Jump to content

Մանրէները Եւ Բնական Պաշտպանութեան Մարդկային Կազմուածքը

«Մանրէները եւ բնական պաշտպանութեան մարդկային կազմուածքը» գիտութեան զարգացումը կը պարտինք մարդու հետաքրքրութիւններուն:1677-ին Լէօվէնհոյէք անունով հոլանտացի ապակիի վաճառական մը խտացուած ապակիներու միջոցով զննեց իրերը եւ նկատեց, որ ջուրի կաթիլի մը մէջ կան մանրէներ: Ան կը նկատուի մանրադիտակին նախահայրը:

Այս յայտնաբերութիւնը կը բացայայտէ այսպէս կոչուած այլ աշխարհի մը գոյութիւնը՝ փոքր էակներուն ներկայութիւնը:

Միեւնոյն վաճառականը կը շարունակէ զննել եւ նորանոր բացայայտումներ երեւան հանել: Ան իր ատամներուն վրայ գտնուող նիւթերն ալ կը զննէ ու այդտեղ ալ կը գտնէ մանրէներ:

Նշեալ գիւտին իբրեւ արդիւնք, ան մաս կը կազմէ անգլիացի գիտնականներու միութեան մը: Յետագային, յստակ դարձաւ, որ մանրէները գրեթէ ամէն տեղ կան ու մեր միջավայրին մաս կը կազմեն: Անոնք կ’ապրին ու կը բազմանան մեր օգտագործած իրերուն վրայ: Ուտելիքներուն ու հեղուկներուն հետ մուտք կը գործեն մեր մարմինի շնչառական ու մարսողական համակարգերուն մէջ:

Ապա կատարուած հետազօտութիւնները հաստատեցին, որ կարգ մը հիւանդութիւններուն պատճառը մանրէներն են: Ֆրանսացի Փասթորը եւ գերմանացի Գոշը կը հաստատեն այս իրականութիւնը, ինչ որ արմատական առումով վերանայման ենթարկել կու տայ բժշկութեան հիմունքները, որոնք դարերէ ի վեր մնացած էին անփոփոխ:

Այսուհետեւ մարդը կը գիտնար, որ հիւանդութեան ախտածինը մանրէ մըն է, որմէ այլեւս կարելի էր պաշտպանուիլ, հեռու մնալ...

Ուրեմն, մանրէները կրնան ըլլալ ախտածին եւ օգտակար: Օրինակի համար աղիքներուն մէջ գտնուող մանրէները կենսական դեր ունին աղիքային համակարգի աշխատանքներուն մէջ:

Որոշ դեղեր կրնան խախտել այդ մանրէներու տոկոսային յարաբերութիւնները, ինչ որ պատճառ կը դառնան աղիքային խանգարումներու: Իսկ Bifidum bacteria-ին գծով գովազդները, թէ աղիքներուն համար օգտակար են, ճիշդ չեն, եթէ բժիշկի ցուցմունքներ չկան:

Ժամանակակից գիտութիւնը միքրօ աշխարհի բնակիչները կը բաժնէ չորս դասակարգի՝ Ա. Միաբջիջ էակներ (Protozoaires), Բ. Սունկեր (Mycoses), Գ. Մանրէներ(Bacteries), Դ. Ժահրեր(Virus):

Վերջին դասակարգը բացայայտուեցաւ, երբ գործածութեան դրուեցաւ ելեկտրոնային մանրադիտակը, որուն ճամբով կարելի եղաւ կատարել յայտնաբերութիւնը: Քիթն ու բերանը կը հանդիսանան մանրէներու բնակութեան տարածքները ու մարմինի հիմնական մուտքերը:Ախտածին մանրէները պէտք է թափանցեն մարմինին մէջ, որպէսզի առաջացնեն վարակ, եւ այդ թափանցումը կ’արգիլուի մարդու մորթի ու լորձաթաղանթի միջոցով: Այս երկու պատնէշները մանրէներու դէմ պաշտպանութեան առաջին գիծերն են եւ այս պաշտպանութիւնը լիարժէք ըլլալու համար մորթն ու լորձաթաղանթը պէտք է ըլլան առողջ, որ կապ ունի մաքրութեան հետ: Մարդու մարմնական մաքրութիւնը վարակներէն զերծ մնալու համար ամէնէն հին եւ ազդեցիկ կանխարգիլման միջոցն է:

Օճառն ու ջուրը զէնքերն են, որոնց ճամբով առողջ կը մնան մորթն ու լորձաթաղանթը:

Աղտոտ ձեռքերը հիւանդութիւններու փոխանցման ամէնէն տարածուած միջոցներեն են: Իսկ կտրուածքի, հարուածի եւ այլ վնասուածքներն ու վէրքերը կրնան առիթ հանդիսանալ վարակներու փոխանցման:

Վէրքը մահացու չէ, սակայն երբ ախտածին մանրէներու մուտքի պատճառն է, ապա կրնայ մահ պատճառել: Այսօր այդ մահացութեան տոկոսը մեծապէս նուազած է, որովհետեւ խնամքի միջոցներն ու դեղեր աւելցած են: Փոքր թէ մեծ վէրքերու պարագային պէտք է զգուշութեամբ հետեւիլ բուժման՝ մինչեւ սպիացումը: Վէրքը պէտք է մաքուր պահել, ախտահանել, ի հարկին ծածկել, հետեւիլ բժիշկի ցուցմունքներուն...Այս քայլերը որոշ չափով կը կասեցնեն մանրէներուն մուտքը եւ կ’օգնեն, որ վնասուած հիւսուածքները վերակառուցուին:

Վերջապէս, բնութիւնը ընդհանուր հաւասարակշռութեան մէջ է: Համակարգի հատուածի մը խախտումը կը վտանգէ հաւասարակշռութիւնը ու վտանգ կը սպառնայ ընդհանուրին:

Եթէ օր մը մարդկութեան թիւը մօտենայ 10 միլիառի եւ կամ 100-ի, պէտք չէ մոռնանք, որ բաժակ մը ջուրի մէջ կրնան ապրիլ միլիոնաւոր մանրէներ կամ ճահիճի մը երեսին՝ բազմամիլիառանոց միաբջիջներ...Ու հարց պէտք է տանք, թէ ովքեր են երկիր մոլորակին իսկական բնակիչները...

(ԶԳՈՅՇ), Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Բ տարի, թիւ 1 (5), 2016