Ալեք Գլըճեան
Ալեք Գլըճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1900 |
Ծննդավայր | Ատանա |
Մահացած է | 19 Դեկտեմբեր 1999 (98 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն | Նիւ Եորք |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Գրագէտ |
Ալեք Գլըճեան (20 Դեկտեմբեր 1900 - 19 Դեկտեմբեր 1999 ), հայ գրագէտ։
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Ատանա նահանգի Չորք-Մարզպանի Օճագլ գիւղը։ Կը պատկանի բազմանդամ ընտանիքի մը. ունեցած է 5 եղբայր եւ 6 քոյր։
Ատանայի Ջարդին՝ ծնողքը կը փոխադրուի Չորք-Մարզպան, Ալեքսանտրէդի ծովախորշին դիմաց, զուտ հայաբնակ գիւղաքաղաք մը։ Այնտեղ կը տիրէր ըմբոստացող հայութիւն մը, ազատագրական ձգտումներով։ Համիտեան շրջանին, Ալեքի ընտանիքը կ'ենթարկուի հալածանքի. կը ձգեն Տէօրթեօլը եւ կը հեռանան։
Ալեք թրքախօս ծնողներէ սերած ըլլալով, հայերէնը կը սորվի տասը տարեկանէն ետք, ջարդէն յետոյ, տեղական դպրոցներու մէջ, ուր հայերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումը մեծ կարեւորութիւն ստացած էր. Օսմանեան նոր սահմանադրութեան ընծայած ազատութիւնը օգտագործելու ծրագիր մը ծնունդ առած էր այն ատեն։ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի նախակրթարանի վերջընթեր դասարանի աշակերտ, պատանի Ալեքը իր ընտանիքին հետ գաղթի ճամբան կը բռնէ, 1915-ի Ապրիլին։ Կը քշուին դէպի Հալէպ, յետոյ անապատ տեղ մը՝ Հոմսի եւ Դամասկոսի միջեւ։ 1918-ին, Ա. աշխարհամարտի զինադադարէն ետք, իր ընտանիքէն երկու հոգի միայն կը մնան. կրտսեր եղբայրը եւ ինք։ Կը վերադառնան իրենց կիսաւեր տունը՝ Տէօրթ Եօլ։ Դպրոցները կը վերաբացուին եւ Ալեք կը սկսի իր ուսումը։ Կիլիկիոյ ֆրանսական գրաւման յաջորդող հայ-թրքական բախումներու եւ հայոց կիլիկեան երազի քայքայման շրջանին, կը ստանայ իր վկայականը, որմէ «վառօթի հոտ կուգար» կը գրէ Ա. Գլըճեան իր ինքնակենսագրութեան մէջ։ 1920-ին կը գաղթէ Ա.Մ.Ն.: Կ'ըլլայ ուսանող Աբրինկֆիլտի Ամերիկեան Միջազգային Գոլէճի։ Նիւթական աննպաստ պայմաններով ճնշուած՝ կիսատ կը թողու իր ուսումը։ Ապա կը հաստատուի Լովէշ, Մասաչուսեթս, իր եղբօրը մօտ։ Կը լծուի առօրեայ տաժանագին աշխատանքի, իրիկունները հետեւելով գիշերային դասընթացքներու։ Վերջապէս շրջանաւարտ կ՚ըլլայ։
1926-ին կը փոխադրուի Նիւ Եորք եւ կը մխրճուի ազգային, կուսակցական, հասարակական կեանքի մէջ։ Կը ձեռնարկէ գործի եւ ընտանիք կը կազմէ։
1935-ին, ան Անդրանիկ Անդրէասեանի հետ կը մեկնի հայրենիք (Խորհրդային Հայաստան) մասնակցելու Հայաստանի Խորհրդայնացման 15-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն։
1939-ին կրկին կը տեղափոխուի, այս անգամ Գալիֆորնիա, որոնելու համար ապրուստի նոր միջոցներ։
Ապա կ՚ապրի ինքնաբաւ կեանք մը, շրջապատուած թոռներով։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]իր գրական առաջին փորձերր լոյս տեսած են «Պայքար» օրաթերթին մէջ։ Գրասէր տղոց հետ («Նոր Գիր»ի տղաքը) կը հրատարակեն «Նոր Գիր» գրական սիւնակը, ապա՝ ամսագիրը, որ կը շարունակուի երկար տարիներ, մինչեւ իր շիջումը, տղոցմէ շատերուն մահուան պատճառով։
Ա. Գլըճեան հրատարակած է հետեւեալ գործերը. «Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի» եւ «Երգեր Հողի եւ Հատուցման» (արժանացած Թէքէեան Մշակ. Միութեան Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին 1987–ին)։
իր բանաստեղծութիւնները յաճախ ազգասիրական նոյն թեման կ'որդեգրեն, սակայն ամէն անգամ տարբեր երանգ մը եւ ինքնատիպ դրոշմ մը կը կրեն. այնպէս որ նիւթի միօրինակութիւնը երբեք զգալի չըլլար։ Իր հզօր անհատականութիւնը, երփներանգ ոճը եւ արդիաշունչ տաղերը կը վկայեն թէ յառաջապահ դէմք մըն է Ալեք Գլըճեան եւ զգայուն գրող մը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ գիրի եւ մամուլի դէմքեր, Թորոս Թորանեան, Պէյրութ 1987, էջ 7-16