Յակոբ Եափուճեան

Յակոբ Եափուճեան
Ծնած է 24 Ապրիլ 1945(1945-04-24)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 3 Փետրուար 2018(2018-02-03) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Կարողութիւն ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ
Մասնագիտութիւն հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն
Աշխատավայր ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու, Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Իր մահկանացուն կնքեց 3 Փետրուար, 2018-ին Պէյրութ, Լիբանան: Ազգային-կուսակցական գործիչ: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն: Աւարտած է Սեն Ժոզէֆ համալսարանի հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն բաժինը: Փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ։ Ուսանողական տարիներուն Զաւարեան Աշակերտական Միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ:

Միութենական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Եափուճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ եղած է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան մէջ Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եւս բեղուն եղած է: Համազգայինի հաւատաւոր անդամներէն եղած է` իր ազգային գործունէութեան ամբողջ շրջանին: Յակոբ Եափուճեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նշանակուած է (նշանակովի շրջանին), մասնակից` Համազգայինի նոր կազմակերպական ձեւի մշակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մասնակից` բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն: Երկու յաջորդական շրջան վարած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Ան 3 յաջորդական շրջաններ եղած է Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամական աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եղած է նոյնպէս բեղուն: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու անդամ եղած է: Նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, յետ մահու անոր շնորհուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]