Jump to content

Սուրիական Մամուլ (թերթ)

Սուրիական Մամուլ
Տեսակ պաշտօնաթերթ
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Վարդ Մեխակ (Վ․ Գարանֆիլեան), Մ․ Տխրունի (Քետերեան)
Հիմնադրուած է 1922
Երկիր Հալէպ

«Սուրիական մամուլ», սկիզբը օրաթերթ, ապա՝ երկօրեայ թերթ։ Հնչակեան կուսակցութեան Սուրիոյ շրջանակի պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1922-1927 թուականներուն, Հալէպ։ Արտօնատէր խմբագիր՝ Հայկ Թորոսեան, խմբագիրներ՝ Վարդ Մեխակ (Վարդավառ Գարանֆիլեան), Սարգիս Տխրունի (Քէտէրեան)։

Տպագրած է յօդուածներ Հայկական հարցի, Լոզանի համաժողովի արդիւնքներուն, հայ որբերու եւ գաղթականութեան վիճակի մասին։ Անդրադարձած է նաեւ միջազգային քաղաքական կացութեան, ՀՕԿ-ի եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն։

Թերթը հանդէս եկած է դաշնակցութեան եւ անոր մամուլի դէմ, զգալի տեղ յատկացուցած է Սովետական Հայաստանի տնտեսական նուաճումներուն եւ մշակոյթի վերելքին։

1925-1926 թուականներուն «Մ․ մ․» հրատարակած է նոյնանուն ուսանողական ամսաթերթ յաւելուած է (14 թիւ), ուր տպագրուած են հանրամատչելի յօդուածներ, գրական ստեղծագործութիւններ, արուեստի հարցերուն նուիրուած նիւթեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։