Տիգրանակերտի Հնաբանական Թանգարան
Տիգրանակերտի Հնաբանական Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր | Արցախի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Տիգրանակերտ (Արցախ) |
40°03′55″N 46°54′21″E / 40.0652781°N 46.9058331°E | |
Կայքէջ | tigranakert.am/rus/index… |
Տիգրանակերտի հնաբանական թանգարանը կը գործէ Ն.Ք. Ա դարէն Տիգրան Մեծի հիմնադրած Տիգրանակերտ քաղաքի տարածքին (ներկայիս՝ պատմամշակութային արգելոց) գտնուող ԺԸ․ դարու ամրոցին մէջ։ Թանգարանի 3 սրահներուն մէջ ներկայացուած են Հ․Հ․ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի Արցախի հնաբանական արշաւախումբի պեղումներով յայտնաբերած Ե․ դարէն - ԺԷ․ դարերու գտածոներ։ Յատկապէս արժէքաւոր է 5-6 դարերուն վերագրուող մօտ 8 սմ տրամագիծով կաւէ սկաւառակը, որու մէկ երեսին՝ շրջանի մէջ, փորագրուած է հաւասարաթեւ խաչ, միւսին՝ տղամարդու դիմապատկեր՝ հայերէն արձանագրութեամբ, վերջինս Արցախի տարածքին յայտնաբերուած հայերէն ամենահին արձանագրութիւններէն է։ Բազմաթիւ ցուցադրափեղկերու մէջ ներկայացուած է պեղումներու ընթացքը, հայերէն, ռուսերէն, եւ անգլերէն մանրամասն տեղեկութիւններ կը տրուին տեղանքի պատմութեան, պեղումներու ու գտածոներու վերաբերեալ։
Համլետ Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հնագիտական արշաւախումբի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած տարաբնոյթ հնութիւնները հիանալի կը լուսաբանեն Արցախի այս զարմանահրաշանկեան հնագոյն պատմութիւնն ու հարուստ մշակոյթը։