը բուժում էր ինձ համար»[18]: Այդ տղային հետ յարաբերութիւններու աւարտէն երկու տարի ետք, ան տուն կը վարձէր մօր տունէն քիչ մը հեռու։ Ան կ'աւարտէ դպրոցը, կը շարունակէ յաճախել թատերական արուեստի դասերու։ Այդ տարիներուն մասին ան ըսած է. «Հոգիիս խորքը ես դաջուածքներով երեխայ եմ եւ միշտ կը մնամ այդպիսին»:[19]

Ճոլին քանի մը անգամ ինքնասպանութեան փորձ կատարեց[20]: Ան նաեւ սկսած է օգտագործել տարբեր թմրանիւթեր ու 20 տարեկանին արդեն փորձած էր ամէն հասանելի թմրանիւթ, այդ կարգին՝ հերոյին[21]:

Անժելինա Ճոլին յայտնի է հօր՝ Ճոն Վոյթի նկատմամբ անբարեացակամ վերաբերմունքով։ Ճոլին միշտ կը մեղադրէր հայրը՝ կնոջը դաւաճանելու ու ընտանիքը ձգելու համար։ Հակառակ անոր, որ Ճոլին փորձած էր վերականգնել յարաբերութիւնները հօր հետ. ան հօրը հրաւիրած է մասնակցելու «Լարա Քրոֆթ. դամբարաններ թալանողը» (2001-ին) տեսաժապաւէնի նկարահանման, ուր Ճոլին կը խաղար գլխաւոր դերը։ Սակայն նկարահանման ընթացքին անոնց միջեւ քանի մը անգամ վէճեր եղան, որմէ ետք Ճոլին կը հրաժարի իր հայրը համարել: 2002-ին կէսերուն Անժելինա Ճոլի կը ներկայացնէ իր պաշտօնական հրաժարումը իր հօր մականունէն[22]: Նոյն տարուայ մէջ Ճոն Վոյթը մամուլի մէջ կը յայտարարէ, թէ Անժելինան հոգեկան լուրջ խնդիրներ ունի[23]: 2004-ին հարցազրոյցի ժամանակ Ճոլին ըսած է, որ չի ցանկար շարունակել շփուիլ իր հօր հետ[23]: Սակայն Յունուար 27, 2007-ին մօր մահէն ետք Ճոլին վեց տարուայ ընդմիջումէն ետք կը վերսկսի հօր հետ շփումը[24]:

Վաղ աշխատանքը. 1982, 1991–1997

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

7 տարեկան հասակին Ճոլին փոքրիկ դեր կատարած էր «Ելք իրավիճակէն» (1982) տեսաժապաւէնին մէջ, որու գրողը, համահեղինակն ու դերակատարներէն մէկն էր հայրը։ 16 տարեկանին Ճոլին մասնակցած է բազմաթիւ լսումներու, սակայն անոր տակաւին չեն տար՝ յաճախ պատճառաբանելով, թէ աղջիկը «չափազանց մռայլ» է"[20]:

Ճոլին՝ որպէս նորաձեւոթեան տիպար, սկսած է աշխատիլ 14 տարեկան հասակին։ Աշխատած է Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի մէջ։ Բացի այդ՝ ան նկարահանուած է նաեւ երաժշտական շարք մը տեսահոլովակներու մէջ, այդ կարգին՝ Լենի Քրաուիցի «Stand By My Woman» (1991), Meat Loaf-ի «Rock’n’Roll Dreams Come Through» (1993), The Lemonheads-ի «It's About Time» (1993) եւ այլն, որմէ ետք 16 տարեկան հասակին վերադարձած է թատրոն։ Մօտաւորապէս այդ ժամանակ ալ անոր եղբայրը՝ Ճեյմս Հեյվընը, սկսած է յաճախել տեսաժապաւէնի դպրոց (USC School of Cinematic Arts)։ Անժելինան խաղցած է եղբօր ուսանողական 5 բեմադրութիւններուն մէջ։ Following a supporting role in the independent film Առանց վկաներու (1995) տեսաժապաւէնին մէջ երկրորդական դերէն ետք Ճոլին նկարահանուած է իր առաջին հոլիվուտեան տեսաժապաւէնին մէջ, կատարելով Քեյթ Լիպիի դերը Գոտահէնները (1995) տեսաժապաւէնին մէջ։ The New York Times թերթը գրած է. "Քեյթը (Անժելինա Ճոլի) առանձնանած է: Այդ պատճառով է որ ան իր հետ նկարահանուողներէն աւելի բարկացկոտ է եւ ան այն եզակի կին գոտահէնն է, ուր իր ստեղնաշարէն առաջ կենդրոնացած նստած է կիսաթափանցիկ վերնազգեստով: Տեսաժապաւէնի պիւտճէթային ցուցադրութիւնը ձախողեցաւ, սակայն այն մեծ ճանաչում գտաւ տեսերիզի թողարկումէն ետք[25]: Այս տեսաժապաւէնի նկարահանման ժամանակ Ճոլին ծանօթացած է Բրիտանացի դերասան Ճոնի Լի Միլլըրի հետ, որ մէկ տարի ետք դարձած է Ճոլիի առաջին ամուսինը:

1996 Ճոլին նկարահանուած է Իտալական սիրահարները կատակերգութեան մէջ, որ Ռոմէօ եւ Ժուլիէթի պատմութեան ժամանակէն տարբերակն է. այս անգամ վէճը Նիւ Եորքի մէջ վերաբնակուած իտալացի երկու հակառակորդ ճաշարաններու ընտանիքներու միջեւ է: Անապատի արեւը (1996) տեսաժապաւէնի մէջ Ճոլին խաղցած է երիտասարդի մը կինը ու սիրահարուած է Տենի Էլիոյին, միջին տարիքի մարդու մը հետ, ուր սիրահարուած է անոր մօրը ու կը մարմնաւորէ անոր Արչերը: Նոյն տարին Ճոլին մարմնաւորած է Մարկրիթ Սադովսկիին Կեղծ կրակ տեսաժապաւէնին մէջ:

1997 թուականին Ճոլին Տեւիտ Դուխովնիի հետ նկարահանուած է «Պատկերել Աստուծոյ» տեսաժապաւէնին մէջ։ Տեսաժապաւէնը քննադատներուն կողմէ դրական արձագանգի չարժանացաւ. Ռոճըր Էբըրտը նկատեց, որ «Անժելինա Ճոլին.... ջերմութիւն գտած է այնպիսի դերերու ծէջ, որ սովորաբար դժուար են ու ջղային, ան կը թուէ չափազանց գեղեցիկ Պլոսըմի ընկերուհին ըլլալու համար եւ գուցէ այդ իսկապէս այդպէս է»"[26]: Ճոլին նաեւ յայտնուած է Իսկական կինը (1997) հեռուստատեսային ժապաւէնին մէջ, որ նկարահանուած է Ամերիկայի արեւմուտքը։ Նոյն տարին ան նկարահանուած է Rolling Stones-ի "Anybody Seen My Baby?" երաժշտական տեսահոլովակին մէջ:'

Առաջընթաց Եւ Ճանաչում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորճ Ուալըս (1997) հեռուստատեսային տեսաժապաւէնին մէջ մասնակցութեան համար Անժելինա Ճոլին արժանացած է Էմմի հեռուստատեսային մրցանակին, ինչպէս նաեւ ստացած է Ոսկի Գնդակի մրցանակը: Տեսաժապաւէնը ջերմօրէն ընդունուած է հեռուստաքննադատներու կողմէ, որու շնորհիւ ստացած է Ոսկի Գնդակի մրցանակը լաւագոյն արտադրուած տեսաժապաւէն հեռուստատեսութեան համար: Ճոլին այնտեղ խաղցած է Ալապամա նահանգի նահանգապետ Ճորճ Ուալըսի երկրորդ կնոջ՝ Քորնելիայի դերը։

Ճիշդ յաջորդ տարին հեռարձակուած է եւս կենսագրական տեսաժապաւէն՝ Ճիա վերնագրով։ Այնտեղ Ճոլին կատարած է Ճիա Մարի Գարանջիի դերը, որ 1970-ականներու ճանչցուած կերպարներէն էր։ Ճոլին բազմիցս յամառօրէն մերժած էր այդ դերը, պատճառաբանելով, որ Ճիան իրեն շատ կը նմանի։ Ճիան տխրահռչակ էր անոր հետ, որ հակում ունէր թմրադեղերու նկատմամբ, միասեռական էր եւ վաղաժամ մահացած էր ՄԻԱՎ-էն։ Այդ տեսաժապաւէնին համար Ճոլին երկրորդ տարին անընդմէջ շահած է Ոսկի Գնդակ մրցանակը։

Ինչպէս ինքը կը խոստովանի, այդ դժուար ու յոգնեցուցիչ նկարահանումներէն ետք դերասանուհիին ժամանակ անհրաժեշտ էր հանգստանալու համար։ Ճոլին տեղափոխուած է Նիւ Եորք, ուր Նիւ Եորքի համալսարանի մէջ կը յաճախէր գրողի դասընթացներու։ Այնուհետեւ Անժելինան մեծ յաջողութիւններ ունեցած քանի մը տեսաժապաւէներու մէջ (նախ եւ առաջ, անոնք Սիրոյ փոփոխականութիւնը եւ Վախի ուժը տեսաժապաւէներն են՝ Տենզել Ուաշինկթընի հետ, որոնք համաշխարհային վարձոյթին մէջ 151 միլիոն տոլար ծախսեցին:

Անժելինա Ճոլիի մերժած դերերէն է Օտար Յարութիւն տեսաժապաւէնի մէջ Սայպըրկի դերը, ինչպէս նաեւ Չարլիի հրեշտակները:

Անժելինա Ճոլին եւ Պրեդ Փիթը Քաննի մրցանակաբաշխութեանը

Սակայն ամէն ինչ բոլորովին վերջացաւ այլ կերպ։ Տեսաժապաւէնը դարձաւ Անժելինա Ճոլիի «յաղթանակը»: Ան կը խաղար անսանձ ապստամբ Լիզա Ռաշի դերը։ Այդ դերով ան ստացաւ իր երրորդ Ոսկի Գնդակը, ԱՄՆ-ի տեսաժապաւէնի դերասաններու կիլտիայի մրցանակը, եւ վերջապէս, Օսքըր, Օսքըր երկրորդ բլանի լաւագոյն դերասանուհիի համար անուանակարգին մէջ։ Բոլոր կինոքննադատները կը ծափահարէին Անժելինա Ճոլիին, որ կարճ ժամանակի ընթացքին իսկական աստղ կը ճանչցուի Հոլիվուտի մէջ:

Ընդհատուած կեանքը տեսաժապաւէնի հսկայական յաջողութենէն ետք, Ճոլիին թոյլ տրուած է նկարահանուիլ: Մարտատեսաժապաւէնի մէջ, ուր ան առանձնապէս հնարաւորութիւն չունէր ցուցադրելու իր տրամադիկ տաղանդը։ Սակայն տեսաժապաւէնը մեղմ յաջողութիւններ ունեցաւ, յատկապէս ֆինանսական առումով, հաւաքելով աւելի քան 230 միլիոն տոլար։

Անժելինա Ճոլին համարուած է ամէնաշատ դաջուածքներ ունեցող յայտնի մարդոցմէ մէկը: Անոր մարմինը զարդարած են 20 դաջուածքներ՝

  • մեծ սեւ խաչ ձախ ազդրի վերնամասին վրայ,
  • պորտէն ցած տեղակայուած է լատիներէն արտահայտութիւն «Quod me nutrit me destruit», որ թարգմանուած է քանի մը տարբերակով 1) բառացիօրէն՝-«Ինչ որ ինձ կը փորձէ, այդ ալ ինձ կը սպաննէ», 2) «Այն ինչ ինձ ուժ կու տայ, միեւնոյն ժամանակ կը թուլացնէ ինձ,
  • «H» տառը ձախ դաստակի վրայ։ Դերասանուհիի խօսքով, այդ իր եղբօր՝ Ճեյմս Հեվընի պատուին է,
  • մէջքի ներքեւի հատուածին վրայ ուղղակի մեծ ասիական վագր, ինչպէս նաեւ տարբեր նախշեր
  • Պուտտայական պաշտպանիչ հմայեակ, որու թարգմանութիւնը կը հնչէ ինչպէս կախարդներ

«թող քու թշնամիները լքեն քեզ, եթէ դուն հասնիս հարստութիւններու, թող անոնք միշտ մնան քեզ հետ, թող քու գեղեցկութիւնը ըլլայ ինչպէս հագուստի գեղեցկութիւնը, ուր ալ որ երթաս, թող շատերը քեզի հետեւին ծառայելով եւ պաշտպանելով քեզի»

  • «Know Your Rights» բառը (իմացիր քու իրաւունքները) վիզի հատուածին մէջ,
  • աջ ձեռքի ներսի հատուածին մէջ արամական բառ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «կամք»: Այս դաջուածքը եղած է, որպէսզի փակուի մէկ ուրիշը, որ Ճոլին կրած է նախկինէն, իր նախկին ամուսնոյն՝ Պիլլի Բոբի հետ եղած ժամանակ:

Դերակատարումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարեթիւտեսաժապաւէնի անունԲնօրինակի անուանումԴերԺանրԱրտադրողԽաղընկերներ
1982Ելք իրավիճակէնLookin' to Get OutՏոշ՝ Փաթիի դուստրըԿատակերգութիւնՀել ԷշբիՃոն Վոյթ
1993Սայպըրկ 2: Ապակիէ ստուէրCyborg 2Քըսիլիա 'Քեշ' ՌիզՀոյակապ տեսաժապաւէն,
Մարտաժապաւէն
ՄԱյքըլ Շորդըր
1993Անժելան եւ ՎիրիլըAngela & VirilԱնժելինաԿարճ տեսաժապաւէն,
Տրամա
Սթիվըն Շեյնպըրկ
1995ԾոնդիչներըHackersՔեյթ Լիպի / 'Այրող թթու'սարսափազդու,
Քրէական տեսաժապաւէն
Յեն Սոֆլի
1995Առանց վկաներուWithout EvidenceՃոտի Սվերինճընսարսափազդու,
Տրամա
Գիլ Տենիս
1996Իտալական սիրահարներըLove Is All There IsՃինա ՄալասիսիՏրամա,
Կատակերգութիւն
Ժոզեֆ Բալոնիա,
Ռենե Թեյլըր
1996Կեղծ կրակFoxfireՄարկարիթ 'Ոտքեր' ՍադովսկիՏրամաԱննե; Հէյվութ-քարթըր
1996Անապատի արեւըMojave MoonԷլիանոր 'Էլլի' ՌիգպիՏրամա,
Կատակերգութիւն
Քեւըն Դաուլինկ
1997Իսկական կիներTrue WomenՃորճիա Վըրճինիա Լաշվե Վուտտրամա,
Արեւմտեան,
կենսագրական Տեսաժապաւէն
Քարըն Արթը
1997Ճորճ ՈւալլըսGeorge WallaceՔորնելիա ՎալըսՏրամա,
կատակերգական տեսաժապաւէն
Ճոն Ֆրանքենհայմըր
1997Պատկերող ԱտուածPlaying Godքլէրսարսափազդու,
ոճրային տեսաժապաւէն
Էնտի ՈւիլսոնՏեյուիտ Տուխովնի,
Փիթըր Սթորմարէ
1998ՃիաGiaՃիա Մարի ԳարանջիՏրամա,
կատակերգական տեսաժապաւէն
Մայքըլ Քրիստոֆըր
1998Դժոխային խոհանոցHell's KitchenԿլորիա ՄակնիէրիՏրամա,
Ոճրային տեսաժապաւէն
Թոնի ՉինչիրիփինիՌոզաննա Արկըտ
1998Սիրոյ փոփոխականութիւնըPlaying by HeartՃոանՏրամա,
Կատակերգութիւն
Ուիլիարդ ՔերոլՇոն Քոննըրի,
Ճիւլիան Անտըրսըն,
Ռայըն Ֆիլիփ
1999Կառավարելով թռիչքներըPushing TinՄերի ՊէլՏրամա,
Կատակերգութիւն
Մայքըլ ՆիւելՃոն Քիւսըք,
Պիլի Բոբ Տորնթըն,
Կէյթ Պլանշետ
1999Վախի ուժըThe Bone CollectorԱմիլիա ՏոնաթիՍարսափազդու,
Տրամա,
Ոճրային տեսաժապաւէն
Ֆիլիբ ՆոյսՏենզել Ուաշինգթըն
1999Ընդհատուած կեանքըGirl, InterruptedԼիզա ՌոյսՏրամա,
կատակերգական տեսաժապաւէն
Ճեյմզ Մելգորդ]Ֆիոնա Ռայդըր,
Ֆիպի Գոլդբըրկ
2000Առեւանգել 60 վայրկեանի մէջGone in Sixty SecondsՍեռա Վայլընդոճրային,
Մարտատեսաժապաւէն,
ոճրատեսաժապաւէն
Տոմինիք ՍենաՆիքոլաս Կեյճ
2001Լարա Քրոֆթ. Դամբարաններ թալանողըLara Croft: Tomb RaiderԼարա ՔրոֆթԵրեւակայական,
Մարտատեսաժապաւէն,
Արկածային տեսաժապաւէն
Սայմոն ՈւեսթՃոն Վոյթ
2001ՀրապուրանքOriginal SinՃուլիա Ռէյսըլ, Պոնի ՔեյսըլՏրամաՄայքըլ ՔրիստոֆըրԱնթոնիո Պանտերաս
2002Կեանք, կամ անոր նման բանLife or Something Like ItԼենի ՔերիկընԿենսագրութիւն,
Տրամա
Սթիւըն Հերըկ
2003Կնոջ առեւտուրTrading WomenպատմողՓաստագրական տեսաժապաւէնՏեէւիտ Ա. Ֆեյնգոլտ
2003Լարա Քրոֆթ. Դամբարաններ թալանողը 2. Կեանքի օրորոցLara Croft Tomb Raider: The Cradle of LifeԼարա ՔրոֆթԵրեւակայական,
Մարտատեսաժապաւէն,
Արկածային տեսաժապաւէն
Յան տէ ԲոնտԿերըրդ Պաթլըր]]
2003Եզրագծէն այն կողմBeyond BordersՍառա ՃորտընՏրամա,
Արկածային տեսաժապաւէն,
Ռազմական տեսաժապաւէն
Մարթին Քեմբլ
2004Վերցնելով կեանքըTaking LivesԻլիէնասարսափազդուտի Ճեյ Կարուզո
2004Ստորճրիա եղբայրութիւնShark TaleԼոլա (հնչիւնաւորում)Կենսագրութիւն,
Ընտանեկան տեսաժապաւէն
Բիբո Պերժերոն,
Վիքի Ճենսըն,
Ռոպ Լիտըրման
Ռոպըրթ տէ Նիրո,
Ռընէ Զելվեգըր,
Ուիլ Սմիթ,
Մարթըն Սկորսըզէ
2004Երկնային առաջնորդը եւ ապագայի աշխարհըSky Captain and the World of TomorrowՖրանքիՀոյակապ տեսաժապաւէն,
Մարտատեսաժապաւէն,
Արկածային տեսաժապաւէն
կերի ՔոնրընՃուտ Լոու,
Կուինետ Փելթրոու]]
2004ԱլեքսանտրAlexanderՕլիմփիըսԱրկածային տեսաժապաւէն,
Ռազմական տեսաժապաւէն,
Պատմական տեսաժապաւէն
Օլիվըր ՍթօնՔոլըն Ֆարըլ,
Վալ Կիլմըր,
Անթոնի Հոփքինս,
Կարեդ Լետո,
Ռոզարիո Դոսըն
2005Տէր եւ տիկին Սմիթ]]Mr. & Mrs. SmithՃեյն ՍմիթՄարտաժապաւէն,
Տրամա,
Կենսագրութիւն
Դագ ԼայմընՊրեդ Փիթ,
Վինս Վոն,
Ատըմ Պրոդի
2006Կեղծ գայթակղութիւն]]The Good ShepherdՄարկարիթ Ռասըլսարսափազդու,
Պատմական Տեսաժապաւէն
Ռոպըրթ տէ Նիրո]]Մեթ Տէյմըն]],
Ալեք Պոլդուին,
Ռոպըրթ տէ Նիրո
2007Անոր սիրտըA Mighty HeartՄարինէ ՓըռլՌազմական տեսաժապաւէն,
Պատմական տեսաժապաւէն,
կատակերգական տեսաժապաւէն
Մայքլ Ուինթըրպոթոմ
2007ՊոյուլֆBeowulfԳրենդելու մայրիկըծաղրանկարան տեսաժապաւէն,
երեւակայական,
Արկածային
Ռոպըրդ ՃեմեկիսԱնթոնի Հոփքինս,
Ճոն Մալկովիչ
2008Քոնկ ֆու Փանտա]]Kung Fu Pandaվագր (հնչիւնաւորում)Ծաղրանկարական տեսաժապաւէն,
կենսագրութիւն,
Արկածային տեսաժապաւէն,
ընտանեկան տեսաժապաւէն
Մարգ Օսփորն,
Ճոն Սթիւենսըն
Ճաք Բլեկ,
Ճաքի Ջան,
Լիւսի Լու,
Տասթին Հոֆման
2008ՓոխարինումChangelingՔրիսթին Քոլինսսարսափազդու,
Տրամա
Քլինթ Իսթուուտ]]Ճոն Մալկովիչ
2008Ծայրահեղ վտանգաւոր էWantedFoxՄարտատեսաժապաւէն,
ոճրային տեսաժապաւէն,
սարսափազդու
Թիմուր ԲեկմամբետովՃեյմս Մակեվոյ,
Մորկան Ֆրայման
2010ՍոլդSaltԷւելին ՍոլթՄարտատեսաժապաւէն,
ոճրային տեսաժապաւէն,
սարսափազդու
Ֆիլիփ ՆոյսԼիւՇրայբըր
2010Քոնկ Ֆու Փանտա Տոնական թողարկումKung Fu Panda Holiday Specialվագր (հնչիւնաւորում)Ծաղրանկարական տեսաժապաւէն,
Կատակերգութիւն,
Ընտանեկան տեսաժապաւէն
Թիմ ՃոնսընՃեք Պլեք,
Ճաքի Ջան,
Լիւսի Լու]],
Տասթըն Հոֆման
2010ԶբոսաշրջիկըThe TouristԷլիս Քլիուըն-ՎարդՄարտատեսաժապաւէն,
սարսափազդու,
Տրամա
Ֆլորիըն Հենկըլ Հոն ԴոներսմարքՃոնի Տեփ,
Փոլ Բեթանի,
Թիմոտի Տալթըն
2011Քունկ ֆու Փանտա 2Kung Fu Panda 2վագր (հնչիւնավորում)ծաղրանկարական տեսաժապաւէն,
Մարտատեսաժապաւէն,
Կատակերգութիւն,
Արկածային տեսաժապաւէն,
Ընտանեկան տեսաժապաւէն
Ճենիֆըր ՅուՃեք Բլեկ,
Ջաքի Ջան,
Լիւսի Լու,
Վիկթոր Գարբըր,
Տասթըն Հոֆման,
Միշել Յէո,
Ժան-քլոթ Վան Տամ,
Գարի Օլտմեն
2011Քունկ ֆու Փանտա Վարպետներու գաղտնիքները]]Kung Fu Panda: Secrets of the Mastersվագր (հնչիւնաւորում)Կարճ տեսաժապաւէն,
ծաղրանկարական տեսաժապաւէն
Անթոնի ԼեոնտիսՃեք Բլեկ
2014ՄալեֆիշընթMaleficentՄալեֆիշընթԵրեւակայականՌոպըրթ Ստրոնպըրկ
-ՔլէոփաթրաCleopatraՔլէոփաթրակատակերգական տեսաժապաւէն,
Պատմական տեսաժապաւէն
Տեյուիտ Ֆինչըր
-Սոլթ 2Salt 2Էւելին ՍոլթՄԱրտատեսաժապաւէն,
Ոճրային տեսաժապաւէն,
սարսափազդու
ԹիւՏեսաժապաւէնի անունԲնօրինակի անւանումը
2005ԹրուտելTrudell
2005Սիրային հիւանդութիւնLovesick
2011Արեան եւ մեղրի սահմանագծըIn the Land of Blood and Honey
2014ԱնկոտրուածUnbroken
ԹիւՏեսաժապաւէնի անունԲնօրինակի անւանումը
2007Տեղը ժամանակին մէջA Place in Time
2011Արեան եւ մեղրի սահմանագծըIn the Land of Blood and Honey
2014ԱնկտուածUnbroken

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 filmportal.de — 2005.
  2. 1 2 Brockhaus EnzyklopädieF.A. Brockhaus, 1796.
  3. 1 2 Store norske leksikon — 1978. — ISSN 2464-1480
  4. 1 2 Deutsche Nationalbibliothek Record #123089190 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. http://web.archive.org/web/20210304040148/https://www.unhcr.org/news/press/2001/8/3b85044b10/angelina-jolie-named-unhcr-goodwill-ambassador-refugees.html
  6. Դորոթի Փոմերանց, "Հոլիվուդի ամենաբարձր վարձատրվող դերասանուհիներ", Forbes, հուլիսի 1, 2009: Վերցված է 07.07.2011:
  7. Դորոթի Փոմերանց, "Հոլիվուդի ամենաբարձր վարձատրվող դերասանուհիներ", Forbes, հուլիսի 5, 2011: Վերցված է 07.07.2011:
  8. Դորոթի Փոմերանց, "Հոլիվուդի ամենաբարձր վարձատրվող դերասանուհիներ", Forbes, հուլիսի 29, 2013: Վերցված է 30.07.2013:
  9. "Անջելինան, ըստ Vogue-ի, կատարելությունն է ", WENN, մարտի 28, 2002: Վերցված է 07.07.2011:
  10. Ռեյչլ Քամփբել-Ջոնստոն, "Ամենագեղեցիկ կի՞նը", The Sunday Times, հունիսի 1, 2005: Վերցված է 07.07.2011:
  11. "2006-ի ամենագեղեցիկ աստղը. Անժելինա Ճոլի", People, ապրիլի 26, 2006: Վերցված է 07.07.2011:
  12. "Անժելինա Ճոլին աշխարհի ամենագեղեցիկ կինն է", Vanity Fair, ապրիլի 13, 2009Վերցված է 07.07.2011:
  13. "Նիկոլ Քիդմանը գլխավորում է Հոլիվուդի ամենաբարձր վարձատրվող դերասանուհիների ցանկը", PR Newswire, նոյեմբերի 30, 2006: Վերցված է 07.07.2011:
  14. "Angelina Jolie Movie Box Office Results", Box Office Mojo: Վերցված է 07.07.2011:
  15. Ջոնաթան Վան Մետեր, "Անժելինա Ճոլի. Գեղեցիկ մարմին", Vogue, ապրիլ 2002: Վերցված է 07.07.2011:
  16. Դոմինիկ Ուիլլիս, "Անժելինա Ճոլիի կենսագրությունը", Tiscali.co.uk: Վերցված է 07.07.2011:
  17. Ջիմ Ժորոմե, "Միայնակ հայ Ջոն Վոյթի համար «Սեղան հինգի համար» Տեսաժապաւէնն իր անձնական ցավալի փորձին մոտ պատմություն է", People, Ապրիլի 11, 1983: Վերցված է 07.07.2011:
  18. "Transcripts: Paula Zahn Now", CNN.com, հունիսի 9, 2005: Վերցված է 07.07.2011:
  19. Ջինջեր Սթրեյսեկ, "Ասռղի ուժը. գերելով աշխարհի աչքերը", Season Magazine, Ամառ 2005: Վերցված է 07.07.2011:
  20. 1 2 Քրիս Հիթ, "Արյուն, շաքար, սեքս, կախարդանք", Rolling Stone, հուլիսի 5, 2001: Վերցված է 07.07.2011:
  21. "Հիվանդ տղան ամուսնանում է նախկին թմրամոլի հետ", Daily Mirror, մայիսի 3, 1996: Վերցված է 07.07.2011:
  22. Ջոշ Գրոսսբերգ, «Անժելինա Ճոլիի ազգանունը խանգարում է», E! Online, սեպտեմբերի 17, 2002: Վերցված է 07.07.2011:
  23. 1 2 Օլիվեր Պոոլ, "Հայրը պատմում էՃոլիի հոգեկան խնդիրների մասին'", The Daily Telegraph, օգոստոսի 3, 2002: Վերցված է 07.07.2011
  24. "Անժելինա Ճոլին հոր մասին", [Video], 60 րոպե, CBS, նոյեմբերի 27, 2011: Վերցված է 31.12.2011:
  25. Անդրյու Բրանդտ "How Hollywood portrays hackers" Archived 2006-05-10 at the Wayback Machine.
  26. Ռոջեր Էբերտ, "Արձագանքներ: Պատկերելով Աստծուն" Archived 2013-01-27 at the Wayback Machine.. Chicago Sun-Times, հոկտեմբերի 17, 1997: Վերցված է 07.07.2011: