Jump to content

Տաթեւիկ Ղափլանեան

Տաթեւիկ Ղափլանեան
Ծնած է 19 Յունիս 1952(1952-06-19)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 22 Դեկտեմբեր 2010(2010-12-22) (58 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Աշխատավայր Հրաչեայ Ղափլանեանի Անուան Տրամաթիքական Թատրոն
Ամուսին Արմեն Խանդիկյան?
Ծնողներ հայր՝ Հրաչեայ Ղափլանեան

Տաթեւիկ Ղափլանեանն (19 Յունիս 1952(1952-06-19), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 22 Դեկտեմբեր 2010(2010-12-22), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ դերասանուհի, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի։ Հրաչեայ Ղափլանեանի դուստրը։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Հրաչեայ Ղափլանեանին ընտանիքին մէջ։

Երկար տարիներ աշխատածէ Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ՝ հանդէս գալով տարբեր դերախաղերով[1]։

1993 թուականին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր խաղացած է Ա. Լինտկրէնի «Երկարագուլպայ Պեպին» ներկայացման մէջ։

2005 թուականին մահացած է անոր դեռ 30-ը չբոլորած որդին, որմէ ետք ան սկսած է յաճախ Երեւան այցելել։

2009 թուականին Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ բեմադրած է «Իմ անուշ տղայ» ներկայացումը` նուիրուած որդիին յիշատակին։

Մահացած է Լոս Անճելըս, թաղուած է Երեւան[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ժամանակ օրաթերթ, 1 Մարտ 2011, էջ 3։
  2. «Տաթեւիկ Ղափլանեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ յունուարի 11-ին՝ Տրամաթիքական»։ news.am։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ օգոստոսի 17 
  3. «Տաթեւիկ Ղափլանեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ օգոստոսի 17