Ազնիւ Պետրոսեան

Ազնիւ Պետրոսեան
Ծնած է 8 Յունուար, 1903
Ծննդավայր Վան, Արեւմտեան Հայաստան
Մահացած է 27 Դեկտեմբեր, 1971
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն հայ կենսաբանական գիտութիւններու տոքթէօր
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Ազնիւ Պետրոսեան (8 Յունուար, 1903, Վան, Վանի վիլայէթ, Օսմանեան կայսրութիւն - 27 Դեկտեմբեր, 1971, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), կենսաբանական գիտութիւններու տոքթէօր եւ ՀԽՍՀ մանրէաբանութեան հիմնադիրներէն։ ԽՄԿԿ անդամ 1942 թուականէն։ Պարգեւատրուած է «Լենինի շքանշան»ով։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի Պետական Համալսարան

Ազնիւ Պետրոսեան, ծնած է Վան, Արեւմտեան Հայաստան, 8 Յունուար 1903-ին։ Եղեռնի օրերուն ծնողքը կը կորսնցնէ եւ որբ կը մնայ։ 1925-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի գիւղատնտեսութեան բաժինը։

1923-ին սկսած է աշխատիլ համալսարանի կեդրոնական գիտահետազօտական փորձագիտական աշխատանոցին մէջ։ 1944-ին կը կազմակերպէ ՀԽՍՀ ԳԱ երկրագործութեան հիմնարկը։ 1932-1952 թուականներուն դասախօսած է Երեւանի համալսարանին եւ Հայկական գիւղատնտեսական Հիմնարկին մէջ։ 1950-1971 թուականներուն Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի մանրէակենսաբանութեան հիմնարկութեան պատասխանատուներէն է։

Անոր գիտական աշխատանքները կը վերաբերեն Հայաստանի տարածքին հողերու մանրէաբանական հետազօտութիւնները, հողի պարունակութեան բարելաւման, կենսաբանական, բնագիտական ե ուրիշ առանձնայատկութիւններու ուսումնասիրութիւններ։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրած էր աւելի քան 60 գիտական աշխատութիւններ՝ նուիրուած հողի եւ գիւղատնտեսութեան մանրէակենսաբանութեան հարցերուն:

1942-ին լոյս կը տեսնէ «Բակտերեալ պարարտանիւթերը եւ անոնց կիրառումը» գործը, Երեւան։

Պարգեւատրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարգեւատրուած է «Լենինի շքանշան»ով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, տպ․ 1983, Երեւան, հատոր 9, էջ 261
  • «Ազատ Օր» օրաթերթ, 18-1-2022, էջ 8