Ցեղասպանութեան որբերը

Ցեղասպանութեան որբերը
Orphans of the Genocide
Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան
Լեզու անգլերէն

«Ցեղասպանութեան որբերը» (անգլերէն՝ «Orphans of the Genocide»), հայ բեմդրիչ Պարէտ Մարոնեանի ժա­պա­ւէնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։

Նիւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիւ­թը ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու ա­ռօ­րեան է, ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք որբ մնալ։

Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը:

Ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919-էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200՝ ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:

Հայ որբերու գերեզմաննները, Այնթուրա

Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին, որ որդեգրուած է Աթաթուրքին կողմէ եւ դարձած Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը[1]:

Դրդապատճառը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ապրող փաստ մը»[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. ««Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնը Դեկտեմբեր 12ին Պիտի Սփռուի Մայամիի Հ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2013-11-27։ արտագրուած է՝ 2023-03-14 
  2. maik1970 (2019-10-24)։ ««Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի հետ»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-14 

Արտագին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]