Ֆիսարում փոլիսեֆալում (Պլոպ)
Ֆիսարում փոլիսեֆալում (Պլոպ), կենդանի մարմին մըն է, սակայն` ո՛չ անասուն մը, ո՛չ բոյս մը, ո՛չ ալ սունկ մը:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա կազմուած է միակ բջիջէ մը, որուն մէջը կան միլիոնաւոր կորիզներ մինչ մարդկային մարմինը ունի 100 հազար միլիառ բջիջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մէկ կորիզ:
Անիկա կենդանի մարմին մըն է, սակայն` ո՛չ անասուն մը, ո՛չ բոյս մը, ո՛չ ալ սունկ մը: Անիկա շատ հին է, երկրագունդին վրայ յայտնուած է 1 միլիառէն 500 միլիոն տարի առաջ: Անոր կարելի է հանդիպիլ փտող տերեւներու վրայ, եւ ծառերու կոճղերու վրայ, զով եւ խոնաւ վայրերու մէջ:
Տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցարդ գոյութիւն ունին 1000 տարբեր տեսակներ` տարբեր գոյներով եւ ձեւերով: Ասիկա կը ներկայացնէ գոյութիւն ունեցող «պլոպներ»ուն հինգ առ հարիւրը: Բնութեան մէջ անոր չափը 1 սմ քառակուսիէն մինչեւ 1 մեթր քառակուսի կրնայ ըլլալ: Սակայն տարրալուծարանին մէջ անոր մեծութիւնը կրնայ հասնիլ 10 մեթր քառակուսիի: «Պլոպ»ը` կը նմանի խաղի կաւի, կարելի է զայն կտրել, կտորները իրարու միացնել, դարձեալ կտրել եւ այլն[1]:
Վայր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անտառներուն խորերը, ուր շատ լոյս չկայ: Պէտք չէ, որ օդը շատ ցուրտ, կամ շատ տաք ըլլայ: Անիկա գոյութիւն ունի բոլոր երկիրներուն մէջ, եւ ամէն մարդ կրնայ զանոնք տեսնել: Սակայն մարդիկ յաճախ զանոնք կը շփոթեն սունկերուն հետ:
Դերակատարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պլոպը բնապահպանութեան մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի: Ան մանրէներու որսորդ մըն է: Բնութեան մէջ «պլոպ»ը կը մարսէ մանրէները եւ դուրս կը թափէ մանր տարրեր, որոնք կը գործածուին սունկերուն կամ բոյսերուն կողմէ` սնանելու համար: «Պլոպ»ները հիմնական են սնունդի շղթային մէջ:
«Պլոպ»ը ունի շատ գործօն երակային դրութիւն մը, զոր գիտնականները կրնան ընդօրինակել: Այս ուսումնասիրութիւնները կրնան շատ օգտակար ըլլալ քաղցկեղներու եւ մանրէներու դէմ աշխատանքներուն պարագային[2]: