ABBA

ABBA․ ձախէն աջ՝ Պենի Անտերսըն, Անի-Ֆրիտ Լինկսթանտ, Ակնեթա Ֆալթսքոկ եւ Պիորն Իւլվաես

ABBA․ շուէտական փոփ/ռոք երաժշտութեան խումբ, կազմուած 1972-ին Սթոքհոլմ։ Խումբին անդամներն են՝ Անի-Ֆրիտ Լինկսթանտ, Պենի Անտերսըն, Պիորն Իւլվաես եւ Ակնեթա Ֆալթսքոկ։ Խումբին անունը՝ ABBA կազմուած է անոնց անուններուն առաջին գիրէն։ Փոփ երաժշտութեան պատմութեան մէջ ամենէն յաջող խումբերէն մէկը եղած է (1975-1982)։ Ծախած է 381 միլիոնէ աւելի ձայնապնակներ։

Աշխարհածանօթ կը դառնան երբ 1974Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին առաջին դիրքը կը գրաւեն (Շուէտիոյ առաջինը) «Waterloo» երգով։ Խումբը կը լուծուի 1982-ին։

ABBA խումբին անդամները նկարուած «Մամմա Մի՛ա!»ին դերակատարներուն հետ

Երաժշտութեան բնագաւառէն ներս խումբին ասպարէզը կը վերամատակարարուի «Միւրիէլին հարսանիքը» եւ «Փրիսիլային արկածախնդրութիւնները / Անապատին թագուհին» ժապաւէններուն միջոցով։

1999-ին անոնց երաժշտութիւնը կը պատշաճեցուի «Մամմա Մի՛ա!» «միւզիքալ»ին համար, իսկ համանուն ժապաւէնը որ հանրութեան թողարկուեցաւ 2008-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ այդ տարին առաջինը եղաւ ստացուած եկամուտով։

2005-ին, Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին յիսնամեակին առթիւ, ելոյթին ընթացքին ABBA խումբը կը պարգեւատրուի․ «Waterloo» երգը կ՛ընտրուի Եւրատեսիլ մրցոյթին պատմութեան մէջ որպէս ամենէն լաւ երգը։

2021-ին ABBA կ՛արտադրեն երեք նոր երգեր՝ «I Still Have Faith In You», «Don't Shut Me Down» եւ «Just A Notion», եւ կը հրապարակեն երկու ձայնապնակներ՝ «Voyage» եւ «Just A Notion»։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]