Եւրոպայի Դրօշ
Եւրոպայի Դրօշ | |
---|---|
| |
Տեսակ | flag design? |
Իրաւասութեան տարածք | Եւրոպա |
Նշան | 🇪🇺 |
Յարաբերութիւն | 3:2 |
Ընդունուած է | 8 Դեկտեմբեր 1955[1] |
Գոյներ | կապոյտ[1] եւ ոսկեգոյն |
Պատկերուած է | դաշտ[2] եւ հնգաթեւ աստղ[3] |
Նախագծող | Arsène Heitz? եւ Paul Michel Gabriel Lévy? |
Եւրոպայի դրօշ, կը պատկերէ ժամացոյցի թուատախտակի նմանութեամբ շրջանաձեւ դասաւորուած 12 ոսկեգոյն հնգաթեւ աստղի տեսքով։ Ի սկզբանէ կը համարուէր Եւրախորհուրդի դրօշը։
Նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]9 Դեկտեմբեր 1955-ին Եւրախորհուրդի նախարարներու կոմիտէի որոշման պաշտօնական մեկնաբանութեան մէջ դրօշի ընդունման մասին կ՚ըսուի հետեւեալը.
25 Սեպտեմբեր 1953-ին Եւրախորհուրդի խորհրդակցութեան ժամանակ առաջարակուեցաւ ընդունիլ կապոյտ ֆոնի վրայ 15 ոսկեգոյն աստղէ բաղկացած դրօշը, որ խորհուրդանշելու էր Եւրախորհուրդի անդամներու թիւը։
Այդ առաջարկը արժանացաւ Գերմանիոյ դիմադրութեան, քանի որ այդ կը նշանակէր ճանչնալ Սաարը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն (այն 15 անդամներէ մէկն էր)։ Միւս կողմէ, Սաարը եւ Ֆրանսան ժխտեցին 14 աստղի տարբերակը, քանի որ այդ ժամանակ Սաարի մէջ կը նկատուէր անկախանալու ձգտում։ 13 թիւը շատերը կ՚ընկալէին իբրեւ դժբախտութեան թիւ։ 10-ը՝ իբրեւ Եւրամիութեան հիմնադիրներու թիւ, կը խոչընդոտէր միութեան բացութեան գաղափարին։ Ի վերջոյ համաձայնութեան եկան 12 թիւի շուրջ՝ իբրեւ կատարելութեան խորհուրդանիշ[4]:
Տարածուած սխալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Աստղերու անկիւնները պէտք չէ ուղղուած ըլլան ներքեւ
-
Աստղերու անկիւնները պէտք է մատնանշեն ոչ թէ կեդրոնէն ճառագայթաձեւ, այլ վերեւ
-
Աստղերը պէտք է գտնուին ճիշտ նոյն դիրքին մէջ, ինչպէս թիւերը ժամացոյցի թուատախտակի վրայ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Emblems (անգլերէն)