Քարեղէն Համանուագ

Քարերի համանուագ կամ «Պազալտէ երգեհոն», բնական յուշարձան Ազատ գէտի՝ Գառնի գիւղի տարածքին գտնուող աւազանին մէջ։ Ընդգրկուած է ՀՀ բնութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ (KT-GE037)[1][2]։ Գտնուելու վայրը- Կոտայքի մարզ, ՀՀ

Երեւանէն - 28քմ/38ր

Կոտայքի մարզին մէջ, Գառնի գիւղէն ոչ հեռու, կը գտնուի Ազատի կիրճը, որու երկայնքով կ՛անցնի հրաբխային հոսքերու հետեւանքով առաջացած «Քարերու Համանուագ» (երեւոյթի գիտական անուանումն է` սիւնային անջատում): Պազալտէ երգեհոն Համանուագը կը ներկայանայ հսկայ հնգանկիւն եւ վեցանկիւն պազալտէ սիւներով (մօտ 50մ բարձրութեամբ), որոնք զարմանալի համաչափութեան պատճառով ձեռագործ կը թուի: Բնութեան կողմէ կերտուած, գետի վրայ կախուած այդ սիւներու շարանը կը յիշեցնէ երաժշտական գործիք` «Պազալտէ երգեհոն»: Կիրճով կը հոսի Ազատ գետը, լրացնելով քարէ շքեղութիւնը ջուրի աղմուկով:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնական յուշարձանը նշանաւոր է իր հիասքանչ, արհեստական թուացող ժայռերով, որոնք կազմուած են կանոնաւոր վեցանկիւն գլաններէ։ Վերջիններս կը ձգուին ստորոտէն մինչեւ ձորի գլուխ եւ ստացած են «Քարէ Համանուագ» անուանումը։ Զարմանահրաշ այս ժայռերը գոյացած են բարձր ճնշման պայմաններով՝ հրաբխային լաւայի սառչելու եւ բիւրեղացման արդիւնքով[3]։

ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան (UNWTO) 2013-ին «Vettor Giusti» զբօսաշրջային պաստառներու մրցոյթին՝ Եւրոպա ստորոգրութեան մէջ, յաղթող ճանչցուեցաւ Հայաստանը` «Քարերու Համանուագ» պաստառով։

Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած Հայաստանի «Քարերու Համանուագ» պաստառը ճանչցուեցաւ լաւագոյնը «UNWTO»-ի Եւրոպայի յանձնաժողովի 44 անդամ-երկրներու շարքին[4]

Վանդալութեան դրսեւորումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնական յուշարձանը պարբերաբար կ՛ենթարկուի վանդալներու յարձակումներուն։ ՀՀ բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ եւ գործարարներ իրենց առանձնատուներուն կամ իրենց պատկանող շինութիւններուն գեղեցիկ տեսք հաղորդելու նպատակով Քարերու համանուագէն պոկել պազալտի մեծ հատուածներ՝ աղաւաղելով յուշարձանի նախնական տեսքը[5][6][7][8]: Այժմ յուշարձանի առանձին հատուածներ գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. ՀՀ կառավարութիւն որոշում 14 Օգօստոս 2008-ի N 967-Ն«DocumentView»։ www.arlis.am։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  2. ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան կայքէջ «mnp»։ www.mnp.am (ամհարերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  3. «Քարերի սիմֆոնիա»։ garnigeghard.com։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  4. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  5. «Գառնիի «Քարերի համանուագ» յուշարձանը մեծահարուստներու տուներուն համար շինանիւթ դարձած է»։ PanARMENIAN.Net։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  6. Փարաւոն Միրզոյեանի առանձնատունը «Քարերու համանուագ» յուշարձանի քարերէ՞ն կառուցուած է:https://168.am/2012/11/29/147906.html
  7. ««Քարերու համանուագ». քրէական գործ հարուցած է` ի պաշտպանություն Հայաստանի բնութեան յուշարձանի - Arts and Culture | ArmeniaNow.com»։ www.armenianow.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-25-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  8. ««Ազգ». «Քարերու համանուագ» յուշարձանի քարերը կը վաճառուին 300 դրամով»։ news.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-25