Jump to content

«ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ եւ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ, 100 Կին Կեանք»

ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ եւ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ, 100 Կին Կեանք
Հեղինակ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի խմբային աշխատանք, դպրոցին երկրորդական բաժնի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն միջեւ
Լեզու հայերէն
Հրատարակչական թուական
2023

«ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ եւ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ, 100 Կին Կեանք»․ Պոլսոյ ազգային Կեդրոնական վարժարանի հրատարակութիւն։

Հրատարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը Պոլսոյ ազգային Կեդրոնական վարժարանի ձեռնարկ մըն է, արդիւնք՝ հաւաքական, խմբային աշխատանքի դպրոցին երկրորդական բաժնի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն միջեւ։ նիւթն է Հայ կինը, իր կարգավիճակը հասարակական կեանքին մէջ։ Կը ներկայացնէ 100 կիներ, անոնց ներդրումը հայկական աւանդական մշակութային ու հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պարագաներու՝ միջազգային համայնքին մէջ։

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը չորս գլուխներու բաժնուած է։

  • ա․՝ «Ակնարկ մը Պոլսահայ մերօրեայ Կնոջական Շարժման», հանդէս կու գան յաջորդական յօդուածներով «Մրջիւններուն Վերջալոյսը եւ Գրասէր Տիկիններու» գրասէր տիկիններու խմբակը (Սիրվարդ Գարամանուկ, Արաքսի Ուղուրլեան, Անայիս Եալտըճեան եւ Սիլվա Կոմիկեան), ինչպէս նաեւ Մելիսա Պիլալ` «Զարմանահրաշ Հայ Կիներ», ԼԵռնա Էքմէքճիօղլու` «Զարուհի Պահիրիի Հետքերով», Գայուշ Չալըքման Կավրիլօֆ` «Հայ Կին» եւ Անի Փայլան «Մեր Ֆէմինիստ Պայքարը» յօդուածներով։
  • բ․՝ «Դիցուհիներէ Թագուհիներու․․» տիտղոսով, նուիրիուած է դիցուհիներուն եւ հայ թագուհիներուն։
  • գ․՝ «Աղջկանց Վարժարաններ․․․ Կնոջական Միութիւններ․․․», հակիրճ ակնարկ մըն է աղջկանց Վարժարաններու եւ Կրթասիրաց եւ կամ Ողբախնամ Ընկերութիւններուն։
  • դ․՝ «Կինը․․․ հոգեւորական, Դաստիարակ, Արուեստագէտ, Գրող-Լրագրող-Խմբագիր, Գիտնական-Ակադեմական, Քաղաքական-հասարակական Գործիչ» խորագրով կը ներկայացնէ հայ կիներ (Ե․ դարասկիզբէն – Ի․դար) որոնք իւրայատուկ ներդրում ունեցած են ազգային, մշակութային եւ կամ հասարակական զանազան բնագաւառներուն մէջ։

Հանդէսը ամբողջական գործ մը իր ընտրած նիւթին մէջ։

[1]

  • «ՀԱՅ ԿԻՆԸ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ եւ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ,100 Կին Կեանք», Գիրք, հրատ․՝ ­­Ազգային ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի, Պոլիս 2023

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]