Ալտոսթերոն
Ալտոսթերոնը հորմոն մըն է, որ կ'արտադրուի մակերիկամային գեղձերու կողմէ (adrenal glands)` այն երկու փոքր գեղձերը, որոնք կը գտնուին երիկամներուն վրայ: Ալտոսթերոնը կ'օգնէ արեան ճնշումը կայուն պահելու: Գեղձերը այս մէկը կ'ընեն` նպաստելով արեան մէջ երկու ելեկտրալոյծերու` նատրիոմի (Na) եւ կալիոմի (K) մակարդակներու (electrolyte) հաւասարակշռմամբ[1]:
Երբ արեան ճնշումը շատ ցած ըլլայ, ալտոսթերոնը ազդանշան կ'ուղարկէ երիկամներուն` արեան մէջ աւելի շատ նատրիոմ արտազատելու եւ մէզի միջոցով կալիոմէն ազատուելու համար: Ասիկա կ'օգնէ աւելի շատ ջուր պահելու արեան մէջ, եւ այդ պատճառով արեան ճնշումը կը բարձրանայ: Երբ արեան ճնշումը վերադառնայ բնականոն թիւերուն, ալտոսթերոնի մակարդակը կը նուազի:
Ալտոսթերոնի անբնական մակարդակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալտոսթերոնի անբնական մակարդակները կրնան յառաջացնել առողջական լուրջ պարագաներ, որոնց կարգին`
Ա.- Արեան գերճնշում,
Բ.- Արեան ցած ճնշում,
Գ.- Նատրիոմի եւ կալիոմի անբնական մակարդակներու հետ կապուած բարդութիւններ, որոնք կրնան ազդել սիրտին, երիկամներուն եւ մարմինի այլ մասերուն վրայ:
Չափէն աւելի ալտոսթերոնի (կը կոչուի նաեւ ալտոսթերոնիզմ) նշաններն ու ախտանիշները կը ներառեն`
Ա.- Արեան գերճնշում,
Բ.- Կալիոմի ցած մակարդակներ եւ/կամ նատրիոմի բարձր արդիւնքներ,
Գ.- Մկանային թուլութիւն, ջղաձգութիւն եւ/կամ պրկումներ,
Դ.- Յոգնածութիւն,
Ե.- Գլխացաւ,
Զ.- Սիրտի անկարգութիւններ (սիրտի զարկերու յաճախականութեան կամ կշռոյթի հետ կապուած խնդիր),
Է.- Ծարաւի զգացումի եւ միզելու յարակրկնութիւն:
Շատ քիչ ալտոսթերոնի (hypoaldosteronism) նշաններն ու ախտանիշները կը ներառեն`
Ա.- Արեան ցած ճնշում,
Բ.- Քննութեան արդիւնքներ, որոնք ցոյց կու տան կալիոմի բարձր եւ/կամ նատրիոմի ցած մակարդակ,
Գ.- Յոգնածութիւն,
Դ.- Մկանային թուլութիւն,
Ե.- Ախորժակի կորուստ,
Զ.- Ծանրութեան կորուստ,
Է.- Որովայնի ցաւ:
Ալտոսթերոնի բնականէն բարձր քանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանուր առմամբ, ալտոսթերոնի բնականէն բարձր քանակը կրնայ նշանակել, որ հիւանդը ունի հետեւեալ պարագաներէն մէկը.
Առաջնային ալտոստերոնիզմ (նաեւ կը կոչուի Conn syndrome)
Այս խանգարումը սովորաբար կը յառաջանայ մակերիկամային գեղձի բարորակ (ոչ քաղցկեղային) ուռուցքի պատճառով: Վերջինիս պատճառով գեղձերը յաւելեալ ալտոսթերոն կ'արտադրեն:
Երկրորդային ալտոսթերոնիզմ
Ասիկա կը նշանակէ, որ մակերիկամային գեղձերը առողջ են, բայց մէկ այլ առողջական վիճակի պատճառ կը հանդիսանայ անոնց աւելցուկային ալտոսթերոնի արտադրութիւնը: Ալտոսթերոնի բարձր մակարդակներ յառաջացնող պարագաներէն են`
Ա.- Երիկամային հիւանդութիւն,
Բ.- Լերդակարծրութիւն (liver cirrhosis),
Գ.- Սիրտի անբաւարարութիւններ,
Դ.- Preeclampsia (արեան գերճնշման տեսակ, որ տեղի կ'ունենայ յղութեան շրջանին),
Ե.- Ջրազրկում:
Ալտոսթերոնի բնականէ ցած քանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանուր առմամբ, ալտոսթերոնի բնականէ ցած քանակութիւնը կրնայ նշանակել, որ անհատը ունի հետեւեալ պարագաներէն մէկը.
Ա.- Ատիսոնի հիւանդութիւն (նաեւ կը կոչուի մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն): Այս պարագային մակերիկամային գեղձերու վնասուածքի պատճառով անոնք կ'արտադրեն քիչ քանակութեամբ ալտոսթերոն: Վնասուածքը կրնայ ըլլալ հետեւեալներէն մէկուն պատճառով.
- Դիմադրողական համակարգի խանգարում (ամէնէն տարածուած պատճառը),
- Որոշակի վարակներ,
- Քաղցկեղային բջիջներ մակերիկամային գեղձերու մէջ:
Բ.- Մակերիկամային գեղձի բնածին մակակազմութիւն [Congenital Adrenal Hyperplasia (CAH)]: Այս մէկը ծինային խանգարումներու հաւաքածոյ մըն է, որոնք ի ծնէ գոյութիւն ունին:
Գ.- Երկրորդային մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն: Այս պարագան կը յայտնուի մակուղեղի (pituitary) մէջ հարցեր ըլլալու պարագային: Մակուղեղը ուղեղին յատակը գտնուող այն գեղձն է, որ կը վերահսկէ մակերիկամային գեղձերը:
Դ.- Երրորդային մակերիկամային գեղձերու անբաւարարութիւն: Այս պարագային ալտոսթերոնի ցած մակարդակները պայմանաւորուած են ենթաթմբիկի (hypothalamus) խնդիրով մը: Վերջինս այն գեղձն է, որ մակուղեղին կ'ուղղէ մակերիկամներուն ազդանշան տալու` հորմոններ արտադրելու համար:
Ամէնէն տարածուած պատճառը սթերոյիտ դեղերու անսպասելի դադրեցումն է զանոնք երկար ժամանակ գործածելէ ետք: Սթերոյիտները կրնան յառաջացնել հորմոնային փոփոխութիւններ, որոնք կը ստիպեն մակերիկամային գեղձերու աշխատանքը դադրեցնելու: Երբ դադրի սթերոյիտներու գործածութիւնը, մակերիկամները կրնան դանդաղ աշխատիլ[2]:
Ալտոսթերոնի ցած մակարդակները կրնան նաեւ կախում ունենալ`
– Առողջական որոշ այլ պայմաններէ, ինչպիսիք են` շաքարախտը եւ կապարի թունաւորումը:
– Որոշ դեղատեսակներէ, ներառեալ` ոչ սթերոիտային հակաբորբոքային դեղերը (NSAIDs), ինչպիսիք են` իպուփրոֆենը, կամ սիրտի անբաւարարութեան որոշ դեղատեսակներ[3]: