Jump to content

Վարագայ վանքի Ս․ Սոֆիա եկեղեցի

Վարագայ վանքի Ս․ Սոֆիա եկեղեցին

Վարագայ Վանք, որ Արեւմտեան Հայաստանի կրօնական, կրթական եւ մշակութային նշանաւոր կեդրոններէն մէկն էր։ Վանի արքեպիսկոպոսի նստավայրն էր, սակայն ոչնչացած է Մեծ Եղեռնի ժամանակ: Կը գտնուէր Վան քաղաքի հարաւ-արեւելեան կողմը։ 981 թուականին, շինարարական արձանագրութիւններու համաձայն, Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորին կինը եւ Գագիկ Բագրատունիի դուստրը՝ Խաշխուշ թագուհին, կառուցած են Վասպուրականի Ս․ Սոֆիա եկեղեցին։ Ուշ միջնադարուն եկեղեցին վերածուած է ամրոցի, այդ իսկ պատճառաւ կոչուած է Բերդաւոր։ 1857 թուականին Վարագայ վանքի վանահայր կարգուած է Մկրտիչ Խրիմեանը, որ մեծ ջանքերով կարողացած է վանքը հանել Վանի առաջնորդներու իրաւասութենէն եւ դարձուցած է անկախ։ 1896 թուականին, հայկական կոտորածներու ժամանակ, Վարագայ վանքը կողոպտուած է, իսկ 1915 թուականին ի սպառ լքուած եւ ամայացած է։

Համալիրը բաղկացած է վեց եկեղեցիներէ, գաւիթէ, նախասրահէ եւ օժանդակ շինութիւններէ։ Վանական համալիրի հարաւային կողմը գտնուող Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին (10-րդ դար) պահպանուած ամէնահին շէնքն է։ Անիկա կոչուած է նաեւ Բերդաւոր, որ ուշ միջնադարուն դարձած է ամրոց։ Եկեղեցին կառուցուած է սրբատաշ աւազաքարէ եւ ունի գմբէթաւոր դահլիճի յօրինուածք՝ մէկ զոյգ որմնամոյթերով եւ կիսաշրջաձև խորանով։ Բեմը կը լուսաւորուի արեւելեան կողմը տեղադրուած պատուհաններով։ Այժմ պահպանուած է շինութեան միայն արեւելեան հատուածը։ Հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած է Սուրբ Յովհաննէս կամ Քառասուն Աբեղաներու եկեղեցին (10-րդ դար), որ եռախորան է։ Պատերը կառուցուած են սրբատաշ քարէ, իսկ գմբէթը՝ աղիւսէ։ 11-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին նոյնպէս կանգուն է, որ գլխաւորաբար Աւանի տաճարի յօրինուածքի կրկնութիւնն է՝ քառախորան, 3/4 շրջանի յատակագիծով խորշերով, անկիւնները՝ աւանդատուներով՝ ներառուած արտաքին պատերու ուղղանկիւն պարագիծի մէջ։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիւսիսէն կից է Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ (11-րդ դար), որ ունի գմբէթաւոր դահլիճի յօրինուածք, իսկ արեւմուտքէն՝ գաւիթին, որ ըստ արձանագրութեան կառուցուած է 1648 թուականին Տիրատուրա ճարտարապետին կողմէ։ Կառուցուած է սրբատաշ քարէ, ունի քառակուսի յատակագիծով, չորս սիւներով կեդրոնակազմ յօրինվածք։