Տիգրան Նազիրեան

Տիգրան Նազիրեան
Ծնած է 1937
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան

Տիգրան Նազիրեան, ծնած է Պէյրութ 1937-ին։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական ուսումը ստացած է Հայ Գալստական վարժարանը։

Շատ կանուխէն, 12 տարեկանին իսկ, ստսած է ըմրշամարտի եւ զանազան մարզանքներու «Սթատ Շայլա» մարզական ակումբը որպէս ուսուցիչ ունենալով պուլկարացի աշխարհահռչակ ըմբիչ Իսքէնտէր Տոպրաչը, որ 17 տարի աշխարհի ախոյեան եղաւ։ Տոպրաշ զինք բաւական մարզելէ ետք ըսած է իրեն. «Հիմա ալ վստահ եմ որ մէկը զքեզ դիւրութեամբ չի կրնար զգետնել»:

1961-ին եղած է Լիբանանի ախոյեան։ Լիբանանի ազատ ըմրշամարտի ծանր կշիռքի ախոյեանութեան գօտին իրեն տրուած է Ֆէտէրասիոնի, Պութրոս Ղանեմի եւ [[Էամոն Զէննի]ի], Լիբանանի նախկին ախոյեաններուն կողմէ։ Եւ ինք այս տիտշոսը պահած ու պարտադրած է բոլոր Լիբանանի եւ արաբական հողերուն վրայ գտնուող խաղցողներուն։

Ունեցած է բազմաթիւ մրցումներ, որոնցմէ մեծերը կազմակերպուած են Մարզական աւանին մէջ եւ այլ արաբական երկիրներ ինչպէս Քուէյթ, Տուպայ, Ապու Տապի, Սուրիա, եւն.: Մանաւանդ Յունաստանի մէջ ունեցած է բազմաթիւ խաղեր եւ եղած պարագլուխներու շարքին։ Խաղացած է նաեւ կարգ մը Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս Ֆրանսա, եւն.: Վերջին վաղերը ունեցած էր Պուրճ Համուտի դաշտը եւ 1981-ի Յունուարին գացած էր Տուպայ եւ հոն ունեցած էր բազմաթիւ խաղեր։ Կը պատրաստուէր Լիբանաը ներկայացնելու Նիւ Եորք, Քանատա եւ Մեքսիքա, բայց ափսոս որ կանխահաս մահը զինք զզետնեց վերջերս (1981):

Երկու տարի առաջ ամուսնացած էր եւ ունէր մանչ զաւակ մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 388-389։