Վրացական-ուքրանական Յարաբերութիւններ

Վրաց-ուքրանական յարաբերութիւններ
     Ուքրանիա      Վրաստան

Վրաց-ուքրանական յարաբերութիւններ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններ միջազգային քաղաքականութեան, տնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ։

Վրաստանը ճանչցած է Ուքրանիոյ անկախութիւնը 12 Դեկտեմբեր 1991-ին, դիւանագիտական յարաբերութիւնները երկու երկրներուն միջեւ հաստատուած են 22 Յուլիս 1992-ին։ 5 Ապրիլ 1994-ին Թիֆլիսի մէջ, Ուքրանիա բացած է Վրաստանի ուքրանիոյ դեսպանատունը։ Ուքրանիոյ մէջ Վրաստանի դեսպանատունը բացուած է 19 Օգոստոս 1994-ին Կիեւի մէջ[1]։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաստանի Ժողովրդապետական Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան նախկին շէնքը Ուքրաինիոյ մէջ, Կիեւ, Լեւ Տոլստոյի փողոց

Ազատութեան համար պայքարի ժամանակաշրջան: 1917-1921 թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չնայած պաշտօնական յարաբերութիւններու բացակայութեան՝ Ուքրանական պետութիւնը աշխոյժ յարաբերութիւններ կը պահպանէր Վրաստանի Ժողովրդապետական Հանրապետութեան հետ։ 4 Յուլիս 1918 թուականին Վրաստանի վարչապետ Նոէ Ժորդանիան նամակով դիմեց Ուքրանական պետութեան Արտաքին գործերու նախարար Տմիդրի Դորոշենկոյին՝ նշելով այնտեղ Վրաստանի Ժողովրդապետական Հանրապետութեան՝ Ուքրանիոյ լիազօր ներկայացուցիչներուն։ Վրաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը Քիեւի մէջ սկսած է աշխատիլ Սեպտեմբեր 1918-ի սկզբին։ Արդիւնքին մէջ, ուքրանացի պաշտօնատար անձինք վրացիներու հետ միասին Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր 1918- ընթացքին համատեղ կերպով վերամշակած են ուքրանա-վրացական միջպետական համաձայնագիրը՝ առեւտրա-տնտեսական եւ քաղաքական բնագաւառներու վերաբերեալ։

Վրաստանի մէջ Ուքրաինիոյ հիւպատոսութիւնը ստեղծուած է՝ համաձայն 5 Յուլիս 1918 թուականի ընդունուած «Ընդհանուր հիւպատոսութիւններու եւ արտասահմանի մէջ հիւպատոսական գործակալութիւններու ստեղծման մասին» օրէնքի։ Ուքրաինիոյ եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն յետագայ զարգացման խանգարած է պոլշեւիկներու ընդվզումը՝ երկու երկրներուն դէմ[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ուքրանիոյ դեսպանատունը Վրաստանի մէջ Կաղապար:Ref-uk, (անգլերէն), Կաղապար:Ref-ka
  2. Embasy of Georgia to Ukraine (անգլերէն), Կաղապար:Ref-ka
  3. Ուքրանիա-Վրաստան Archived 2012-03-22 at the Wayback Machine. Країни світу Archived 2012-03-22 at the Wayback Machine. կայքին մէջ