Քարլա Լոնզի

Քարլա Լոնզի
Carla Lonzi 1.jpg
Ծնած է 6 Մարտ 1931(1931-03-06)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ֆլորանս
Մահացած է 2 Օգոստոս 1982(1982-08-02)[1][2][3][…] (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Միլանօ, Իտալիա
Քաղաքացիութիւն Flag of Italy (1946–2003).svg Իտալիա
Flag of Italy (1861–1946).svg Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Ֆլորենցիայի համալսարան?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, Քաղաքական արուեստի քննադատ, կանանց իրավունքների պաշտպան, ակտիվիստ, հրապարակախօս
Երեխաներ Battista Lena?

Քարլա Լոնզի (6 Մարտ 1931(1931-03-06)[1][2][3][…], Ֆլորանս - 2 Օգոստոս 1982(1982-08-02)[1][2][3][…], Միլանօ, Իտալիա), արուեստի իտալացի քննադատ, ֆեմինիստ եւ հեղինակ, առաւել յայտնի է որպէս 1970-ին հիմնադրուած Ռիվոլտա Ֆեմին իտալական ֆեմինիստական կազմակերպութեան համահիմնադիր: Լոնզիի հիմնական աշխատանքներէն են Autoritratto("Ինքնադիմանկար", 1969), "Գրուածքներ արուեստի մասին" (1970), Manifesto di Rivolta femminile ("Ռիվոլտա Ֆեմինի մանիֆեստը", 1970); Sputiamo su Hegel, La donna clitoridea e la donna vaginale e altri scritti ("Եկէք խօսենք Հեգելեան[4], "Ֆեմինիստի օրագիրը" (1977):

Անձնական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարլա Լոնզին ծնած է Ֆլորենցիա, Իտալիա, 6 Մարտ 1931-ին, միջին դասի ընտանիքի մէջ։ Անոր հայրը փոքր արդիւնաբերական կազմակերպութիւն ունէր, իսկ մայրը իր կեանքը նուիրած էր Լոնզիի եւ անոր չորս փոքր քոյր ու եղբայրներու դաստիարակութեան ու կրթութեան: Լոնզին 1955-ին ամուսնացած է Մարիօ Լենայի հետ: 1960-ին ծնած է անոր որդին, Պատիստա Լենան: Լոնզիի ամուսնական կեանքը լարուած եղած է. ան եւ Լենան բաժանուած են 1963-ին: Յաջորդ տարի, 1964-ին, Լոնզին յարաբերութիւններ սկսած է իտալացի քանդակագործ Փիետրօ Քոնսագրայի հետ: Լոնզին եւ Քոնսագրան երբեւէ չեն ամուսնացած: Անոնց յարաբերութիւնները աւարտած են Լոնզիի` «Ինքնադիմանկար» ("Autorittrato") աշխատութեան հրատարակութիւնէն ետք: Լոնզին մահացած է 2 Օգոստոս 1982-ին, Միլանի մէջ, 51 տարեկան հասակին:

Արուեստի քննադատութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոնզին սկսած է իր աշխատանքը որպէս արուեստի քննադատ 1950-ականներու վերջերը: Անոր աշխատանքը ծաղկում ապրած է 1960-ականներուն: Լոնզիի` արուեստի քննադատութեան վերաբերեալ շատ աշխատութիւններ ուղղակի աննկատ անցած են եւ հազուադէպ յիշատակուած են արուեստի քննադատութեան եւ արուեստի պատմութեան ատենախօսութիւններուն մէջ։ Օրինակ, Լոնզիի վեջին եւ շատ յայտնի աշխատանքը` «Ինքնադիմանկարը», արագօրէն մոռացուած է: Ատոր համար քանի մը բացատրութիւններ կան, որոնցմէ մեկը այն է, թէ Լոնզիի աշխատանքներուն մէջ շատ են ֆեմինիստական գաղափարները, որ անընդունելի եղած է 1970-1980-ականներու իտալական արուեստին մէջ գերիշխող պահպանաողական մօտեցման համար[5]:

Գրական ստեղծագործութիւններ Արուեստի քննադատութեան ոլորտին մէջ Լոնզիի ամենայայտնի աշխատանքներէն են «Ինքնադիմանկարը» եւ «Գրուածքներ արուեստի մասին» ստեղծագործութիւնները: 1969-ին հրատարակուած «Ինքնադիմանկարը» գրուած է 1965-1969-ականներու Լոնզիի եւ 14 արուեստագէտներու միջեւ տեղի ունեցած զրոյցներու հիման վրայ։ Աշխատանքին մէջ կը քննարկուին արուեստի քննադատութեան դերն ու ինքնութիւնը[6]: «Ինքնադիմանկար»-ին մէջ ներկայացուած արուեստագէտներն են.

  • Լուցիօ Ֆոնտանա
  • Եաննիս Քունելլիս
  • Լուչանօ Ֆապրօ
  • Պինօ Պասկալի
  • Խուլիօ Պաոլինի
  • Միմօ Ռոտելա
  • Քարլա Աքարդի (միակ կին արուեստագէտը)
  • Ճուզեպպէ Ալվիանի
  • Էնրիքօ Քաստելանի
  • Մարիօ Նիկրօ
  • Սալվատոր Սքարպիտա
  • Խուլիօ Տուրկատօ
  • Սա Տվոմպլի
  • Պիետրոյ Կոնսագայ

Լոնզիի «Գրուածքներ արուեստի մասին» ստեղծագործութիւնը գրուած է օրագրի նման, 1955-1970 թուականներին-ականներուն։Քանի որ այն գրուած է 15 տարուան ընթացքին, անոր մէջ ներկայացուող գաղափարները փոփոխուած են: «Գրուածքներ արուեստի մասին» աշխատութեան մէջ հաւաքուած է տեղեկատուութիւն պարբերականներէ, համաժողովներէ, փաստաթուղթերէ եւ ամսագրային գրառումներէ:

Ֆիլմագրութիւն եւ թատրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոնզին մեծ ներդրում ունեցած է ֆիլմարտադրութեան եւ թատրոնի ոլորտին մէջ` եւ որպէս հանդիսատես, եւ՛ որպէս արուեստի գործերու ստեղծող: Լոնզին իրական կեանքի փորձը փոխանցած է բեմ: Ան այդ կը համարէր կեանքը վերապատմելու եւ ճշմարտութիւններ յայտնաբերելու միջոց: Աւելի ուշ ֆիլմերէն ու ներկայացումներէն ստացած փորձը ան կիրառած է իր այլ աշխատանքներու մէջ, օրինակ, «Ինքնադիմանկար» աշխատութեան մէջ Լոնզին կը կիրառէ ֆիլմերուն մէջ օգտագործուող երկխօսութիւններ:

Ֆեմինիստական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գործունէութեան սկիզբ 1970-ականներու սկիզբը Լոնզին օգտագործած է ֆեմինիզմը ըննդէմ արուեստի [7]: Ան կը զարգացնէր այն գաղափարը, ըստ որու արուեստը կանանց ճնշող ու ոչ հաւասար յարաբերութիւններ պարտադրող համակարգի ու ենթակառուցուածքներու մաս կը կազմէ[8]: Ան արուեստի քննադատութիւնը կը համարէր «կեղծ մասնագիտութիւն»[7]: Այդ պատճառով ան հրաժարած է արուեստի քննադատի իր մասնագիտութիւնէն եւ զբաղուած է ֆեմինիստական գործունէութեամբ: Ան չէր հաւատար, որ հնարաւոր է համատեղել գործունէութեան այս երկու ոլորտները[9]: Հակառակ անոր ունեցած բացասական մօտեցման՝ արուեստի ու արուեստի քննադատութեան հանդէպ, Լոնզին նշած է, որ իր աշխատանքէն ստացած փորձն ու գիտելիքը մեծապէս օգնած են անոր որպէս ֆեմինիստ եւ տեսաբան[7]:

Ռիվոլթա Ֆեմինիլ Ռիվոլթա Ֆեմինիլը (անգլ.՝ Rivolta Femminile) իտալական ֆեմինիստական կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1970-ին Քարլա Լոնզիի, Քարլա Աքարտիի եւ Էլվիրա Պանոտիի կողմէ, Հռոմի մէջ։ Յուլիս 1970-ին Հռոմի պատերուն կը յայտնուի կազմակերպութեան մանիֆեստը[10], որ մշակուած էր կազմակերպութեան երեք համահեղինակներու կողմէն մէկ տարի առաջ: Կազմակերպութեան քաղաքականութիւնը մեծապէս հիմնուած է «ինքնագիտակցութեան» տեսութեան ու փորձի վրայ։ «Ինքնագիտակցութիւնը» ֆեմինիզմի «գիտակցութեան բարձրացման» փորձերէն է[7]: Այն կը սահմանէ, որ կանայք կրնան աւելի լաւ հասկանալ միմեանց ու երկխօսիլ այլ կանանց հետ: Աւելին, այն կը փաստարկէ, որ կնոջ «ինքնագիտակցութիւնը» երբեք լիարժէք չըլլար, եթէ չգնահատուի այլ կնոջ «ինքնագիտակցութեան» կողմէ: Ռիվոլթա Ֆեմինիլը ունէր սեփական հրատարակչատուն, որ հնարաւորութիւն կու տար խումբին տարածել իրենց աշխատանքները: Այս յատկապէս կարեւոր էր Լոնզիի համար, քանի որ ան հետաքրքրուած էր տպագրութեամբ եւ գրելով:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]