Jump to content

Քաթեբանօ

Բիւզանդական կայսրութեան վարչական կառոյցը 1025-ին։ Արեւելեան իշխանութիւնները ուրուագծուած են։ Հարաւային Իտալիան կը գտնուէր Իտալիոյ քաթեբանոյին տիրութեան տակ, իսկ Սերպիան եւ Պուլկարիան յաճախ գտնուած են քաթեբանիքիա վարչակարգին տակ։

Քաթեբանօ․ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ քաղաքական եւ զինուորական աւագ անձնաւորութիւնը։ Անոր իշխանութեան ենթակայ վարչական շրջանը, ինչպէս նաեւ պաշտօնն եւ իրաւասութիւնները քաթեբանաթօ եւ կամ քաթեբանիքիոն կը կոչուէին։

Հակիրճ պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թ․ դարուն կը յայտնուի քաթեբանօ անունը։ Կը գործածուի ընդհանուր իմաստով՝ «ան որ պատասխանատուն է»։

Կայսրութեան վերագրաուած սահմանամերձ տարածքները բաժնուած էին վարչական փոքր շրջաննեդրու՝ թեմերու (θέματα)։ Անոնք կը համախմբուին եւ կը կազմեն ընթարձակ իշխանութիւններ։ Ղեկավարներն են կոմս մը եւ կամ քաթեբանօ մը։ Աւելի ուշ, կոմսին կամ քաթեբանոյին դէրը կը տկարանայ եւ կայսրին դէտին դերը կ՛ունենայ ու կայսրութեան դասակարգութեան մէջ կը գտնուի «Սթրաթիղոս»էն եւ անոր ստորադասներէն աւելի ցած։

Քաթեբանօ եզր կայսրութեան շրջաններուն մէջ կը հանդիպուի մինչեւ ԺԴ․ դար, ինչպէս օրինակ Տրապիզոնի մէջ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]