«Շահամիր Շահամիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 115. Տող 115.


[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ իրավաբաններ]]
[[Կատեգորիա:Հայ քաղաքական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ քաղաքական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայերը Հնդկաստանում]]

07:54, 8 Դեկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Շահամիր Շահամիրեան (1723-1798), հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, հայ ազատագրական պայքարի ականաւոր ներկայացուցիչ, վաճառական։ Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ է, հայ բուրժուալուսաւորական գաղափարախոսութեան հիմնադիրը։ Անոր «Որոգայթ փառաց» (1773) երկը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ։

Կենսագրութիւն

Շահամիր Շահամիրեանը Հնդկաստան կը գաղթէ Նոր Ջուղայէն եւ կը հաստատուի Մադրաս քաղաքին մէջ։ Նախ դերձակութիւն կ՛ընէ, ապա կը զբաղի առեւտուրով եւ մեծ հարստութիւն կկուտակէ։ Անոր հայացքներու ու գործունեութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Մադրասի մէջ հաստատուած հայ ազատագրական ու լուսաւորական գործիչ Մովսես Բաղրամյանը։ 18-րդ դարը կը նշանաւորուի հայոց ազատագրական դարաւոր պայքարի որոշ փայլուն դրուագներով՝ պայքարի նոր ձեւերով, գաղափարաքաղաքական նոր հայեցակարգերով ու ծրագիրներով։ Հայ քաղաքական միտքի որոնումներու եւ գործնական դիրքորոշումներու հստակեցման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցան դարի 20-ականներու Արցախի եւ Սիւնիքի հայութեան ազատագրական հերոսամարտերը։

Նախորդ շրջանի հայ քաղաքական միտքը պետականութեան վերականգնման եւ քաղաքական անկախութեան ձեռքբերման նախապայմաններ կը համառէր՝

  1. ազգային ուժերու միաբանութիւնը,
  2. արեւմտեան երկիրներու օգնութիւնը,
  3. վրացի ժողովուրդի հետ համագործակցումը։

18-րդ դարին մեչտեղ կ՛ուգայ քաղաքական նոր գործոն հզորացող Ռուսաստանը իր հեռահար ռազմավարական ձկտումներով ու հաւակնութիւններով։

Ռուսական գործանի կարեւորին կ՛արտահայտէԻսրայել Օրուան քաղաքական հայացքներուն մէջ եւ գործնական քայլերուն մէջ։ Նշուած գործոնները կը վերաիմաստաւորուի ու կը բիւրեղացուեն դարի երկրորդ կէսին՝ արտացոլուելով հայ քաղաքական գիտակցութեան մէջ եւ քաղաքական վերլութեան առարկայ կը դառնայ հատկապէս «Մադրասեան խմբակի»՝ Հովսեփ Էմինի, Մովսես Բաղրամեանի եւ Շահամիր Շահամիրեանի քաղաքական հայացքներուն մէջ։

Փիլիսոփայութիւն

Հայաստանին մէջ ազատագրական պարտութենէն ետք ազատագրական միտքը XVIII դարի երկրորդ կէսին հիմնաւորեց Ասիայի եւ Եվրոպայի հայկական գաղթավայրերուն մէջ։ Հայկական սփիւռքի Ռուսաստանի եւ Հնդկաստանի գաղթավայրերը աւելի աշխուժ էին։ Ռուսական կայսրութեան մէջ հայերուն անոնց հայրենիքի ազատագրման դատարկ հոյսեր կ՛ուտային։ Ռուսաստանը նպատակ ունէր ճանապարհ հարթել դէպի Միջերկրական ծով եւ Հնդկական օվկիանոս՝ այդ ճանապարհին գրաւելով Հայաստանը։ Հնդկաստանի մէջ հաստատուած հայերը կը զբաղէին տարանցիկ առեւտուրով եւ իրենց ձեռքին մէջ խոշոր գաբիդալներ կուտակէին։ Երբ Հնդկաստանը դարձաւ Անգլիայի գաղութը, տեղը հայերը սկսան խոշոր տնտեսական կորուստներ կրել՝ չդիմանալով Անգլիացիներու հետ տնտեսական մրցակցութենէն։ Հայերու մօտ առաջացաւ անկախ Հայաստան իրենց տնտեսական գործունէութիւնը տեղափոխելու գաղափար

մինի

Շահամիրեանի իրաւաքաղաքական համակարգ առկա է դէիստական փիլիսոփայութեան ազդեցութիւնը։ Աստուած, ստեղծելով աշխարհը ու մարդուն եւ անոնց օժտելով աստուածային օրէնքներով, այլեւս անմիջականօրէն չի միջամտէր աշխարհի եւ հասարակութեան հետագայ գոյութեան հարցերուն։ Սակայն, այստեղէն բնաւ չի հետեւիր, որ ըստ քաղաքական մտածողի՝ հասարակութեան մէջ գործ կարգերն ու օրէնքները պէտք է համապատասխանեն բնական բնութեան եւ բանական բնութեան, որ հասարակ ըլլայ ու պետական կեանքին մէջ գործածուած օրէնքները պէտք է հաշուի առնեն մարդու բանականութիւնը։ Նախ՝ աշխարհի եւ հասարակութեան գործերուն չմիջադէիստական սկզբունքը բնաւ չի նշանակեր, որ Աստուած առհասարակ կը դադարեցնէ հսկողութիւնը։ Երկրորդ՝ աշխարհի եւ մարդկանց գոյութիւնը ինքնաբաւ, բացարձակ չէ, որովհետեւ գոյութեան օրէնքները տրուած են իբր վերուստ, այսինքն՝ բնութեան օրէնքները կը համընկնեն աստուածային օրէնքներու հետ։ Ուստի հասրակութեան մէջ գործադրուող օրէնքներու համապատասխանութիւնը բնական բնութեան կամ բանական բնութան իրականին մէջ կը նշանակէ համապատասխացնող ասուածային օրէնքներուն։ Բացի այս, մեջբերումէն պարզ է, որ խոսքը դրական իրաւունքի մասին է։ Այսպիսով, օրէնքներու՝ մարդու բնական բնութեան ու բանական բնութեան համապատասխանութեան մասին Շահամիրեանի պահանջը կը նշանակէ, որ դրական իրաւունքի նորմերը պէտք է բխեցուեն բնական, այսինքն՝ աստուածային իրաւունքի սկզբունքներէն։ Հակառակ պարագային՝ ստեղծուած օրէնքները կը համարուին հակաբնական եւ հակաբանական։

Ազատագրական միտք

Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ հայ ազգային-ազատագրական շարժման կեդրոններու հետ։ Հայաստանի ազատագրութիւնը, ըստ Շահամիր Շահամիրեանի, պէտք է կատարուեր օտարի լուծի դէմ համաժողովուրդական ապստամբութեան միջոցով։ Այդ պէտք է գլխաւորէին Արցախի մելիքներն ու Էջմիածնի հոգեւորականները։ Հայ ժողովուրդը կրնար օժանդակութիւն ստանալ Վրաստանէն եւ Ռուսաստանէն։ Ուստի Մադրասի մէջ տպագրուած «Նոր տետրակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերը Շահամիրեանը կ՛ուղարկէ ոչ միայն Սիմէոն կաթողիկոսին, այլեւ Արցախի մելիքներուն, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին, Վրաստանի Հերակլ II թագաւորին։ Ան նամակային կապ կը հաստատէր Ռուսաստանի հայոց թէմի առաջնորդ Յովսեփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ շատ ուրիշներու հետ։ Անոնց հղած իր նամակներուն մէջ ան կը շարադրէ Հայաստանի ճակատագրի մասին ազատագրական խմբակի տեսակետերը եւ առաջարկներ կու տայ այդ ծրագիրի իրագործման համար։ Շահամիրեան կ՛առաջարկէ, դպրոցներ բանալ, ժողովրդի մէջ լուսաւորութիւն տարածել, զինել ժողովրդին, պատրաստուիլ ազատութեան համար պայքարի։

Նամակներուն մէջ դիմելով վրացի Հերակլ II թագաւորին ցոյց կու տայ, որ հայ-վրացական ռազմական դաշինքն ամուր հենարան է Այսրկովկասը թուրք-պարսկական նուաճողներէն ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար։ Որպէս հայ-վրացական դաշինքի խորհրդանշան՝ Շահամիրեանը Հերակլ II-ին կ՛ուղարկէ իր պատրաստած ոսկէ շղթայով ու թանկարժէք քարերով ագուցուած շքանշանը։ Հետագային հասկանալով, որ հայ-վրացական ուժերը, առանց Ռուսաստանի ռազմաքաղաքական օգնութեան, չեն կրնար ազատագրել եւ ապահովել Հայաստանի ու Վրաստանի տեւական անկախութիւնը, կապեր կը հաստատէ ռուսական արքունիքի հետ։ Վրացի թագաւորը իր հերթին Լոռու գաւառը կը նուիրաբերէ Շահամիրեանին եւ անոր շնորհին իշխանի տիտղոս։ 1790 թուականին Հերակլ II-ը Շահամիրեանի առաջարկութեամբ յատուկ ուղերձ կը հղէ Պարսկաստան քշուած հայ ժողովուրդին։ Վերջիններուն ան կը հրաւիրէր բնակութիւն հաստատել վրաց թագաւորութեան կազմին մէջ գտնուող հայաբնակ գաւառներուն մէջ։

Շահամիր Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ նաեւ 18-րդ դարի հայ ազատագրական շարժման գործիչներ Յովսեփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ ուրիշներու հետ։ 1780-ական թուականներուն, երբ ռուսական արքունիքը կը ծրագրէր արշաւել Անդրկովկաս, Շահամիրեանը Ռուսաստանի եւ ապագայ հայկական պետութեան հարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք կարգերու մասին դաշնագրի նախագիծ կը ներկայանայ արքունիքին, ըստ՝ ազատագրուող Հայաստանի մէջ պէտք է հաստատուին հանրապետական կարգեր։

Մադրասի խմբակ

Կաղապար:Հիմնական հոդուած Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ Մադրասի մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 1770-1780-ական թուականներուն մեծ աշխատանք կը կատարեն։ Հովսեփ Էմինի ու Մովսես Բաղրամեանի վերադարձը Հնդկաստան կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ գաղթօջախի կեանքի մէջ։ Անոնք համոզեցին հնդկահայ ուրիշ գործիչներու եւս, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան Հայաստանի ազատագրման գործին մէջ հնարաւոր չէ հասնիլ հաջողութեան։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութեանը, անոնց դաստիարակել հայրենասիրութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգիով[1]։

Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ

Հայ ժողովուրդի մէջ ազատագրական գաղափարներու տարածման, երիտասարդութեան հայրենի երկրի պատմութեանն ու մշակոյթին ծանօթացնելու համար 1771 թուականին Մադրաս քաղաքին մէջ կը հիմնէ հայկական տպարան, ուր 1772 թուականին լոյս կը տեսնէ Մովսես Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» գիրքը[2]։

Պատկեր:Նոր տետրակ, որ կոչի հորդորակ.jpg
«Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ»

1772 թուականին այդ տպարանի մէջ լոյս կը տեսնէ Մովսես Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» գիրքը։ Հայ իրականութեան մէջ այդ առաջին հրապարակախոսական տպագիր աշխատութիւնն էր։ Գիրքին մէջ կը ներկայանան հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը, անոր աշխարհագրական լայնարձակ սահմանները եւ ատոր կը հակադրուի առկա վիճակը, երբ երկիրը կը շահագործէ օտարներու կողմէն։ Գիրքը կոչ կու տայ հայ երիտասարդներուն դուրս գալ օտար բռնակալներու դէմ եւ զէնքի ուժով հասնիլ ազատութեան. «Խիզախութեամբ եղէք, եղէք նմանուողներ մեր նախահոր՝ քաջ Արամի որդիներուն, որ կրնայ ըլլալ թէ այդպիսով կրնանք վերագտնել մեր Արարատեան հայրենիքը»։ «Նոր տետրակի» մէջ կը քննադատուի միապետական կարգը՝ այն համարելով հայոց պետականութեան անկման պատճառներէն մէկը։ Մէկ մարդը վիճակի չէ անսխալ կառավարել, իսկ թագաւորի սխալը դժբախտութիւն է երկրի համար։ Ուստի կ՛առաջարկուի ստեղծել սահմանադրութիւն եւ երկիրը կառավարել ժողովուրդի ընտրովի ներկայացուցիչներու միջոցով։ Գիրքին մէջ ներկայացուած են հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը։ Ներկայացուած է անոր աշխարհագրական լայն սահմանները եւ ատոնց կը հակադրուի առկա վիճակը, երբ երկիրը կը շահագործուի օտարներու կողմէն եւ Հայաստանը աստիճանաբար հայաթափ կ՛ըլլայ։ Գիրքը կոչ կու տայ հայ երիտասարդներուն դուրս գալ օտար բռնակալներու դէմ եւ զէնքի ուժով հասնիլ ազատութեան։ Կ՛ուգայ ժամանակը, որպէսզի հայերն ալ ունենան իրենց սեփական պետութիւնը։ Այդ պետութիւնը Բաղրամեանը կը կոչէ «Մեծ Հայաստան», որ պիտի ընդգրկէր պատմական Հայաստանի բոլոր երկրամասերը, այդ թուին՝ Կիլիկիան։ Վերագտնելու համար «հայրենիքը Արարատեան», ան կարեւոր կը նկատէր երեք պարագայ. ազգային գիտակցութիւն, զինվորականութիւն, եւրոպական կրթութիւն։

«Նոր տետրակը» կ՛ապացուցէր, որ հայ պետականութեան անկման գլխաւոր պատճառը երկրի կառավարութեան միապետական ձեւն էր. մէկ մարդը վիճակի չէ անսխալ կառավարել, իսկ թագաւորի սխալը դժբախտութիւն է երկրի համար։ Ուստի վերականգնուած հայոց պետականութիւնը այլեւս պիտի չ՛ըլլար միապետական, համոզուած էր Բաղրամեանը։ Ատոր փոխարէն ան կ՛առաջարկէր ստեղծել սահմանադրութիւն եւ երկիրը կառավարել ընտրովի ներկայացուցիչներու կողմէն։

Մովսես Բաղրամեանի քննարկուող աշխատութեան մէջ կ՛արծարծուին ժամանակակէն քաղաքագիտութեան համար կարեւոր այնպիսի հիմնահարցեր, ինչպէս հայոց ազգային-ազատագրական շարժման տեսութեան, այդ պայքարի մարտավարութեան ու ռազմավարութեան, միջնադարեան ամբոխէն քաղաքական ազգի կերտման, ազգային գաղափարախոսութեան եւ այլ կարեւոր հիմնահարցեր։

«Նոր տետրակի» օրինակները կ՛ուղարկուին Էջմիածինի Սիմէոն կաթողիկոսին, Գանձասարի Յովհաննէս Հասան-Ջալալեանին, Վրաստանի Հերակլ Բ թագաւորին։ Ստանալով «Նոր տետրակը» եւ զգուշանալով հայ երիտասարդներու անժամանակ ապստամբելու վտանգէն՝ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը խիստ միջոցներու կը դիմէ։ Ան կը հրամայէ հաւաքել եւ այրել այդ գիրքը, փակել տպարանը եւ հեռացնել Մովսես Բաղրամեանին։ Անոր սպառնալիքները, սակայն, չի ձքեցին գիրքի տարածումը։

1786 թուականին «Նոր տետրակը» կը թարգմանուի ռուսերէն եւ լոյս կը տեսնէ Պետերբուրգի մէջ, իսկ այնուհետեւ կը թարգմանուի նաեւ վրացերէն։

Որոգայթ փառաց

Կաղապար:Հիմնական հոդուած

Շարունակելով «Նոր տետրակի» գաղափարները՝ Մադրասի խումբի անդամներէն Շ. Շահամիրեանը կը հրատարակէ «Որոգայթ փառաց» գիրքը[3] գիրքը, որ օտար լուծէն ազատագրելէ ետք ստեղծուելիք ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու էր։ «Որոգայթ փառաց» գիրքը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու ծրագիր էր եւ հայ քաղաքական միտքի կարեւոր նուաճումներէն մէկը։ Իսկ 1783 թուականին կը տպագրէ Մադրասի հայերու ինքնավարութեան, որ իրաւունքը ինքն է ձեռք բերել, կանոնադրութիւնը՝ «Տետրակ որ կոչուած է նշաւակ»։

«Ներածութիւն» կոչուող մասին մէջ Շահամիրեանը կ՛ենթարկէ քննադատութեան կառավարման միապետական կարգերը եւ առաջ կը քաշէ օրէնքի հիման վրայ կառավարման գաղափարը։ Վերջինը կը նմանէր Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած կառավարման ձեւին։ Մանրամասն շարադրելով օրինակելի պետական կարգի գլխաւոր սկզբունքը, Շահամիրեանը կը մերժէ ազնուականութեան ու եկեղեցւոյ դասային առտոնութիւնները, ճորտութեան ու աւատատիրական կախման միւս ձեւերը։

Այս, ըստ էութեան, հակապատմական տեսակէտը բնորոշ է ոչ միայն հայ լուսաւորականներուն, այլև բուրժուա-լուսաւորական դարաշրջանի մտածողներու ճնշող մեծամասնութեանը։ Լուսաւորականները աւատատիրութեան կը դիտէին որպէս մարդկային պատմութեան աւելորդ շրջափուլ։ Այս, ըստ անոնց, արդիւնք է միայն տգիտութեան ու արժանի է արհամարհանքի։

Աշխատութեան առաջաբանը զուտ տեսական բնոյթ չի գրեր, այն հայերուն ուղուած իւրատեսակ մէկ կը դնէ՝ օրէնքները գնահատելու եւ ընդունելու, լուսաւորութեան օգուտները հասկնալու մասին։ Միաժամանակ հայերուն կոչ տրուած էր ազատագրական պայքարի ելլլել օտար լուծի դէմ եւ ազատագրել հայրենիքը.

Թեպետ ինձ համար տխուր է հիշեցնել անօրեններից մեր ազգին հասցված գարշելի նախատինքը, որ հարաժամ կրում ենք մեր ուսերին, չեմ ուզում հիշեցնում այն ամենը, ինչ ես գիտեմ, գուցե դու հանդիպես անօրենների հովանու տակ բնակվող մարդու, վերահասու եղիր, թե ինչ բառով են կանչում հայոց ազգին՝ փոխանակ անհաղթելի թորգոմցիների անվան։ Ու մենք՝ հայերս, քաջ Հայկի որդիներս, Նախիջևան աշխարհի օրհնյալ ծնունդներս, ջրհեղեղի խեղդամահից ընդհանուր մարդկային բնության և ընդհանուր աշխարհի փրկության պատճառ դարձածներս, փոխանակ հատկապես պատվի արժանանալու, հատկապես մարդկության համար՝ նախատինք և ժողովուրդների համար արհամարհանք եղանք՝ մեր անկարգության պատճառով։ Ուրեմն պատշաճ չէ, որ հավիտյան շարունակենք մնալ այսպես, քանզի մարդկային միևնույն բնությունն ունենք, ինչպես այժմյան բոլոր երջանիկ ազգերը արեգակի ներքո, նաև մեզ վրա ենք կրում Տիրոջ հատուկ շնհորն ու ողորմությունը, չէ որ մեզ տվեց Աշխարհն Արարատյան՝ պարարտ ամեն տեսակի գոյակցությամբ։ Թեպետ ես չեմ երդվում, որովհետև մեղք է, բայց իմ մտքում համոզված եմ, որ մինչև չհաստատվի կարգ ու օրենք, կարգ ու կանոն, ծուլությունը մեզնից չի վերանա և թույլ չի տա փայփայելու մեր ազգին։ Եվ մեզանում ծնունդ առած ամեն մեծարժեք բանի գեղեցկությունը չի երևա, մինչև չստեղծվի օրենք ու սահման
- Շահամիր Շահամիրյան


Ընդհանուր ձեւով ուրուագծելով հայոց անցեալի պատմութիւնը՝ Շահամիրեանը կ՛եզրակացնէ, որ միապետութիւնը մեծ վնաս կը հասցնէ Հայաստանին։ Հետեւաբար պէտք չէ թոյլ տալ, որ մեր ազգի մէջ հանդես գայ թագաւոր կամ այլ պաշտօնեա՝ ունենալով միապետական իշխանութիւն։ Ժողովրդին հարկաւոր է ազատել բռնակալներու իշխանութենէն։

Շահամիրեանը կը հիշեցնէր Հռոմի պատմութեան օրինակը, մէկ պետութեան, որ օրէնքի գերիշխանութեան պայմաններուն մէջ հանրապետական կարգերու ժամանակ կը ծաղկէր, իսկ երբ բռնապետութիւն հաստատուեցաւ, այդ կործանուեցաւ։ Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը օրէնքներու անխախտ կիրառումն է, որ անոր կը փրկէ ստրկութենէ, հնաւաւորութիւն կու տայ զբաղուելու բարի գործերով եւ կատարել իր հասարակական պարտքը։ Ազատութիւնը ամենաբարձրագոյն բարիքն է։

Մադրասի սուրբ Մարիամ հայկական եկեղեցի

«Որոգայթ փառացի»-ի երկրորդ՝ ընդարձակ մասը կը ներկայացնէ հայկական անկախ պետութեան սահմանադրութիւնը 521 հոդուածէն բաղկացած նախագիծը։ Շ. Շահամիրեանի կանխատեսած պետական կարգը կը հիմնուի այն սկզբունքի վրայ, որ ամբողջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, պաշտօնեաները անոր համար են, որ անխախտ կիրառեն օրէնքները։ Երկրի բարձրագոյն օրենսդրական հաստատութիւնը հայկական պառլամենտն է՝ «Տունն հայոցը»։ Ըստ վերջինիս տասներկու հազար տուն ունեցող ամէն մէկ մարզէն կ՛ընտրուի 2 լիազոր՝ 3 տարի ժամկետով։ Անոնցէն մէկը ըլլալու «Հայոց տան» անդամ՝ տանուտէր, միւսը՝ պետական պաշտօնեա։ Հայոց տան իւրաքանչիւր անդամ կրնար ազատ կարծիք հայտնել օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ։ Փոխանորդները իւրաքանչիւր տունէն կը ստանային կէս արծաթ դահեկան, որ կը կազմէր վեց հազար դահեկան այդ ըլլալու էր անոնց վարձատուութիւնը։

Հայոց տան իր կազմէն ընտրելու էր 13 հոգի, որոնցէն մէկը վիճակահանութեամբ 3 տարի ժամկետով կ՛ընտրուէր գործադիր իշխանութեան ղեկավար՝ նախարար։ Նախարարն առաջին պաշտօնեան էր, օրէնքի առաջին կատարողը եւ զորքերու գլխաւոր հրամանատարը։ Հայոց տան լիազորութիւններով ան պատերազմ կը հայտարարէր կամ հաշտութիւն կնքել։ Հայոց տունը իր կազմէն պիտի ընտրէր գլխաւոր դատաւորին եւ գերագոյն դատարանի 24 անդամներուն, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, զորքի հրամանատարներուն։ Յատուկ հոդուածներով կը կարգաւորուէին եկեղեցւոյ եւ պետութեան հարաբերութիւնները։ Հայ եկեղեցին կ՛ազատուէր հարկերէն։

Ըստ Շահամիրեանի, հայոց ապագայ պետութեան բարձրագոյն օրենսդիր մարմինը՝ «Հայոց տունը», պէտք է կազմուի ժողովուրդի կողմէն ընտրուած պատգամաւորներէն։ Հայաստանին մէջ պէտք է իշխէ օրէնքը։ «Հայոց տունը» պարտաւոր էր ստեղծել գործադիր իշխանութիւն (կառավարութիւն)։ Այդ նպատակով փոխանորդներէն պետք է ընտրուէին տասներեք հոգի, որոնցէն մէկը վիճակահանութեամբ կրնար դառնալ նախարար, իսկ միւսները՝ նախարարի խորհրդակիցներ։ Նախարարը պէտք էր ըներ օրէնքներու առաջին կատարողը եւ զորքի գլխաւոր հրամանատարը։ Հայաստանի բոլոր բնակավայրերը պէտք է ունենային դպրոցներ։

Ռուսաստանի հովանի տակ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու 20 հոդվածէն բաղկացած նախագիծ կը կազմէր Շահամիր Շահամիրեանը։ Այս նախագիծով Ռուսաստանի օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք էր հռչակուէր հանրապետութիւն՝ պառլամենտական կառուցուածքով։ Կառավարութիւնը պէտք է գլխաւորէր ազգութեամբ հայ նախարարը։ Հայաստանին մէջ 20 տարի ժամկետով պէտք է մնար 6 հազարանոց ռուսական զորք։ Հայաստանը տարեկան հարկ պիտի վճարէր Ռուսաստանին եւ անհրաժեշտութեան դէպքին մէջ տրամադրէր նաեւ զորք։ Կ՛առաջարկուէր երկու երկիրներու միջեւ սահմանել ազատ երթեւեկութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը Պետերբուրգի մէջ պէտք է ունենար իր դեսպանը։ Յովսեփ Արղութեանի ծրագիրի օրինակով Շ. Շահամիրեանի նախագիծը եւս կը ներկայացուի ռուսական կառավարութեանը, սակայն իշխանութիւններու կողմէն ատոնք բաւարար ուշադրութեան չեն արժանանար ու չեն քննարկուիլ[4]։

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Գրականութիւն

Կաղապար:Հայկական գիր և գրականություն Կաղապար:Հայ իրավունք

Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ քաղաքական գործիչներ (արւմտ․)