Վարագն Քհնյ. Տէր Մինասեան

Տ. Վարագն Քհնյ. Տէր Մինասեան (1855-1916), Աւազանի անունով՝ Ստեփան Մինաս Քհնյ. Տէր Մինասեան, ծնած է Մարաշ, 1855-ին։ Ստեփան երկրորդ զաւակն է Տէր Մինասի։

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի ծաղկանոցին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակելով կը յաճախէ բարձր վարժարան։ Հետագային ինքնաշխատութեամբ կը զարգանայ եւ ուսուցիչ կը նշանակուի Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ նախակրթարանին մէջ։ Իսկ ժամանակ մը ետք, ուսուցչական պաշտօնով կը հրաւիրուի Պէյլան, ուր տեղւոյն ծխական դպրոցին մէջ կր պաշտօնավարէ երեք տարի, 1883-1886։

Ան կը պսակուի 1876-ին, Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ հետագային կ'ունենայ տասնմէկ զաւակներ՝ Յովսէփ, Խաչիկ, Գարեգին, Նուարդ, Երուանդ Ա., Երուանդ Բ., Վարդենի, Մաքրուհի, Մարինէ, Եւգինէ եւ Յովհաննէս։ Ամուսնութենէն ետքն ալ ան կը շարունակէ ուսուցչական պաշտօնը։

Ան բախտը կ'ունենայ Երուսաղէմ ուխտի երթալու։ Երուսաղէմէն վերադարձէն ետք, իր հայրը՝ Տէր Մինաս կը վախճանի 1890-ին։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Մկրտիչ Քէֆսիդեան Կաթողիկոսի, Սիսի մէջ, 1891-ին, վերակոչուելով Տէր Վարդան։

Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Տէր Վարդան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։

Մինչեւ 1914 թուական, ան կը պաշտօնավարէ համանուն եկեղեցւոյ մէջ, վայելելով ժողովուրդին անվերապահ յարգանքն ու սէրը։ Իսկ տարագրութեան տարին, իբրեւ գաղթական, իր ժողովուրդին ընկերակակցութեամբ ընտանեօք կր հաստատուի Հալէպ, ճաշակելով տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ, Տ. Վարդան կը սկսի քահանայագործել Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ ծանր պայմաններուն մէջ պաշտօնավարելը կը քայքայէ իր արդէն տկարակազմ մարմինը։ Կը հիւանդանայ ու որոշ ժամանակ անկողնին ծառայելէ ետք, կը վախճանի 11 Դեկտեմբեր 1916-ին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենան Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեանի, որ այդ օրերուն առաքելութեամբ Հալէպ կը գտնուէր։ Մարմինը կ'ամփոփուի Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 51-52-53։