Jump to content

Ֆրանսիս Քիւրքճեան

Ֆրանսիս Քիւրքճեան
ֆրանսերէն՝ Francis Kurkdjian
Ծնած է 14 Մայիս 1969(1969-05-14) (55 տարեկան)
Ծննդավայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր ISIPCA?
Մասնագիտութիւն բուրագործ, գործարար
Աշխատավայր Maison Francis Kurkdjian?

Ֆրանսիս Քիւրքճեան (14 Մայիս 1969(1969-05-14), Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսահայ բուրագործ, գործարար: ֆրանսական օծանելիքի միութեան ընկերակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի օծանելիքի լաւագոյն տարատեսակներու ստեղծողներէն մէկը[1]: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, իր ձեռքբերումներուն համար։

Կենսագրական Տուեալներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիւրքճեան ծնած է Փարիզ, հայ ծնողներէ, 14 Մայիս 1969 թուականին[2]: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած բռնի տեղահանութեան, աքսորի եւ ցեղասպանութեան պատճառով, Քիւրքճեան ընտանիքը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Հալէպ[3][4], ապա մնայուն բնակութիւն հաստատած՝ Ֆրանսա:

Ֆրանսիս ծանօթանալով պարի եւ երաժշտական արուեստին, երիտասարութեան շրջանին ցանկացած է պալէ պարող դառնալ[5]1983 թուականին, մրցումը չանցնելու պատճառով, ան չէ կրցած սովորիլ Փարիզի Օփերայի պարի դպրոցէն ներս:

Քիւրքճեան, 13 տարեկանին օծանելիք պատրաստելու հետաքրքրութիւն ունեցած է, եւ 1985-ին որոշած՝ բուրագործ (parfumeur) դառնալ[6][7]:

1990 թուականին, Քիւրքճեքան ընդունուեցաւ «Supérieur International du Parfum» հիմնարկ, զոր քոսմեթտիքի, սննդամթերքի եւ սննդամթերքի դպրոց է (ISIPCA, Institut supérieur international du parfum, de la cosmétique et de l'aromatique alimentaire)։ 1993 թուականին աւարտած է ISIPCA դպրոցը Եւ միեւնոյն տարուան ընթացքին միացած՝ Փարիզի Quest International-ին: Անոր ուսումնասիրութիւնները շարունակուեցան ու ձեռք բերաւ մագիստրոսի աստիճան՝ Փարիզի «Luxury Marketing» բաժինէն ներս։

Պատանեկութենէն օծանելիք պատրաստելու հետաքրքրութեամբ, Ֆրանսիս իր առաջին գլուխ-գործոցը մեծ յաջողութիւն ապահոված է[8], Ժան Փոլ Կոթիէի «Լը Մալ» օծանելիքով:

Ա­նոր ստեղծագործութիւններէն են նաեւ՝ Էլի Սաապի «Լը Փարֆէօն»ը, Նինա Ռիչչիի «Լ՚էքսթազ»ը, Ճիորճիօ Արմանիի «Մանիա»ն, Իվ Սէն Լորանի «Քուրոս»ը, Լանվենի «Ռիւմէօր»ը, Կերլենի «Ռոզ պարպար»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ ստեղծագործութիւններ:

2009 թուականին Քիւրքճեան հիմնած է օ­ծանելիքի իր տունը՝ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»ը:

  • 2001 թուականին արժանացած՝ «Ֆրանսուա Քոթի» ( François Coty) մրցանակին, իր ձեռքբերումներուն համար:
  • 2008 թուականին ճանչցուած՝ տարուան լաւագոյն բուրագործ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ[permanent dead link]
  2. Francis Kurkdjian, Salon parfums et aromes Archived 2019-09-14 at the Wayback Machine.(ֆր.)
  3. Carter Lee։ «Francis Kurkdjian Is Creating His Own Olfactory Universe»։ Hint Fashion Magazine։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-28 
  4. «Armenians of the World-Fransis Kurkjyan»։ YouTube։ Shant TV 
  5. «Francis Kurkdjian» (French)։ Parfume et Aromes։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-28 
  6. Հանրայայտ Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան
  7. Francis Kurkdjian :: Perfumers(անգլերէն)
  8. «Francis Kurkdjian Fragrances»։ Sartorial Male։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-28 

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]