Jump to content

Վարագայ լեռ

Վարագայ լեռ
Տեսակ լեռ
Երկիր  Թուրքիա
Վարչատարածքային միաւոր Վան
Լեռնաշղթայ Վասպուրականի լեռնաշղթայ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 3250 մեթր

Վարագայ լեռ (թրք.՝ Erek Dağı), գմբէթաձեւ լեռնազանգուած մը՝ Վասպուրականի բարձրաւանդակին մէջ, Վանայ լիճէն 10քմ դէպի արեւելք։ Բարձրութիւնը 3250մ է, լանջերը զառիթափ են, աստիճանաձեւ։ Բնորոշ են լեռնատափաստանները եւ ալպեան մարգագետինները։ Վարագայ լեռներուն մէջ կան պատմամշակութային յուշարձաններ, որոնցմէ նշանաւոր է Վարագայ վանքը (Թ.- Ժ. դարեր) չորս իրարու կից դպրոցներով ու մատենադարանով[1], ինչպէս նաեւ Վարագայ (Սուրբ Նշանի) Վանքը։

Այս լեռները երկու շղթաներով երկարելով հիւսիսէն հարաւ, ձորակ մը կը կազմեն, ուր առուակ մը կը խոխոջէ, բաղկացած բազմաթիւ սառնորակ աղբիւրներէ։ Այս ձորակին արեւմտեան լանջին կը գտնուի Վերին Վարագի վանքը։ Հոսկէ ալ կ'երեւին Վանայ լիճը, Սիփան լեռը, իսկ արեւելեան կողմը կը ցցուին Վարագայ լերան Գալիլիա եւ Աստղկան բերդ կոչուած քարաժայռերուն կատարները, որոնք գրեթէ անմատչելի են։ Ասոնցմէ առաջինը Վարագայ լերան արեւելեան ամէնէն բարձր կատարն է, ուր հինգ մարդ հազիւ հազ կրնայ տեղաւորուիլ, կիսակարմիր գոյն ունի եւ նշանաւոր ուխտատեղի մը կը համարուի, որովհետեւ ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէ կոյսը իր պարանոցէն կախած Կենաց փայտը հոն պահած է։ Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, թէ ով որ ծոմ պահելով քառասուն անգամ կարենայ բարձրանալ այս սեպացած քարաժայռին գլուխը, կեանքին ընթացքին միշտ յաջողութիւն կը գտնէ։

Կը պատմեն, որ անցեալ դարու եօթանասունական թուականներուն, Մալխաս անունով մէկը 38 անգամ բարձրացած, իջած է լեռը, սակայն 39-րդ անգամը գլորած է գետին եւ անմիջապէս հոգին աւանդած։ Աստղկան բերդ կոչուածը հաւանօրէն Աստղկան մեհեանը եղած է. անոր երեք կողմերէն ցցուած են ժայռեր, իսկ արեւելան բաց կողմը պատ քաշուած է։ Այս Աստղկան բերդին դիմաց եւս նոյնպիսի քարաժայռ մը կայ, որ միեւնոյն անունը կը կրէ եւ որուն մէկ կողմը եւս պատ մը քաշուած է[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։