Jump to content

Տիգրան Սարգունի

Տիգրան Քէօշէեան Սարգունի ծնած է 19 Մայիս, 1941-ին, Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ։ An եղած է Միջին Արեւելքի առաջին համակարգիչը հաստատողը եւ համապատասխան ծրագիրներ գրողը, երբ տակաւին գիրքեր կամ ուսումնասիրութիւններ չկային համակարգչային գիտութեան վերաբերեալ։ Ան կը վարէ Ռաքըֆելըրներու Data Processing բաժանմունքը: Ան զաւակն էր Հաննիս եւ Մարի Քէօշէեաններու, որոնք իրենց երկու դուստրերուն հետ միասին Մուսա Լերան Պիթիաս շրջանէն գաղթած էին Լիբանան 1939 թուականին, երբ Մուսա լեռը անարդարօրէն կը զատուէր Սուրիայէն եւ իբրեւ նուէր կը տրուէր Թուրքիոյ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին։

Քէօշէեան ընտանիքը կը բախտաւորուի 6 զաւակներով՝ Մատլէն, Պայծառ, Տիգրան, Վարդան, Մովսէս եւ Սարգիս։ Ընտանիքը կը հաստատուի Լիբանանի Զահլէ քաղաքը, ուր Տիգրան իր նախակրթարանի ուսումը կը ստանայ Պալըգճեան վարժարանին մէջ։ 1955-ին կ'ընդունուի Անթիլիասի դպրեվանքը, սակայն չյարմարելով վանքի կարգապահութեան, 1956էն 1960 իր երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ։

1960-62 կը յաճախէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) եւ կ'աւարտէ 1967-ին՝ ստանալով պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի վկայականները թուաբանութեան ճիւղէն ներս։ 1968-ին British Council-ի ուսումնաթոշակով պարգեւատրուելով, ան կը մեկնի Անգլիա եւ իր ուսումը կը շարունակէ NewCastle University, ուրկէ կը ստանայ իր երկրորդ մագիստրոսի վկայականը համակարգչային գիտութեան մէջ։

Պէյրութի Ամերիկեան Hամալսարանին մէջ եղած ընթացքին ան AUB-ի Computer Center-ի պատասխանատուութիւնը կը վարէ մինչեւ 1970 թուականը։ Ան եղած էր Միջին Արեւելքի առաջին համակարգիչը հաստատողը եւ համապատասխան ծրագիրներ գրողը, երբ տակաւին գիրքեր կամ ուսումնասիրութիւններ չկային համակարգչային գիտութեան վերաբերեալ։

1970 թուականին Նիւ Եորքի Rockefeller Family հաստատութիւնը լսելով Տիգրանի փորձառութեան մասին, զինք կը հրաւիրէ Նիւ Եորք իրենց ընկերութեան հաշուապահական գործերը կառավարելու առաջին համակարգիչով։ Տիգրան նոյն ատեն Լիբանանի բանակէն կը հրաւիրուի՝ որպէս colonel ծառայելու իր ունեցած համակարգիչի փորձառութեան համար։ Սակայն Տիգրան կը նախընտրէ Ամերիկա մեկնիլ եւ 1970 Դեկտեմբերին կը հաստատուի Նիւ Եորք եւ մինչեւ 1986 մեծ յաջողութեամբ կը վարէ Ռաքըֆելըրներու Data Processing բաժանմունքը։

1987-ին կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, կ'ամուսնանայ Մակի Բարսեղեանի հետ եւ կը բախտաւորուի դուստրով մը՝ Մարէն, որ կը դառնայ իր կեանքին առանցքը։

Տիգրան ունեցաւ ազգային կեանքի բեղուն գործունէութիւն մը։ Եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հաստատ համոզումներու երդուեալ ընկերը եւ մեր եկեղեցական եւ կրթական կառոյցներու պաշտպանը։ Ան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը կը մտնէ 1960-ին, Այնճարի մէջ։ Նիւ Եորքի մէջ կ'անդամակցի «Արմէն Գարօ» կոմիտէին եւ 1984-86 կը վարէ ատենապետի պաշտօնը։ 1986-ին կ'ընտրուի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։ Նիւ Եորքի մէջ մօտէն կ'աշխատակցի Արեւելեան թեմի առաջնորդ հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի հետ։ Իսկ Լոս Անճելըս փոխադրուելէ ետք 1987էն ան մաս կը կազմէ Հոլիուուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան։

1994-2000 ան մաս կազմէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի հոգաբարձական կազմին։ Կը վարէ ատենապետի պաշտօն եւ 1995-2002, 8 տարիներ շարունակ, կ'ըլլայ ազգային երեսփոխան։ 2004-2008, Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կը նշանակուի «Ասպարէզ»ի հաշիւներու վերահսկիչ։

Հակառակ անոր որ 2011էն ասդին Տիգրանի առողջական վիճակը կը վատթարանար հետզհետէ, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ դառն հիւանդութեան եւ առյաւէտ փակեց իր աչքերը Շաբաթ, 26 Նոյեմբերին, 2011: