Jump to content

Եւրոպայի Դրօշ

Եւրոպայի Դրօշ
Տեսակ Եւրոպայի խորհրդանիշ[1], դրօշ[2] եւ պատկերանիշ?
Իրաւասութեան տարածք Եւրոպա
Նշան 🇪🇺
Յարաբերութիւն 3:2
Ընդունուած է 8 Դեկտեմբեր 1955[3]
Գոյներ կապոյտ[3] եւ ոսկեգոյն
Պատկերուած է դաշտ[4] եւ հնգաթեւ աստղ[5]
Նախագծող Arsène Heitz? եւ Paul Michel Gabriel Lévy?

Եւրոպայի դրօշ, կը պատկերէ ժամացոյցի թուատախտակի նմանութեամբ շրջանաձեւ դասաւորուած 12 ոսկեգոյն հնգաթեւ աստղի տեսքով։ Ի սկզբանէ կը համարուէր Եւրախորհուրդի դրօշը։

Դրօշի աշխարհագրական կառուցուածքը

9 Դեկտեմբեր 1955-ին Եւրախորհուրդի նախարարներու կոմիտէի որոշման պաշտօնական մեկնաբանութեան մէջ դրօշի ընդունման մասին կ՚ըսուի հետեւեալը.

Արեւմտեան աշխարհի կապոյտ երկնքի ֆոնի վրայ աստղերը կը խորհուրդանշեն Եւրոպայի ժողովուրդներուն շրջանի մէջ` իբրեւ միասնութեան նշան: Աստղերու թիւը անփոփոխ է` 12: Այդ թիւը կը խորհուրդանշէ կատարելութիւն եւ ամբողջականութիւն... ինչպէս կենդանակերպի 12 նշանները կը ներկայացնեն ամբողջ տիեզերքը, այդպէս ալ 12 ոսկեգոյն աստղերը կը պաշտպանեն Եւրոպայի բոլոր ժողովուրդներուն, նաեւ անոնց, որոնք դեռ չեն կրնարմասնակցել միասնական եւ խաղաղ Եւրոպայի կառուցման։


25 Սեպտեմբեր 1953-ին Եւրախորհուրդի խորհրդակցութեան ժամանակ առաջարակուեցաւ ընդունիլ կապոյտ ֆոնի վրայ 15 ոսկեգոյն աստղէ բաղկացած դրօշը, որ խորհուրդանշելու էր Եւրախորհուրդի անդամներու թիւը։

Այդ առաջարկը արժանացաւ Գերմանիոյ դիմադրութեան, քանի որ այդ կը նշանակէր ճանչնալ Սաարը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն (այն 15 անդամներէ մէկն էր)։ Միւս կողմէ, Սաարը եւ Ֆրանսան ժխտեցին 14 աստղի տարբերակը, քանի որ այդ ժամանակ Սաարի մէջ կը նկատուէր անկախանալու ձգտում։ 13 թիւը շատերը կ՚ընկալէին իբրեւ դժբախտութեան թիւ։ 10-ը՝ իբրեւ Եւրամիութեան հիմնադիրներու թիւ, կը խոչընդոտէր միութեան բացութեան գաղափարին։ Ի վերջոյ համաձայնութեան եկան 12 թիւի շուրջ՝ իբրեւ կատարելութեան խորհուրդանիշ[6]:

Տարածուած սխալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]