Jump to content

Ալեքսանտր Պրինքէն

Ալեքսանտր Պրինքէն
Քաղաքացիութիւն Զուիցերիա
Աշխատավայր երաժիշտ, երգահան, երգեհոնահար եւ երաժշտագետ

Դոկտոր Ալեքսանտր Պրինքէն Զուիցերիացի երաժիշտ, երգահան եւ երաժշտագէտ: Ան կը խօսի գրագէտ հայերէնով եւ նոյնիսկ կը գրէ հայերէն յօդուածներ:

Ալեքսանտր Պրինքէնը ծնունդով ռուսաստանցի է, ունի վրացական, ռուսական, գերմանական եւ լեհական ծագում: Ծնուեր եւ կրթութիւնը ստացեր է Սան Փեթերսպուրկի մէջ։ Զուիցերիացի կնոջ հետ 1992-էն ի վեր կը բնակի Լիւցեռն քաղաքին մէջ, 1998-էն ի վեր Զուեցերիոյ քաղաքացի է:

Ան կը դասաւանդէ երաժշտութիւն երկու դպրոցներու մէջ. Նիտվալտենի մէջ (Լիւցեռնին յարակից գաւառի մը մէջ), որպէս երգեհոնահար հանդես կու գայ նոյն գաւառի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մը մէջ։ Պարբերաբար կ'այցելէ Հայաստան, մօտէն կը հետեւի հայաշխարհի իրադարձութիւններուն[1]:

Առաջին անգամ քառասուն տարի առաջ էր, 1975 թուականի ապրիլին: Համամիութենական ուսանողական երաժշտագիտական համաժողովի ժամանակ էր, ես հրաւիրուած էի Լենինկրատի երաժշտանոցէն : Զեկոյց մը կարդացի Մալերի մասին եւ այն ժամանակ ծանօթացայ հայ երգահաններու եւ երաժշտագէտներու հետ: Իմ վրաս ամենէն մեծ տպաւորութիւնը թողեցին Տիգրան Մանսուրեանը, Երուանդ Երկանեանը, Աննա Արեւշատեանը, Արմէն Բուդաղեանը, որոշ երիտասարդ երաժշտագէտներ ու երգահաններ:
- Ալեքսանտր Պրինքէն


Ալեքսանտր Պրինքէն իր գործերուն մէջ յաճախ կը գործածէ հայկական մեղեդիներ[[2]:

Պիտի ըսեմ, որ գիտակցաբար Կոմիտասի ոճի մեծ ազդեցութիւն կը կրէ իմ լատիներէն պատարագը, որը ես գրեցի 1993 թուականին, Զուիցերիոյ մէջ։ Ատկից յետոյ, ի հարկէ, իմ «Հայկական սրբազան թատերգութիւնը՝ մաղթանուագը », որտեղ միտումնաւոր կ'օգտագործեմ հայկական ոճը, մեծ մասամբՙ շարականներու երաժշտութիւնէն բխած եւ Կոմիտասի ազդեցութեամբ: - Ինձ համար հայերէնը սկիզբէն երեւաց որպէս շատ գեղեցիկ, շատ երաժշտական, շատ մեղեդիական լեզու մը, ընտիր հնչիւններով, եւ այդ իրօք այնպէ՛ս է, որովհետեւ հայերէնը իր հնչիւնակարգի մէջ չափազանց նուրբ տարբերութիւններ եւ երանգներ ունի: Անոնք այնպիսի երանգներ են, ինչպիսիք, ըսենք, արեւմտաեւրոպական լեզուները գրեթէ չունին:
- Ալեքսանտր Պրինքէն


Քիչ կան օտարազգիներ, նոյնիսկ հայագէտներու շրջանակին մէջ, որոնք կրնան խօսիլ Ալեքսանտր Պրինքէնի չափ գրագէտ հայերէնով: Մինչեւ իսկ բազմաթիւ հայաստանցիներ չունին հայերէնի քաջիմացութեան եւ մաքրախօսութեան այն մակարդակը, որը Ալեքսանտրը ձեռք բերած է մեր լեզուի հանդէպ տածած մեծագոյն սիրոյ եւ ջանասիրութեան շնորհիւ: Ան բնաւ չըսէր «ինթերնեթ», այլ «համացանց», չըսէր «թապու», այլ «հպարգելք», չըսէր «օնլայն», այլ «առցանց»... Եւ խօսքը անձի մը մասին է, որուն մասնագիտութիւնը հայագիտութիւնը չէ, որը կ'ապրի բնակավայր մը, ուր հայեր չկան: Սակայն ան հետեւողականօրէն աշխոյժ կը պահէ հայերէնի իր իմացութիւնըՙ ինչպէս արեւելահայերէնի, այնպէս ալ արեւմտահայերէնի, կողմնակից է դասական ուղղագրութեանը եւ անգամ կը գրէ հայերէն յօդուածներ...
- Արծուի ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ


Ալեքսանտր Պրինքէնի «Երգ Հայաստանի մասին» սրբազան թատերգութիւնը՝ մաղթանուագը[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

30 Ապրիլ 2016-ին «Երգ Հայաստանի մասին» (oratorio) մաղթանուագը՝ Դանիել Վարուժանի, Սիամանթօյի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահագն Դաւթեանի բնագրերով, նուիրուած է հայ ժողովուրդին՝ ի յիշատակ 1894-1923թթ Օսմանեան Թուրքիոյ իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն, տեղի ունեցաւ համաշխարհային ներկայացումը Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ։

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հետ ելոյթ ունենացաւ Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան): Համերգը ղեկավարեց խմբավար Էտուարտ Թոփչեանը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]