Տօն Գիւտի Գօտիին Ս. Աստուածածինին

Տօն Գիւտի Գօտիին Ս. Աստուածածինին, Աստուածամօր պատկանած գօտիին գտնուելուն յիշատակութիւնն է։

Ե. դարու սկիզբը, Երուսաղէմի մէջ երեւան կու գայ, հանդիսաւոր կերպով Կոստանդնուպոլիս կը բերուի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուի գօտին։

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցը երկար տարիներ չէ յիշատակած Աստուածածնայ գիւտ գօտւոյ տօնը։ Ան կը սկսի Աստուածամօր յիշեալ տօնը նշել շնորհիւ Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսին։ Հայրապետը 1774-ին իր հրատարակած բարեփոխեալ տօնացոյցին մէջ կը հաստատէ եւ Ս. Աստուածածինի գօտիի գիւտը տօնել կը թելադրէ Ս. Կոյսին վերափոխման երրորդ Կիրակին[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]