Jump to content

Տարածական նկարչութիւն

Տարածական նկարչութիւնը (ֆր.՝ Les peintures dans l'espace)` արուեստի ուղղութիւն՝ հնարած է հայ մեծանուն նկարիչ-արձանագործ Երուանդ Քոչար 20-րդ դարու սկիզբը: Այն իր մէջ կը համադրէ նկարչութեան բոլոր ձեւերը՝ մէկտեղելով նկարչութիւնը եւ քանդակը: Տարածական նկարչութեան համար Ե. Քոչարը հնարած է մետաղեայ վահանակներէ քանդակ: Հեղինակը վահանակներու վրայ կը նկարէ համապատասխան թեմայով նկարներ: Մետաղեայ արձանը կը տեղադրուի շարժիչի վրայ, որու օգնութեամբ ալ այն դանդաղ կը պտտուի՝ ցուցադրելով վահանակի նկարները: Այս եղանակով Ե. Քոչարը ցոյց կու տայ ժամանակի մէջ առանձին տարածական մասնիկներու մէկ ընդհանրական դառնալը. այսպիսով յօդս կը ցնդի ժամանակի եւ տարածութեան միջեւ պատնէշը, որու պատճառ կը հանդիսանայ ոչ թէ քանդակը, այլ շարժող նկարները:

Հեղինակը կ՚առաջարկէ ընդարձակել տեսողական մտածողութեան սահմանները՝ շարժման միջոցով ներկայացնելով քարացած ձեւերը, ան կը խառնէ նկարչութեան ճկունութիւնը եռաչափ երկրաչափական ձեւերու հետ (այսօր յայտնի է իբրեւ 3D գծագրեալ անուամբ)։

Երուանդ Քոչարի տարածական նկարչութեան աշխատանքներէն մէկը 1963-ին ցուցադրուած է Փարիզի Ճորճ Փոմփիտի արուեստի եւ մշակոյթի ազգային կեդրոնին մէջ։ Աւելի վաղ 1929-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ժամանակակից արուեստի համայնապատկերները» միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՚ունենար «Պոնաբարդ» հրատարակչութեան սրահներուն մէջ, կը մասնակցի նաեւ Երուանդ Քոչարը՝ ներկայացնելով տարածական նկարչութեան աշխատանքները։ Ցուցահանդէսի մասնակիցներէն էին նաեւ Ճորճ Պրակը, Մարք Շակալը, Ռոպէր Տելոնէն, Անրի Մատիսը, Ֆրանսիս Փիքապիան, Փապլօ Փիքասոն, Խուան Միրոն եւ ուրիշներ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]