Քինկսթըն

Բնակավայր
Քինկսթըն
անգլերէն՝ Kingston
A city which hath foundations
Երկիր  Ճամայքա[1]
Հիմնադրուած է՝ 1692
Տարածութիւն 480 000 000 քառակուսի մետր
ԲԾՄ 9±1 մեթր
Բնակչութիւն 580 000 մարդ (2009)[2]
Կը գտնուի ափին Քարիպեան Ծով
Ժամային գօտի UTC-5
Անուանուած է Քինգսթոն ապոն Թեմս?
Պաշտօնական կայքէջ ksac.gov.jm

Քինկսթըն (անգլերէն՝ Kingston), ճամայքայի մայրաքաղաքը։ Կը գտնուի Ժամայքա կղզիի հարաւային ափը։ 1976 թուականին ունէր 614 000 բնակչութիւն (արուարձաններով), իսկ 2010-ին՝ 936 600։ Մենթ Անտրուի հետ կ՛առաջացնէ առանձին վարչական միաւոր։ Կը հանդիսանայ երկրի գլխաւոր առեւտրա-արդիւնաբերական եւ մշակութային կեդրոնը, նաւահանգիստը, երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ուղիներու հանգոյցը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1692 թուականը որպես Փօրթ Ռոյըլը աւերած երկրաշարժը վերապրածներու համար նախատեսուած վայր մը:

Նախքան երկրաշարժը Քինկսթընին տեղը պարապ վայր մը եղած էր։ Երկրաշարժէն ողջ մնացածները ճամբար մը տեղավորեցան ծովուն դիմացը: Մօտավորապէս երկու հազար հոգի մահացանայդ ատենը մոսքիթներու տարածած ախտերէն: 1703-ին հրդեհէն Փօրթ Ռոյըլին վերջնական աւերուելէն ետք քաղաքը սկսաւ աճիլ: Կազմուեցաւ Քինկսթընին նախագիծ, մը, ըստ որու քաղաքը կազմուած էր ուղիղ փողոցներու ցանցէ կը սահմանափակուէր չորս փողոցներով:

Առաջին ազատ դպրոցը բացուեցաւ 1729-ը[3]: Նաեւ կար թատրոն մը, որ կը գործէ մինչ օրս: 1755-ին նահանգապետ որոշեցաւ կառաւարութիւնը Սփէնիշ Թաունէն Քինկսթըն տեղափոխիլ:

XVIII դարու վերջը քաղքին մէջը կար 3 000-է աւել աղիւսէ շենք: Ծովախորշը կը նպաստեր առեւտուրը եւ մաս կազմեցաւ XVIII դարու քանի մը ծովային պատերազմներու: Քինկսթըն իր վրայ վերցրաւ սպանական քաղաքին գործառույթներ, որոնց թիւը՝ գիւղտնտեսութիւն, առեւտրային, մշակութիւն եւ գլխաւոր փոխադրային հանգոյց դեպի կղզիին միւս մասերը:

Կառաւարական հաստատութիւնները Քինկսթըն տեղափոխուեցան 1872-ին, եւ իր մայրաքաղաքին կարգավիճակը պահպանեցաւ, երբ 1962-ին կղզին ձեռք բերաւ անկախութիւն: 1907-ին երկրաշարժեն զոհուեցան 800 հոգի: Սա երկրաշարժը ավերեցաւ գրեթէ բոլոր պատմական շինութիւնները:

Քինկսթընին մէջ ներկայիս կը գտնուին Ուէսթ Ինդիո համալսարանը, որ կը սպասարկէ Քարիպին աւազանի երկրները, նաեւ Պոպ Մարլիի թանգարանը:

Քինկսթընին աղքատ թաղամասերը ծագած է ռէկկեյ (անգլերէն՝ reggae) երաժշտական ուղղութիւնը: 1960-ի Քինկսթըն Պրիթական Համագործակցութեան խաղերը անց կացուած են:

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քինկսթընին բնակչութեան մեծ մասը ունէ ափրիկէան ծագում: Խոշոր ազգային փոքրամասնութիւններ XIX դարու վերջերը որպես պայմանագիրային ծառայողներ ժամանած Գարիպեան աւազանի երկիրներէն եկածներու եւ չինացիներու ժառանգները կը հանդիսանան: Եւրոպացիները հիմնականը ծագած են Գերմանիայէն եւ Մեծն Պրիթանիայէն եկածներէ ծագած են: Ազդեցիկ էթնիք խումբ կը կազմեն նաեւ սուրիացիներ եւ լիբանանցիներ: Թէեւ փոքրամասնութեանը լիբանանցիներէ ելած է Ժամայքային վարչապետներէն Ետուարթ Սէակա Edward Philip George Seaga: Սեւադեմ մեծամասնութիւն ունեցող այլ երկիրներուն նման ոչ սեւերը կը ձեւավորեն ընկերա-տնտեսային վերնախաւը:

Կրօնքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղքին մէջ կան շատ տարբեր քրիստոնեական եկեղեցիներ: Մեծ մասը բողոքականներու եկեղեցիներ են, որ ժառանգած են կղզիին պրիթանական գաղութացումէն: Երկրորդը հռովմեայ-կաթողիկէ եկեղեցիներն են:

Հրեայ բնակչութիւնը կը սպասարկէ սինակոկ, կան նաեւ պհուտտիստներու եւ մուսլիմներու հոգեւոր շինութիւններ: Քինկսթըն կը գտնուէն Ժամայքայի իսլամական խորհուրդը եւ Իսլամական կրթական կեդրոնը:

Քինկսթընը Ապրած Նշանաւոր Անձերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանoթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://www.zhihu.com/question/24096994/answer/27544729
  2. https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/jm.html
  3. «Wolmers's Boys School»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-15 
  4. 4,0 4,1 Պոպ Մարլի որդին