Jump to content

Փօլ Իկնէյշըս

Փօլ Իկնէյշըս
անգլերէն՝ Paul Robert Ignatius
Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1920(1920-11-11) (104 տարեկան)
Ծննդավայր Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Հարվարդի բիզնես դպրոց?
Հարուըրտ Համալսարան
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան
Հերբերտ Հուվեր ավագ դպրոց?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, լրագրող, գործարար
Վարած պաշտօններ Ռազմածովային ուժերի նախարար?
Անդամութիւն Phi Beta Kappa?
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ծնողներ Յովսէփ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) եւ Էլիզա Ժամկոչեան

Փօլ Իկնէյշըս ամերիկահայ (11 Նոյեմբեր 1920(1920-11-11), Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Միացեալ Նահանգներու ծովոյժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար։

Ծնած է Կլէնտէյլ, հայ գաղթականներ՝ Յովսէփ եւ Էլիզա Իքնատոսեաններու ընտանիքին մէջ[1]: Երկրորդ համաշխարհային պատերազի ընթացքին, իբրեւ կամաւոր զօրագրուած է բանակ:

1964-1967 թուականին ստանձնած է պաշտպանութեան քարտուղարի նիւթաթեխնիքական ապահովման ու սարքերու հարցերու տեղակալի պաշտօնը:

1967-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Լինտըն Ճոնսընի իշխանութեան օրերուն, ան դարձած է Միացեալ նահանգներու Ռազմածովային ուժերու քարտուղար մինչեւ 1969:

2016-ին, ծովոյժի ամենաարդիական խորտանաւերէն մէկը որոշուած էր կոչել Իկնէյշըսի անունով՝ «USS Paul Ignatius (DDG-117)»[2]:

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին Ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փ. Իկնէյշըս թանգարանի ծրագիրին զօրակցողներէն մէկն է եւ դրամահաւաքի նպատակով սկսած թանգարանի մէկ քառակուսի ոտքը կառուցելու վկայագիրներուն առաջինը ստացողը՝ հանդիսացած էր այդ արշաւին մղիչ ուժը։

Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ 8 Դեկտեմբերին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք տարեկան իր երկրորդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ Միացեալ Նահանգներու ծովոյժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար ամերիկահայ Փօլ Ինկնէյշըսը։

«Պատիւ մըն է ստանալ Հայ-ամերիկեան թանգարանի մէկ քառակուսի ոտքը կառուցելու վկայագիր մը։ Ուրախ եմ, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի երկար տարիներու երազս իրականացման ճամբուն վրայ է արդէն», կը յայտնէ Իկնէյշըս: Վկայագիրը ձեւաւորած է Կլենտէյլ հաստատուած արուեստագէտ Արփինէ Շախպանտեանի կողմէ եւ ազդուած է հայկական մանրանկարչութենէն։
- Փօլ Իկնէյշըս


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին Գործնականապէս Զօրակցելու Առիթ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2019-05-22։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-12-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-11-27 
  2. «Փօլ Իկնէյշըս Պիտի Մեծարուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին Ընթացքին»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2019-11-05։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-11-27