Քիմ Պաքշի

Քիմ Պաքշի
Ծնած է 1 Մարտ 1931(1931-03-01)
Ծննդավայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 5 Մարտ 2019(2019-03-05) (88 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոսկուա, Ռուսիա
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Ռուսիա
Մայրենի լեզու ռուսերէն
Ուսումնավայր Մոսկվայի պետական համալսարանի բանասիրույան ֆակուլտետ?
Մասնագիտութիւն հայագէտ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Քիմ Պաքշի (ռուս.՝ Ким Нау́мович Бакши́, 1 Մարտ 1931(1931-03-01), Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն - 5 Մարտ 2019(2019-03-05), Մոսկուա, Ռուսիա), ռուս հայագէտ եւ գրող[1]։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մոսկուա։ Մայրը ռուս էր, իսկ հայրը կարայիմներու փոքր ազգութենէն, որուն մասին ան պարզաբանած է, որ թրքալեզու ժողովուրդ մըն է, որ յուդայականութիւն ընդունած է: Պաքշի ինքն ալ ինքզինք կարայիմ կը նկատէր, սակայն հաւատքով ուղղափառ եղած է, մեծ սէր եւ ակնածանք ունեցած է քրիստոնէական ժառանգութեան հանդէպ:

Համալսարանին մէջ, լրագրութեան մասնագիտութիւն ստանալէ ետք, ան անմիջապէս գիւղ մեկնած է եւ հողագործութեամբ զբաղած, վարած հողը մշակող ինքնաշարժներ, այդտեղէն ալ թղթակցած է թերթերուն եւ ամսագիրներուն: Լրագրող դառնալու որոշումին վրայ ազդած է թերեւս իր հօրը օրինակը, որ նոյնպէս թերթի մէջ աշխատած էր:

Պաքշի ռուսական ամսագրերուն եւ թերթերուն մէջ յօդուածներ գրած է հայ ժողովուրդի[1], հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին։ Այդ յօդուածները, թարգմանուելով, տպագրուած են նաեւ Հայաստանի մամուլին մէջ:

Հայութեան մէջ Քիմ Պաքշին աւելի ծանօթ է իբրեւ Մատենադարանի վերաբերեալ քսան մասերէ բաղկացած հեռատեսիլային ժապաւէնի բեմագիր եւ համահեղինակ: «Մատենադարան» խորագրով այս շարժապատկերային շարքին բեմադրիչը Հովիկ Հախվերտեանն է եւ իբրեւ բեմագիր ան ընտրած էր Քիմ Պաքշին:

Պաքշի բազմաթիւ գիրքեր գրած է հայկական նիւթերով՝ «Արծիւն ու սուրը», «Ճակատագիրն ու քարը», «Սուրբ Ղազարոսի յարութիւնը», «Մենաստանէն՝ սիրոյ մասին», «Մեր աշխարհը անիւի կը նմանի», «Սառեցուած ժամանակը» եւ այլն:

Պաքշիի վերջին գիրքերէն մէկը «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքն է։

Այդ գիրքերուն մէկ մասը թարգմանուած է հայերէնի, բայց ընդհանրապէս, տարածուած է Ռուսաստանի մէջ եւ հետաքրքրութեան արժանացած[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 «Kim Bakshi, great friend of the Armenian people, dies at 88»։ armenpress.am (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-09 
  2. «ՔԻՄ ՊԱՔՇԻԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09