«Ռօ»ին Տիկինը

Տեսփինա Ախլատիոթու
«Ռօ»ին Տիկինը
յուն․՝ Κυρά της Ρω
«Ռօ»ին Տիկինը․ կիսանդրին, Քասթելորիզօ
Ծննդեան անուն յուն․՝ Δέσποινα Αχλαδιώτη
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Քասթելորիզօ, Մեղիսթի
Մահացած է 13 Մայիս 1982
Մահուան վայր Ռոտոս (կղզի), Յունաստան
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան
Ազգութիւն Յոյն
Մասնագիտութիւն անասնապահ

«Ռօ»ին Տիկինը, բուն անունով Տեսփինա Ախլատիոթու (Քասթելորիզօ 1890 - Ռոտոս, 13 Մայիս 1982)։ Հանրածանօթ է որպէս «Ռօ»ին Տիկինը»։ Եղած է իտալալական եւ գերմանական բռնիշխանութեան ընթացքին՝ 1940-1945, յունական ընդիմութեան հերոսուհիներէն։ Ան 40 տարի անդադար, 1943-էն մինչեւ մահը՝ 1982, ամէն առաւօտ յունական դրօշակը կը բարձրացնէր Ռօ սահմանամերձ կղզիակին վրայ եւ կ՛իջեցնէր արեւամարին։ Ռօ հաստատուած էր ամուսինին եւ կոյր մօր հետ։

Հակիրճ կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Քասթելորիզօ։ Կը սիրահարուի հօրը հովիւներէն Գոսթաս Ախլատիոթիսին, սակայն այդ ժամանակին համար այդպիսի բան անընդունելի ըլլալով, զոյգը կը ստիպուի հեռանալ կղզիէն։ Կը հաստատուին Ռօ, ու կղզիին միակ բնակիչները կ՛ըլլան։ Անասնապահութեամբ կը զբաղին մինչեւ 1940։ Այդ տարին կողակիցը ծանրօրէն կը հիւանդանայ եւ Տեսփինա կրակ կը վառէ ու անոր ծուխով նշաններ կ՛ընէ, յոյսով ձկնորսներն ու Քասթելորիզոյի բնակիչները տեսնեն, սակայն անոնք ուշ կ՛անդրադառնան։ Կողակիցը ձկնորսանաւի մը մէջ, Քասթելորիզօ ճամբուն վրայ, իր վերջին շունչը կը ձգէ։

«Ռօ»ին Տիկին»ին շիրիմը եւ կայմը ուր ամէն առաւօտ ան յունական դրօշակը կը բարձրացնէր

«Ռօ»ին Տիկինը» մինակը կը կարգադրէ կողակիցին թաղումը եւ Ռօ կը վերադառնայ ծերունի մօրը հետ եւ հոն կ՛անցընէ իտալական եւ գերմանական գերիշխանութեան տարիները։ Հոն կ՛օգնէ յունական ընդիմութեան մասնակցող յոյն զինուորներուն։ Կղզիէն չի հեռանար, նոյնիսկ երբ անգլիացիները 1943-ին կը ռմբակոծեն շրջանը՝ Քասթելորիզօն։ Վերջինին բնակիչները կը լքեն կղզին ապահովութեան համար․ դաշնակից նաւերը զանոնք Կիպրոս եւ կամ դիմացի Փոքր Ասիոյ ափերը կը փոխադրեն։ Պատերազմի աւարտին շատեր չեն վերադառնար։

Իտալական գերիշխանութիւնը կը վերջանայ Բ․ Աշխարհամարտի աւարտին․ եւ Տոտեքանիսա 10 Փետրուար 1947-ին, Փարիզի Դաշինքով, Յունաստանին կը միանայ։ 1975-ին թուրք լրագրողներ Ռօ կղզիին վրայ կը փորձեն թրքական դրօշակը բարձրացնել, սակայն «Ռօ»ին Տիկինը վար կ՛առնէ ու յունականը կը բարձրացնէ։ 1 Սեպտեմբեր 1975-ին որպէս զօրավիգ, կղզին կը հասնի յունական ծովուժին «Ե․Փեզոփուլոս» հակա-սուզանաւը։

Կը մահանայ 92 տարեկան հասակին, Ռոտոսի մէկ հիւանդանոցին մէջ, 13 Մայիս 1982-ին։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Քասթելորիզօ յունական պետութեան ծախսերով եւ կը թաղուի Ռօ, կայմին տակ ուր ամէն առաւօտ յունական դրօշակը կը բարձրացնէր։

Պարգեւատումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աթէնքի Կաճառ, 1975
  • Յունաստանի Ծովուժ․ 23-11-1975
  • Յունաստանի Խորհրդարան
  • Ռոտոսի քաղաքապետութիւն
  • Յունաստանի Ազգային Դրամատուն

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]