Jump to content

Վաղարշ Ա.

Վաղարշ Ա (ծննսեան եւ մահուան թուականները անյայտ), Հայոց Արշակունի թագաւոր 117-140-ին։ Սանատրուկ թագաւորի որդին։

116–ի ամրան, գլխաւորելով հռոմէական նուաճողներու դէմ հայերու ազատագրական պայքարը, վերականգնած է երկրի անկախութիւնը եւ Պարթեւաց Խոսրով Ա. արքայի աջակցութեամբ հռչակուած Մեծ Հայքի թագաւոր։ Տրայանոս կայսեր արկածախնդիր քաղաքականութեան ձախողումէն[1] եւ 140 թուականին անոր մահէն ետք, նոր կայսր Հադրիանոսը հարկադրուած էր Մեծ Հայքէն դուրս բերել հռոմէական զօրքերը եւ ճանչնալ Վաղարշի անկախութիւնը։ Անոր գահակալման տարիները խաղաղութեամբ ընթացած են եւ շինարարական աշխատանքներով։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Վաղարշը վերակառուցած է հին Վարդգեսաւանը եւ իր անունով կոչած Վաղարշապատ քաղաքը, այժմ՝ Էջմիածին։ Վաղարշակին գահընկեց ըրած է Հռոմի Անտոնիոս Պիոս կայսրը՝ Մեծ Հայքի թագաւոր կարգելով Սոհէմոսին։

Ծանօթագրութիւններ