Օսմանեան Կայսրութեան Անկումը

Օսմանեան Կայսրութեան Անկումը ՌՈԽ-ՌՉՁԳ (1640-1783) Արևմտեան Եւրոպայի նկատմամբ Օսմանեան պետութեան ոյժի եւ տարածքի աստիճանական կորուստն է։[1]

Ժամանակացոյց [2]
1648 Սուլթան Իպրահիմ գահընկէց կ՚ըլլայ, ապա Ենիչէրիներուն կողմէն կը սպաննուի։
1656 Վենետիկեան մարտանաւային խումբը Օսմանեան նաւատորմիղըը պարտութեան կ՚ենթարկէ։
1683 Օսմանցինեու Վիեննայի երկրորդ պաշարումը կը ջախջախուի։
1699 «Կարլովից»-ի պայմանագիրը կը հաստատէ Պալքաններուն մէջ օսմանցիներուն պարտութիւնը։
1736 Ռուսական ոյժերը ետ կը գրաւեն Ազովը եւ յառաջ կը շարժին դէպ ի Եաս։
1739 Պէլկրատի համաձայնագիրի արդիւնքով հիւսիսային Սէրպիան կը վերադարնայ Օսմանցիներուն տիրապետութեան տակ։
1783 Ռուսաստանի դշխուհի Քաթրին Մեծը կը կցէ Խրիմն ու սեւ ծովու հիւսիսային ծովեզերքը։

Հանգրուաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապստամբութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոքոլանա (լեհերէն՝ Roksolana) կամ Խուրրէմ Սուլթան (օսմանական թրքերէն՝ خُرّم سلطان - արդի թրքերէն՝ Hürrem Sultan), երբեմնի լեհուհի (անգլերէն՝ Polish) գերին՝ սուլթան Սիւլէյմանի կանանոցին մէջ, որ դարձաւ անոր օրինաւոր կինը եւ անոր ժառանգորդին մայրը։
Ռոքոլանա (լեհերէն՝ Roksolana) կամ Խուրրէմ Սուլթան (օսմանական թրքերէն՝ خُرّم سلطان - արդի թրքերէն՝ Hürrem Sultan), երբեմնի լեհուհի (անգլերէն՝ Polish) գերին՝ սուլթան Սիւլէյմանի կանանոցին մէջ, որ դարձաւ անոր օրինաւոր կինը եւ անոր ժառանգորդին մայրը։

Վերականգնում ապա նահանջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սահմանադրական եւ տնտեսական խնդիրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ ԺԸ (18-րդ դարուն) Օսմանեան կայսրութիւնը յայտնուեցաւ ներքին խնդիրներու ճնշումին տակ։[2]

Սակաւող հարկային մուտքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կայսրութեան գրաւումին տակ գտնուող շրջաններէն եկող հարկերը պակսեցան։ Դրամի կարօտ, Սուլթանները հարկահաւաքի իրաւունքները (նամանաւանդ պետութեան պատկանող կալուածներուն իրաւունքները) կը ծախեն անհատ գարծառկուներու։ Շատերու համար ասիկա կողոպուտի արտօնութիւն մըն էր։ Աւարառութիւնն ու աւազակութիւնը առաւելապէս կայսրութեան գրաւումին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ կը դառնան սովորութիւն, եւ կառավարութիւնը չկարողանանար (կամ չկամենար) պահպանել կարգն ու կանոնը։[2]

Ենիչէրիներու փտածութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչ ռազմական նուաճումները սկսան հատնիլ, ենիչէրիներն զինուորագրելու դրութիւնը Տեւրիշմէն, նուաճուած ժողովուրդներու մանչ զաւակները առեւանգելու միջոցաւ) կը սկսի փլուզուիլ։ Ենիչէրի զօրախումբերը ինչքան կը զօրանային այդքանալ կը փչանային. կը նախընտրէին պալատական կեանքին hեշտանքն ու բերկրանքը, ռազմարշաւներն ու բանակին մէջ ծառայելու փոխարէն (այն նպատակը որուն համար իրենց ընտանիքներէն առեւանգուած ու ժողվուած էին)։[2]

Խափանուած առեւտրական ուղիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացի այս բոլորէն, կայսրութիւնը կը կանգնի տնտեսական ցաւալի նահանջին դիմաց։[2]

  • Դէպ ի արեւելք տանող Օսմանեան առեւտրային ուղիները (Կարմիր ծովէն եւ Պարսից ծոցէն անցնող) երթալով կը շրջանցուէին, քանի որ Ասիոյ խորքերէն եկած բարիքները կը փոխադրուէին Բարէյուսոյ հրուանդանի ճամբով դէպ ի Լոնտոն ու Ամսթրտամ առաւել քան երբեւէ։[2]
  • Միւս կողմէն Ռուսաստանի դէպ ի արեւելք ընդլայնումը կը բանայ անդրսիպերիական առեւտրական ուղին դէպ ի Չինաստան, շրջանցելով Օսմանական եւ Սեֆեան կարաւաններու աւանդական ուղիները։[2]

Օսմանցիներուն պարտութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ այն դժուարութիւններուն որոնց դիմագրաւեցին օսմանցիները, անոնք շարունակեցին մնալ զօրաւոր ռազմական ոյժ մը։ ՌՉԺԱ (1711) թուականին «Մեծն Պետրոս Ցար»-ին «Պռուտ» (արդի արեւմտահայերէնի տառադարձութեամբ Փռուդ) գէտին քովը պարտութեան մատնելէ ետք անոնգ վերագրաւեցին «Ազով» աւանը, եւ ժամանակի մը համար կը կասեցնեն Ռուսաստանի ձգտումը գերիշխելու Սեւ ծովու տարածքը։ ՌՉԺԴ էն սկսեալ, Եւրոպայի մէջ օսմանցիները դարձեալ կ՚անցնին յարձակումի, գրաւելով Պելոպոնեսը Աւստրիայէն, ապա Պելկրատը ՌՉԼԹ (1739) թուականին, զորս կորսնցուցած էին ՌՉԺԷ (1717) թուականին։

Այնուամենայնիւ օսմանցիներուն այս ձեռքբերումները վաղանցիկ էին, disguising the reality that the Ottoman Empire was falling seriously behind its rivals in terms of military tactics and technology; a fact brutally demonstrated in a crushing defeat delivered by the Russians in 1770, resulting in the destruction of the Ottoman navy and the final loss of the Crimea. By the end of the 18th century, most Ottoman territories beyond the empire's heartland in Anatolia and the Middle East were effectively independent

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

A history of the world - The Story of Mankind from Prehistory to the Modern Day, Alex Woolf, Arcturus Publishing Limited, London, 2016.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. A. Wolf - Ա․ ՈՒօլֆ էջ՝ 176։
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 A. Wolf - Ա․ ՈՒօլֆ էջ՝ 177։