Jump to content

Քրիստափոր Իֆատեան

Քրիստափոր Իֆատեան
Ծնած է 1938
Ծննդավայր Գամիշլի, Ալ-Կամիշլիի շրջան, Գամիշլի, Հասաքէ, Սուրիա
Ուսումնավայր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան

Քրիստափոր Իֆատեան, ծնած է Գամիշլի, 1938-ին, զաւակն է Սեբաստիոյ Զիլէ գիւղի Սէնէքերիմ Իֆատեանի եւ Պիթիաս գիւղի Ռոզա Ֆիլհաննէսեանի։ Ան էր 5 քոյրերու միակ եղբայրը, եւ յաճախած է տեղւոյն Ազգային վարժարանը։

Աւարտելէ ետք եկած է Հալէպ եւ 4 տարի ուսած է Ֆրանսական Լայիք երկրորդական վարժարանին մէջ։ Ապա յաճախած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան եւ 1960-ին եղած է առաջին պետական պաքալորիայի շրջանաւարտներէն։ Այս շրջանին եղած է Հալէպահայ ուսանողական միութեան հիմնադիր եւ վարիչներէն մէկը։

Ճեմարանը աւարտելէ ետք միացած է Հալէպի պետական համալսարանի ճարտարագիտական բաժինին եւ 2 տարի յաճախելէ ետք ընդհատած է ուսումը՝ աշխատանքի լծուելու համար, օգտակար դառնալով իր ընտանիքին։

1960-1963, պաշտօնավարած է Ճեմարանին մէջ իբրեւ այցելու ուսուցիչ ուսողութեան եւ գիտութեան։ 1963-1965, եղած է տնօրէն Ազգային Սահակեան վարժարանի։ 1965-1970, կրկին Ճեմարան դարձած է՝ իբրեւ մնայուն դաստիարակ-ուսուցիչ եւ հաշուապահ։ 1967 Փետրուարին, Գէորգ Տօնապետեանի մեկնումէն ետք, ան կը ստանձնէ տնօրէնութեան պարտականութիւնը, իսկ 1967-1968 տարեշրջանին կը նշանակուի տնօրէն։ Քրիստափոր Իֆատեան եղած է ճեմարանաւարտ առաջին տնօրէնը եւ առաջինը, որ յաչս պետութեան՝ կոչուած է «Վարժարանի տիրոջ ներկայացուցիչ» ու գործակցած է իր օրով նշանակուած պետական տնօրէնին հետ։

1968-1970, կը շարունակէ ըլլալ միջնակարգի թուաբանութեան մնայուն ուսուցիչը։ Երրորդ անգամ եւս, 1972-1975 տարիներուն, ան կը վերադառնայ Ճեմարան ու կը պաշտօնավարէ իբրեւ թուաբանութեան այցելու ուսուցիչ։

1970-ին կը վերադառնայ Հալէպի համալսարանը եւ աւարտելով ճարտարագիտական բաժինը՝ 1975-ին, պետական որոշումով կը նշանակուի Ռաքքայի մէջ ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն։

1976-ին իր ամուսնութիւնը կնքած է Վարդուհի Հարպոյեանի հետ եւ կազմած ընտանիք մը՝ ընտանիքը եւս փոխադրելով Ռաքքա։ Բախտաւորուած է երկու աղջիկ զաւակներով՝ Շաղիկ եւ Նանօր։

Զաւակները ազգային շունչով մեծցնելու միտումով, 1982-ին Ռաքքայի գործը ձգած ու վերադարձած է Հալէպ՝ աշխատանքի նոր ասպարէզ ընտրելով «Մաամել էլ Տիֆաա»ը, ուր աշխատած է մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը։

Հալէպ փոխադրուելէ ետք ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Երկար տարիներ վարած է Բերիոյ թեմի Դատաստանական մարմինի ատենապետութիւնը. քանի մը շրջան ընտրուած է Բերիոյ թեմի Գաւառական ժողովի անդամ եւ ատենապետ. ընտրուած է նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէս Սուրիոյ ներկայացուցիչ։ Ան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իր պատանի տարիքէն։ Երկար տարիներ ստանձնած է ղեկավարութիւնը ՀՅԴի Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի։

2001-ին վերջնականապէս կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ՝ միանալով իր հարազատներուն։ Ան կը շարունակէ մնալ գործունեայ՝ աշխատանք տանելով կուսակցական զանազան յանձնախումբերէ ներս եւ անդամ դառնալով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։

2007-ին կ'ամուսնացնէ իր աղջիկը՝ Նանօրը, եւ 2009-ին կը դառնայ մեծ հայր իր անդրանիկ թոռնիկին՝ Քրիստափորին։

Ան կը մահանայ Լոս Անճելըս, 19 Օգոստոս 2013-ին[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՔրիսՔրիստափոր Իֆատեան Իր Անուանակոչութեան Հաւատարիմ Ղեկավարը

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ- Քրիստափոր Իֆատեան՝ Իր Անուանակոչութեան Հաւատարիմ Ղեկավարը[permanent dead link]