Ադամեան թատերախումբ

Ադամեան թատերախումբ hայկական դրամատիկական թատերախումբ։ Կազմակերպուած է Հալէպի մէջ (1961Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան տեղական վարչութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Ադամեան թատերախումբ կոչուած է Պ. Ադամեանի անունով։ Ռեժիսորն է Երեւանի գեղարուեստաթատերական ինստիտուտի շրջանաւարտ Պ. Քէլէշեանը։ Խումբի կազմում են Հ. եւ Վ. Սամուէլեանները, Պ. եւ Գ. Քէլէշեանները, Յ. Միքայէլեանը, Հ. Գալաճեանը, Ք. Գէորգեանը, Մ. Հրեշտակեանը եւ ուրիշներ։ Խաղացանկը կազմուած է հայ եւ արեւմտաեւրոպական հեղինակներու դասական ու ժամանակակից գործերէ։ Ադամեան թատերախումբը ներկայացումներ տուելած է նաեւ Հոմսի (1962), Դամասկոսի (1967) մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։