Անդրյորդանան

Անդրյորդանան կամ Արեւելեան ափ[1] ( անգլ՝. Transjordan, East Bank , եբրայերէն՝[2]) עבר הירדן ]) - Յորդանան գետին Արեւելքը գտնուող տարածաշրջան, որուն զգալի մասը ընդգրկուած է Յորդանանի Թագաւորութեան մէջ։

Եբրայական եզրոյթը՝ עבר הירדן կը նշանակէ «Յորդանանի միջով», կիրառուած է, օրինակ, Աստուածաշունչի Հին Կտակարանի Հեսու Նավէի գիրքին մէջ:

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէեւ Անդրյորդանան անուանումը կը նշանակէ Յորդանան գետին Արեւելքը ինկած տարածաշրջանը, անիկա չի ներառեր Եարմուք գետին Հիւսիսը գտնուող տարածքները, Գալիլիա ծովը եւ Կոլանի բարձունքները, որոնք այսօր կը պատկանին Իսրայէլին:

Յորդանանի Հաշէմեան թագաւորութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ Անդրյորդանան կոչուող տարածաշրջանը կը զբաղեցնէ շուրջ 72,5 հազար քառակուսի քիլոմեթր տափաստանային եւ անապատային հողեր մինչեւ Իրաքի հետ սահմանը ինկած լայն գօտիին, որ Սէուտական Արաբիան կը բաժնէ Սուրիայէն: Սակայն նախապէս այդ եզրոյթը վերաբերած է նաեւ աւելի Հարաւ՝ մինչեւ Կարմիր ծով եւ Աակապա ծովածոց ինկած ամբողջ տարածքին:

Անդրյորդանանին մէջէն կը հոսին քանի մը ոչ մեծ գետեր՝ Եարմուք, Եաբոկա (Զորկան) եւ Արնոնա (Ուատի Մուձիբը), որոնք կը թափին Յորդանան գետ ու Մեռեալ ծով:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դարերու ընթացքին այս տարածաշրջանը նուաճուած է զանազան ցեղերու ու ժողովուրդներու կողմէ: Ըստ Աստուածաշունչին, Ն.Ք. 1900-1050 թուականներուն այստեղ ապրած են Zuzimi , Emi , Horei հնագոյն ցեղերը՝ Ham, Moab , Edom , Gad, Amon անուանումները կրող թագաւորութիւններու մէջ:

Այդ ժամանակաշրջանի եգիպտական արձանագրութիւնները կը յիշատակեն Յորդանան գետի հովիտին մէջ գտնուող Պելա, Զաֆոն քաղաքները: Ռամզես Երկրորդ փարաւոնի՝ Ն.Ք. 13-րդ դարու արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի Մոաբի թագաւորութեան Տիպոն քաղաքը:

Ասորեստանի թագաւոր Թիգլաթպալասար Գ. Ք.ա. 732-ին գրաւած է այս տարածաշրջանի մեծ մասը: Ք.ա. 3-րդ եւ 2-րդ դարերուն հոն իշխած են պտղոմէոսեան թագաւորական ընտանիքի առաջին ներկայացուցիչները, իսկ աւելի ուշ տարածաշրջանը ենթարկուած է սելեւկեաններու յարձակումներուն:

Պտղոմէոս Ժբ. Աուլետը Ք.ա. 63-ին իր տիրապետութիւնը հաստատած է հոս՝ միայն Փերուն թողելով հրեաներու իշխանութեան տակ: Ք.ե. 68-ին՝ հրեա-հռոմէական առաջին պատերազմին արդիւնքով Փերուն նոյնպէս յայտնուած է հռոմեացիներու տիրապետութեան տակ:

106-ին, երբ կայսր Տրայանոսը կը նուաճէ Նապաթիան եւ կը միացնէ Հռոմին, Անդրյորդանանին մէջ կը վերանայ հնագոյն վերջին թագաւորութիւնը:

Բիւզանդական տիրապետութեան շրջանին հոս լայնօրէն կը տարածուի քրիստոնէութիւնը: 629-ին ներկայիս Քարաք քաղաքի մերձակայքը տեղի կ'ունենայ բիւզանդացիներու եւ արաբներու միջեւ առաջին ճակատամարտը, որ պատմութեան մէջ կը մտնէ Մութահայի ճակատամարտ անուանումով: Երեք տարի ետք տեղի կ'ունենայ ճակատամարտ մը եւս, որուն պատճառը Մուհամմէտ մարգարէի սպանութիւնն էր։

Եարմուքի 636-ի ճակատամարտին արաբներու տարած յաղթանակէն ետք անոնց գերիշխանութիւնը տարածաշրջանին մէջ վճռորոշ կը դառնայ:

1119-1191 տարիներուն Երուսաղէմի թագաւորութեան օրօք Վատիկանը հոս հիմնած էր Անդրյորդանան պետութիւնը: Խաչակիրներու եւ արաբների ու սելճուքներու միջեւ կռիւները այստեղ բռնկուած ու հանդարտած են մինչեւ տասնչորսերորդ դարու սկիզբները:

15-րդ դարուն տարածաշրջանը ինկած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ եւ այդպէս մնացած մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիները՝ մտնելով Սուրիոյ վիլայէթի մէջ: 1900-1908 տարիներուն թուրքերը կառուցած են Դամասկոս-Մատինա 1200 քիլոմեթրանոց ճանապարհը, որուն մեծ մասը կ'անցնէր Անդրյորդանանով:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն արաբները ապստամբած են թուրքերու դէմ եւ բրիտանական բանակին օգնութեամբ ազատագրուելով՝ Հուսէյն պին Ալիին ու անոր որդիին բերած են իշխանութեան[3], սակայն իրական իշխանութիւնը բրիտանացիներու ձեռքը կեդրոնացուած էր:

Գահիրէի 1921-ի խորհրդաժողովը, որու նպատակն էր լուծել Սայքս-Փիքոյի համաձայնութենէն ետք ծայր առած քաղաքական հակամարտութիւններն ու վէճերը, Ուինսթոն Չերչիլի գլխաւորութեամբ որոշեց Անդրյորդանանի էմիրութեան մէջ հաստատել բրիտանական հովանաւորութիւն՝ Հուսէյն պին Ալիի երկրորդ որդու՝ Ապտուլլա իպն ալ-Հուսէյնի գլխաւորութեամբ: Ձեւականօրէն՝ այն անկախութիւն կը ստանայ 15 Մայիս 1923-ին:

Մարտ 1946-ին էմիրութիւնը կը հռչակուի անկախ պետութիւն՝ Անդրյորդանանի Հաշէմեան Թագաւորութիւն անուամբ: Անուանումը 1 Մարտ 1948-ին կը փոխուի՝ ստանալով ներկայի ձեւակերպումը՝ Յորդանանի Հաշէմեան Թագաւորութիւն:

Քարտէզներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • CE
  • Առեւտրական ճանապարհներ
  • Եգիպտական թագաւորութիւն
  • Անդրյորդանանի թագաւորութիւնը Ն.Ք. 830 թ.
  • Պարսից աքեմենեան թագաւորութեան օրոք
  • Հելլենիստական դարաշրջանին
  • Հռոմէական արեւելքը
  • Հռոմէական կայսրութիւնը

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • The Anchor Bible Dictionary|auteur=Henry O. Thompson|auteur ouvrage=David Noel Freedman (dir.)|volume=6|année=1992}}
  • Oxford Encyclopaedia of Archaeology in the Near East|volume=5| auteurs ouvrage=Eric M. Meyers (dir.)| lieu = Oxford et New York| éditeur= Oxford University Press|année =1997|isbn =0-19-506512-3}}

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. N. Orpett (2012)։ «The Archaeology of Land Law: Excavating Law in the West Bank»։ International Journal of Legal Information 40: 344–391 
  2. Merrill Selah (1881)։ East of the Jordan: A Record of Travel and Observation in the Countries of Moab, Gilead and Bashan։ C. Scribner's sons։ էջ 444։ «Image of p. 444 at Google Books» 
  3. B.O.C. Business Optimization Consultants։ «Jordan - History - The Making of Transjordan» 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]