Յակոբ Եափուճեան
Յակոբ Եափուճեան | |
---|---|
Ծնած է | 24 Ապրիլ 1945 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 3 Փետրուար 2018 (72 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Կարողութիւն | ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ |
Մասնագիտութիւն | հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն |
Աշխատավայր | ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու, Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Իր մահկանացուն կնքեց 3 Փետրուար, 2018-ին Պէյրութ, Լիբանան: Ազգային-կուսակցական գործիչ: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 Ապրիլ, 1945-ին, Պէյրութի մէջ։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն: Աւարտած է Սեն Ժոզէֆ համալսարանի հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն բաժինը: Փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ։ Ուսանողական տարիներուն Զաւարեան Աշակերտական Միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ:
Միութենական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Եափուճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է: ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ եղած է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի հաշուապահական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան մէջ Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եւս բեղուն եղած է: Համազգայինի հաւատաւոր անդամներէն եղած է` իր ազգային գործունէութեան ամբողջ շրջանին: Յակոբ Եափուճեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նշանակուած է (նշանակովի շրջանին), մասնակից` Համազգայինի նոր կազմակերպական ձեւի մշակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մասնակից` բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն: Երկու յաջորդական շրջան վարած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Ան 3 յաջորդական շրջաններ եղած է Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինի ատենապետ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամական աշխատանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Եափուճեան գործունէութիւնը եղած է նոյնպէս բեղուն: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու անդամ եղած է: Նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան Տնտեսական խորհուրդի անդամ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, յետ մահու անոր շնորհուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: