Արկադի Տէր Թադէոսեան
Արկադի Յովհաննէս Տէր-Թադէոսեան, (22 Մայիս 1939, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), Արցախեան ազատամարտի հերոս, նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Փոխ նախարար։ Տէր-Թադէոսեան կը պատկանի այն Խորհրդային սպաներու թիւին, որոնք Արցախեան պատերազմի սկիզբէն գլխաւորեցին հայկական ջոկատներու պայքարը։ Ազատամարտի ընթացքին մէջ անոր ամենավառ յաղթանակը կը համարուի Շուշիի ազատագրումը, որ մեծ հոգեբանական եւ ռազմավարական ազդեցութիւն կ'ունենայ պայքարի հետագայ ընթացքին վրայ։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արկադի Տէր-Թադէոսեան ծնած է 1939-ի 22 Մայիսի-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Աւարտած է զինուորական ուսումնարան Պաքուի մէջ, այնուհետեւ Լենինկրատի ճանապարհորդական եւ թիկունքի ռազմական ակադեմիան։ Ծառայած է Աֆղանստանի մէջ, Գերմանիոյ, Չեքոսլովաքիոյ, Պելլառուսիոյ այնուհետեւ 1987-էն Հայաստանի մէջ։
1988էն միացած է Արցախ ազատագրական պայքարին եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է կամաւորներու զինուորական մարզելու գործին մէջ։ 1990-ին «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատի անդամ եղած է։ 1991-ին նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժինի պետ։
30 Հոկտեմբեր1991-ին, Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր-Թադէոսեանի հրամանատարութեան տակ փայլուն գործողութեան շնորհիւ թշնամիէն կ'ազատագրեն ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Տող գիւղը (Հատրութի շրջան)։ 1992-ի Մայիսին նախապատրաստած եւ փայլուն ձեւով իրականացուցած է Շուշի քաղաքի ազատագրումը («Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը), որ կը համարուի Ազերի զօրքերու կողմէ վերահսկուող ամէնէն անառիկ բարձունքներէն մէկը եւ ուրկէ ամիսներ շարունակ կը ռմբակոծուէր Ստեփանակերտը: Պարգեւատրուած է առաջին աստիճանի Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտական խաչ շքանշանով։ Տէր-Թադէոսեանը իր ռազմական ինչպէս նաեւ մարդկային բարձր արժէքներուն շնորհիւ կը համարուի Հայաստանի հետխորհրդային իրականութեան ամէնն արժանաւոր ռազմական գործիչներէն մէկը։