Jump to content

Օսմանեան Կայսրութեան Վերելքը

Օսմանեան Կայսրութեան Վերելքը ՌՆՂԲ- ՌՈԽ (1492-1640) Օսմանեան Կայսրութեան փոքր իշխանութենէ մը (թրքերէն՝ Osmanlı Beyliği)`Նախա-Կայսերական Շրջան (անգլերէն՝ Proto-Imperial Era)[1] ընդարձակ կայսրութեան մը վերածուելու ժամանակաշրջանն ու դէպքերու շարունակականութիւնն է։[2]

Ժամանակացոյց [3]
1514 Սէլիմ Ա․ն Չալտրանի ճակատամարտին Սեֆեաններուն (Պարսիկ) պարտութեան կ՚ենթարկէ։
1516 Սէլիմ Ա․ն Մարճ Տապէգ-ի Ճակատամարտին պարտութեան կ՚ենթարկէ Մէմլուքներուն։
1533 Սուլթան Սիւլէյման խաղաղութիւն կը հաստատէ «Ֆէրտինանտ » Ա․ի (Հապսպորկ տոհմ) հետ։
1574 Օսմանցիները կը վերագրաւեն Թունիսը՝ լրացնելով հիւսիսային Ափրիկէի նուաճումը։
1622 Սուլթան Օսման Բ․ն կը սպաննուի Ենիչէրիներուն կողմէն։
1639 «Գասրէ Շիրին»-ի պայմանագիրով (թրքերէն՝ Kasr-ı Şirin Antlaşması) (պարսկերէնով կը կոչուի` «Զուհապ»-ի պայմանագիր՝ عهدنامه زهاب), Օսմանեան եւ Սաֆեան կայսրութեանց միջեւ կը գծուի մշտական սահման մը։
1639 Սուլթան Մուրատ կը փորձէ նուազեցնել Ենիչէրներու իշխանութիւնը՝ չեղարկելով Տէւրիշմէ-ն (Քրիստոնեայ տղաներուն, մասնաւորապէս Պալքաններէն կ՚առեւանգէին՝ ծառայելու օսմանեան բանակին մէջ)։

Օսմանեան Կայսրութեան Ընդլայնում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիւլէյման Առաջին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիւլէյման առաջինի (1520–1566), որ յաճախ կը կոչուի «Սիւլէյման փառաւոր» թագաւորութեան օրերը, Օսմանեան կայսրութեան զօրութեան գագաթնակէտն էին: Սւիլէյման ի կատար ածեց կարեւոր իրաւական բարեփոխումներ, ամրապնդեց կեդրոնական վարչակարգը եւ հովանաւորեց արուեստը, ճարտարապետութիւնը եւ գրականութիւնը: Անոր արշաւանքները տարածեցին օսմանեան վերահսկողութիւնը հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Արեւմտեան ասիոյ արեւելքի մեծ մասին վրայ՝ կայսրութիւնը դարձնելով տիրապետող համաշխարհային զօրութիւն:

Օսմանցիները Եւրոպայի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմներ Սեֆեաններու Դէմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

A history of the world - The Story of Mankind from Prehistory to the Modern Day, Alex Woolf, Arcturus Publishing Limited, London, 2016.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Murphey Rhoads (2008)։ Exploring Ottoman Sovereignty: Tradition, Image, and Practice in the Ottoman Imperial Household, 1400-1800։ London: Continuum։ էջ 41։ ISBN 978-1-84725-220-3
  2. A. Wolf - Ա․ ՈՒօլֆ էջ՝ 174։
  3. A. Wolf - Ա․ ՈՒօլֆ էջ՝ 175։