Jump to content

Սփեցեսի նաւամարտ (1822)

Սփեցեսի նաւամարտ
Յունական Ապստամբութեան ընթացքին նաւամարտ
Սփեցեսի նաւամարտ․ գործ Իոանիս Քուցիս (1887)․
Թուական 8 - 13 Սեպտեմբեր 1822
Վայր Արղոլիքոս ծոց, Սփեցեսին եւ անոր դիմացը գտնուող Պելոպոնեսի ափերուն միջեւ միջանցք
Արդիւնք յունական նաւարտորմիղի յաղթանակ
Հակառակորդներ
յունական ուժեր Օսմանեան կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Անտրէաս Միաուլիս Յունաստան Մոհամմատ Ալի, Օսմանեան կայսրութիւն
Կողմերու ուժեր
56 նաւ եւ 16 հրկիզչ նաւ 94 ռազմանաւ

Սփեցեսի նաւամարտ (1822) կամ Նաֆփլիոյի նաւամարտ եւ կամ՝ Արմաթայի նաւամարտ (յուն․՝ Ναυμαχία των Σπετσών կամ Ναυμαχία του Ναυπλίου)․ յոյներուն եւ օսմանցիներուն միջեւ տեղի ունեցած վճռական նաւամարտ, 8 - 13 Սեպտեմբեր 1822, Յունական 1821-ի Ապստամբութեան ընթացքին։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղելութիւնները նախ քան նաւամարտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

8 Սեպտեմբերին, օսմանեան նաւատորմիղը Մոնեմվասիայէն դէպի Նաֆփլիօ ուղղուած էր, որպէսզի Փալամիտիի բերդը գտնուող օսմանեան բանակը ռազմթերքով պարէնաւորէ։ Յունական ուժերը բերդը պաշարած էին․ ցամաքէն Տիմիթրի Իփսիլանտոսի ուժերը իսկ ծովէն՝ Լասքարինա Պուպուլինային նաւերը։

Մինչ այդ, Սփեցեսի տարեց ղեկավարը՝ Հածիեանիս Մեքսիս, կ՛ որոշէ կղզիին պաշտպանութիւնը ամրացնէ ու կը տեղադրէ թնդանօթներու երեք կայաններ։ Օսմանեան նաւատորմիղը բաղկացած 94 ռազմանաւերէ հրաման ունէր կործանել Իտրա եւ Սփեցեսի յունական ուժերը եւ ազատագրել Նաֆփլիոյի (Փալամիտի բերդին մէջ) պաշարուած պահակազօրքը։

Երբ օսմանեան նաւատորմիղը Արղոլիքոս ծոցը (կամ Նաֆփլիոյի ծոց) կը մտնէ, դէմ յանդիման կը գտնուի յունական նաւատորմիղին, որուն ծովակալն է Անտրէաս Միաուլիս։ Յունական նաւատորմիղը (Իտրա, Սփեցես եւ Փսարա կղզիներուն նաւերը) բաղկացած է 56 նաւերէ եւ 16 հրկիզիչ նաւերէ։ Յոյն ծովակալը կը հրամայէ յունական նաւատորմիղը ուղղուի Սփեցեսի եւ դիմացի ափին միջեւ նեղուցը, որպէսզի շրջաբակէ լաւ զինուած օսմանցիներուն ռազմանաւերը։ Միաուլիս կը հետեւի հին յոյն Թեմիսթոքլիս ծովակալին ռազմավարութիւնը Սալամինայի նաւամարտին (Ք.Ա. 476) ընթացքին։

Միաուլիս երեք մասի կը բաժնէ նաւատորմիղը, որոնցմէ մէկը ստանցնած էր օսմանցիները ուղղել դէպի Սփեցեսի նեղուցը։ Առաջին կռիւը տեղի կ՛ ունենայ 8 Սեպտեմբերին․ հանդարտ հովը կը խափանէ յոյներուն ծրագիրը եւ անոնք երկու հրկիզիչ նաւեր կը կորսնցնեն։ Սակայն, օսմանցիները փոխանակ յարձակին, ետ կը քաշեն իրենց ուժերը։ Յոյները անգամ մը եւս կը փորձեն հրկիզել օսմանեան նաւատորմիղը սակայն չեն յաջողիր։ Վերջապէս 10 Սեպտեմբերին, Քոզմաս Պարպասիս հրկիզողը կը յաջողի ճեղքել թրքական նաւատորմիղը։ Հետեւանքները կործանիչ կ՛ ըլլան օսմանցիներուն համար եւ կը պարտուին կորսնցնելով իրենց նաւերուն մեծ մասը։ Յոյները այս աննախընթաց յաջողութիւնը կը պարտին ծովակալ Միաուլիսին, որ կը հերոսանայ։

Յաղթութեան կարեւորութւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանեան նաւատորմիղը կը նահանջէ եւ Իտրայի եւ Սփեցեսի յունական երկու նաւային կայանները կործանելու ծրագիրը չեղեալ կը համարուի։ Ինչպէս նաեւ Նաֆփլիոյի թուրքերուն օգնութիւն չի հասնիր եւ քանի մը օրեր ետք, քաղաքը կ՛ անցնի յոյներուն ձեռքը, իսկ բերդը՝ երկու ամիս ետք՝ 30 Նոյեմբեր 1822-ին։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]