Անթարքթիքա
Անթարքթիքա, Երկիր մոլորակին հարաւային բեւեռային շրջանը, որուն մէջ կը ներառուին Անթարքթիքան եւ Ատլանտեան, Հնդկական եւ Խաղաղական ովկիանոսներուն հարաւային մասերը (երբեմն այդ ովկիանոսներուն հարաւային հատուածները կը միաւորուին մէկ միասնական՝ Հարաւային ովկիանոսին մէջ)։
Կը գտնուի Հարաւային կիսագունդին Անթարքթիք շրջանին, յատկապէս՝ Անթարքթիք շրջանակին հարաւային մասին մէջ: Շրջապատուած է Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսով։ Տարածութիւնը կը կազմէ 14,0 քառակուսի քիլոմեթր (5,4 միլիոն քառակուսի մղոն), ուստի անիկա կը համարուի Երկիրին մակերեսին հինգերորդ ամէնէն մեծ ցամաքամասը Ասիայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն ետք։
Համեմատութեամբ՝ Անթարքթիքան Աւստրալիայէն երկու անգամ մեծ է։ Անթարքթիքայի տարածութեան 98% ծածկուած է սառոյցէ շերտով, որուն հաստութիւնը կը կազմէ առնուազն 1 մղոն (1.6 քիլոմեթր)։
Անթարքթիքան կը համարուի ամէնէն ցուրտ եւ ամէնէն չոր ցամաքամասը՝ ամէնէն ուժեղ քամիներով. համեմատաբար բարձրադիր է։ Անթարքթիքան անապատ կը համարուի, որովհետեւ առափնեայ խորութիւնը տարեկան ընդամէնը 200 միլիմեթրով կ'աւելնայ (8 ինչ), որ տարածութեան համեմատ շատ քիչ է։
Երբեմն օդին ջերմաստիճանը կը հասնի −89°C (−129°F)։ Անթարքթիքայի մէջ ո՛չ գիւղեր, ո՛չ ալ քաղաքներ գոյութիւն ունին. մշտական մարդկային բնակատեղիներ չկան[1], սակայն տարեկան 1,000 -էն 5,000 հոգի հետազօտութեան նպատակով որոշ ատեն մը կը հաստատուի տարածքին տեղակայուած հետազօտական կեդրոններուն մէջ։
Հոն կը գոյատեւեն բազմաթիւ բոյսեր, սունկեր եւ անասուններու տեսակներ (թեւատներ, ծովահորթեր եւ այլն)։
Հակառակ անոր, որ մարդիկ վաղուց բազմաթիւ առասպելներ եւ կարծիքներ յայտնած են Terra Australis («Հարաւային ցամաքամաս»ին) մասին, առաջին ընդունուած վարկածը ապացուցուած է Ֆապիան Կոթլիեպ վոն Պելինկսհաուզենի (Fabian Gottlieb von Bellingshausen), Միխայիլ Փեթրովիչ Լազարեւի (Mikhail Petrovich Lazarev) «Վոստոկ» եւ «Միրնի» ռուսական հետազօտութեան կողմէ 1820-ին։ Սակայն, ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, ցամաքամասը բոլորովին անտեսուած էր անտանելի միջավայրին, միջոցներու պակասին եւ տարածքին մեկուսացման պատճառով։ 1959-ին 12 երկիրի կողմէ Անթարքթիքայի դաշինքը կը ստորագրուի (Antarctic Treaty). այսօր երկիրներու քանակը կը կազմէ 49։ Դաշինքը կ'արգիլէ բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւններու եւ հանքագործութեան իրականացումը։ Արգիլուած է նաեւ այն ամէնը, որ կը վերաբերի միջուկային ռումբերու պատրաստման եւ պայթեցման գործընթացներուն՝ նպատակ ունենալով պահպանել ցամաքամասին օզոնային շերտը եւ քաջալերել միայն գիտական հետազօտութիւնները։ Այսօր հետազօտութիւններ կ'իրականացուին բազմաթիւ երկիրներէ աւելի քան 4000 գիտնականի կողմէ։
Հետաքրքրական տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անթարքթիքայի ամբողջ ջուրը հալած սառ է:
- Աշխարհի վրայ ամէնէն ցուրտ ջերմաստիճանը արձանագրած է Անթարքթիքայի մէջ`−89.2 աստիճան:
- Անթարքթիքայի մէջ կան շրջաններ, ուր 800 հազար տարիներէ ի վեր բնաւ չէ անձրեւած:
- Շուներուն մուտքը արգիլուած է Անթարքթիքա:
- Հարաւային բեւեռին մէջ ամէն տարի հազիւ 2.54 սմ ձիւն կ'իջնէ[2]:
- Աշխարհի անուշ ջուրին 70 առ հարիւրը կը գտնուի Անթարքթիքայի մէջ:
- Անթարքթիքայի մէջ եւ շուրջը կ'ապրի մօտաւորապէս 5 միլիոն թեւատ (փենկուէն): Անոնցմէ ամէնէն մեծ տեսակը` էմփըրըր թեւատը, կրնայ կշռել մինչեւ 40 քիլօ[3]: Թեւատի չորս տեսակ կ'ապրի Անթարքթիքայի մէջ` «ատելին», «ճենթուն», «էմփըրըրը» եւ «չենսթրափը»:
- Անթարքթիքայի մէջ ամառը ցերեկը 24 ժամ կը տեւէ:
- Անթարքթիքան կը պարունակէ երկրագունդին սառոյցին մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը:
- Եթէ Անթարքթիքային ամբողջ սառոյցը հալէր, ովկիանոսները 60 մեթր պիտի բարձրանային:
- Անթարքթիքան ամէնէն զօրաւոր քամիներ ունեցող ցամաքամասն է: Կարգ մը քամիներու արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 300 քմ.-ի, եւ անոնք կրնան մարդիկ թռցնել:
- Հին յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ բնաւ չէր տեսած Անթարքթիքան, սակայն ան կը հաւատար, որ անիկա վստահաբար գոյութիւն ունի հիւսիսը գտնուող հողերուն հետ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:
- Անթարքթիքան գտնուած է 1820-ական թուականներուն: Սակայն աւելի քան 75 տարի ետք է, որ մարդիկ հոն ոտք դրած են, 1911-ին նորվեկիացի Ռոալտ Ամունտսըն հոն ոտք դնող առաջին անձը եղած է[4]:
- Հարիւրաւոր միլիոն տարիներ առաջ Անթարքթիքան կը գտնուէր հասարակածին մօտ:
- Անթարքթիքայի սառոյցին տակ գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 70 լիճ[5]:
- Աշխարհի ամէնէն ցուրտ շրջանը գտնուած է Անթարքթիքայի մէջ, 2010-ին, 4093 մեթր բարձրութեան վրայ: Հոն ջերմաստիճանը արձանագրած է – 93,2 աստիճան սելսիուս[6]: