Jump to content

«Անոնք Ինկան» (Երգ)

«Անոնք Ինկան», 1975-ին հրապարակուած երգ՝ համահեղինակութեամբ Շարլ Ազնաւուրի եւ Ժորժ Կառվարենցի: Նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին[1]: Անիկա հետագային մեկնաբանուած է նաեւ անգլերէնով: Բնագիրը թարգմանուած է ռուսերէնի եւ հայերէնի (կատարած՝ Միրթա Սադչեան): Լիազօրուած հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է Տ. Ռաֆայէլ Անտոնեան, որ Սեւրի Մուրատ Ռաֆայէլեան Վարժարանի տնօրէն է[2]:

«Անոնք ինկան»ը Ազնաւուրի ամէնէն աւելի քաղաքական երգերէն մէկն է:

Ազնաւուրի ծնողքը Ցեղասպանութենէն փրկուած էր։ Իսկ երգին մէջ ան կը սգար հազարաւոր եւ միլիոնաւոր մարդոց մահը, որոնք «դժբախտութիւն ունեցած էին հայ ծնելով»: «Անոնք ինկան»ով Ազնաւուր մարդկութեան կը յիշեցնէ թուրքին անմարդկութիւնը:

Թուրք լրագրողի մը բացատրեցի, թէ կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ ցիրուցան եղած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ջարդերու պատճառով: Յամենայնդէպս, թուրք բառը յիշատակուած չէ, բայց հարկաւ գիտեն, թէ ի՛նչ է խորքը այդ երգին:

Պատգամ փոխանցող երգ մը չէ: «Անոնք ինկան»ը պատմական դէպք մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ եթէ պատգամ մը ըլլար, պիտի խօսէի նաեւ յանցագործներու մասին: Իմ երգս վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր եւ ոչ ալ կոչ կ'ընէ պատերազմի: Շեշտը դրուած է պատմական դէպքի մը վրայ, որ ցարդ անծանօթ է աշխարհին: Պատմական դէպք մը, որ պէտք է գտնէ իր լուծումը: Ժամանակն է, որ յանցաւորները ընդունին իրենց սխալը…: Երբ շատ մը տեղեր կ'երգեմ այս երգը, առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն հայ անունը: Յաճախ չեն գիտեր, որ հայ ժողովուրդ գոյութիւն ունի:

Այս երգը հայութեան չէ ուղղուած, այլ` օտարներուն: Հայ ժողովուրդը ծանօթ է պատմական այն դէպքին, զոր կը փորձեմ օտարներուն ծանօթացնել:
- Շարլ Ազնաւուր[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]