Jump to content

Սուրբ Յակոբեանց Տպարան

(Վերայղուած է Սուրբ Հակոբեանց Տպարան-էն)

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սուրբ Յակոբեանց Տպարանը հիմնուած է 1833 թուին, Գաբրիէլ Նիկոմիդացի Պատրիարքին օրով (1818-1840)[1]:

Ներկայիս թէեւ տպարանէն անցեալի փայլքը չի ցոլար եւ այս գաղտնիք մը չէ, բացի «Սիոն» ամսագրէն եւ տարեկան «Օրացոյց»էն, որոնք տակաւին կը շնչեն յամրաքայլ եւ բովանդակալից, նոյնիսկ եթէ տուեալ պայմաններու տակ անոնք տպագրուին վանքի տպարանէն դուրս[1]:

Տասնիններորդ դարուն հնատիպ գիրքեր լոյս տեսած են վանքի տպարանէն, որոնցմէ տասնեակ մը հատորներ որպէս նմոյշ կը յիշատակեմ: Զանոնք ծախու առած եմ տպարանէն` Երուսաղէմ իմ առաջին այցելութեանս ընթացքին:

Յովհաննէս Դրասխանակերտցի Կաթողիկոսի Պատմութիւն (1843), 2. Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Սրբազան Պատարագի (1840), 3. Նորայր Արքեպս Պողարեան Ցուցակ Ձեռագրաց Բ. (1950) 4. Պատմութիւն Հին եւ Նոր Կտակարանաց (1864), 5. Մատթէոս Ուռհայեցիի Պատմութիւն (1869), 6. Ներսէս Կաթողիկոս Շնորհալիի Թուղթ Ընդհանրական (1871), 7. Տօնացոյց (1915), 8. Բարթողիմէոս Ծ Վրդ Թագաճեան Ինքնակենսագրութիւն (1933), 9. Առաքելոց Շաւիղով (1939), 10. Քարոզներ (1940), 11. Սուրբք եւ Տօնք (1957), 12. Մաշտոց (1961)[1]:

Վանքին տպարանը երախտաշատ եւ անփոխարինելի անցեալ մը ունեցած է որքան ատեն որ մնայուն տեսուչ վարդապետներ յարատեւ հսկած են հրատարակութեանց պատասխանատու գործին` Պատրիարք Սրբազանի եւ Տնօրէն Ժողովի վարչութեան ներքեւ[1]:
- ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ


Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի երկարամեայ շրջանին շարունակուեցաւ ծաղկուն մնալ տպարանը մինչեւ 1908, երբ իր ծննդեան իննիսունամեակին կարող չէր հսկելու միաբանութեան առօրեայ կեանքի ելեւէջներուն: Յաջորդ տարին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Տեղապահ նշանակեց Դանիէլ Ծ. Վրդ. Յակոբեանը, որ Մայր Աթոռի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Տ.Տ. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Կաթողիկոսէն: Յարութիւն Պատրիարք կը վախճանի 1910 Հոկտեմբերին: Սակայն Դանիէլ Եպիսկոպոս անհաստատ եւ անպատասխանատու կը մնար տեղապահի իր պաշտօնին վրայ եւ 1913-ին կը հեռանար Երուսաղէմէն: Նոյն շրջանին հինգ տարիներ, 1911-1915, տպարանը բեղուն արդիւնք տուած է, հրատարակելով տարեկան հինգ մեծ ու փոքր հատորներ` ընդամէնը 26 գիրքեր, կրօնական, ծիսական, ժամապաշտական, իմաստասիրական եւ բանասիրական բովանդակութեամբ[1]:

Վանքին տպարանը երախտաշատ եւ անփոխարինելի անցեալ մը ունեցած է այնքան ատեն, որ մնայուն տեսուչ վարդապետներ յարատեւ հսկած են հրատարակութեանց պատասխանատու գործին` Պատրիարք Սրբազանի եւ Տնօրէն Ժողովի վարչութեան ներքեւ:

Գրական աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Մաշտոց կանոնեալ Մկրտութեան» (1843)
  • «Պատմութիւն Յովհաննու Կաթողիկոսին» Ա., (1843)
  • Ներսէս Լամբրոնացիի «Խորհրդածութիւն Սուրբ Պատարագին» (1842) եւ այլն:

Ձեռագրաց Ցուցակներու 11 Հատորները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երջանկայիշատակ Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան հրատարակեց 11 Ձեռագրաց Ցուցակներու հսկայ հատորները եւ տարբեր բովանդակութեամբ բանասիրական ուսումնասիրութիւններ: Նախկին Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Թորգոմ Մանուկեան Պատրիարքներու օրով, հինգ տասնամեակ (1960-2010), տպարանը ի լոյս ընծայած է կարեւոր հատորներ, յատկապէս Նորայր Սրբազանի հատընտիրները` բանասիրական, աստուածաբանական եւ ծիսագիտական[1]:

Սուրբ Յակոբեանց տպարանի հիմնադրութենէն ասդին կատարուած բարերար եւ անփոխարինելի դերը ակնյայտ է սփիւռքի Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս՝ Ծիսական մատեաններ, ի շարս Ձեռաց եւ Ձայնքաղ Շարակնոցներու եւ Ձեռաց ու Ատենի Ժամագիրքերու, Ճաշոցներու եւ Մաշտոցներու, Տօնացոյցներու եւ Տաղարաններու, ինչպէս նաեւ դասական մատենագիրներու բնագիրներու տպագրութեանց ընդմէջէն [1]:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զաքարիայի մահէն յետոյ 1847 թուականին, անոր յաջորդեր է Կիրակոս Երուսաղէմացին, որ շարունակեր է գործը: Ան Զմիւռնիայէն Երուսաղեմ հրաւիրեր է Տիգրան Հ. Թ. Սավալանեանին` իբրեւ ուսուցիչ, տպարանի վերակացու եւ սրբագրիչ: Ան իր հետ տպարանի կապարէ տառերու փոխարեն նորաձոյլ ու վայելչատիպ տառեր բերեր է Պոլիսէն: Նպատակ ունեցեր է վերակառուցել տպարանի ու վարժարանի շէնքերը: Սակայն 1850 թուականին Պատրիարքի անակնկալ մահը կիսատ ձգած է անոր ազգօգուտ ծրագիրները: 1871 թուականէն սկսած՝ ընդլայնուեր է տպարանի գործունէութիւնը, կառուցուեր է ձուլարան, որ գործեր է մինչեւ 1908 թուականը: Տպագրուեր են շարք մը գիրքեր յատկապէս Եսայի պատրիարքի պաշտօնավարութեան առաջին տասը տարիներուն (1865-1875): Տպագրական գիրքերու շարքին է նաեւ «Սիոն» հաւաքածոն` 12 հատորով:

Պատերազմի տարիներուն Օրմանեան սրբազանի օրօք տպարանը անգործութեան մատնուեր է: Միայն տասը տարի յետոյ՝ 1925 թուականին, հնարաւոր եղեր է վերաբանալ տպարանը եւ լոյս ընծայել Տ. Եղիշէ Դուրեան սրբազանի «Դրուագներ Մանուկ Յիսուսի Կեանքէն» պատկերազարդ հատորը: 1933 թուականին տպարանն իր հարիւրամեակի շէմին ունեցեր է ութսուն տառասեսակ՝ մեծ մասը հայերէն, եղեր են նաեւ արաբական, յունական եւ եբրայական տառատեսակներ:

«Սուրբ Յակոբեանց» տպարանը միշտ ունեցեր է իր մեկենասները, որոնք իրենց նուէրներով, կտակով կամ գիրքերու տպագրութեան ծախսերը հոգալով՝ սատարեր են տպարանի գործունէութեան:

Տպարանին Ճակատագիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն, Երուաղէմի Աթոռը թափուր կը մնար երկար ատեն, տնտեսական անձուկ պայմաններու տակ եւ սակայն տպարանը կը շարունակէր գործել տպելով անհրաժեշտ նկատուած գիրքերը: Ամուլ տարիներ եղան Սահակ Խապայեան Կաթողիկոս¬Պատրիարքի բռնի եւ կեղծ կարճատեւ շրջանը, միայն 15 ամիս (1916 Օգոստոսէն 1917 Նոյեմբեր), որմէ ետք թրքական միջամտութիւնը 1915 թուի դէպքերուն պատճառաւ խստացուց տպարանի աշխատանքը: Նոյնիսկ այդ տարիներուն, երբ Խապայեան Կաթողիկոս Երուսաղէմէն մեկնած էր արդէն, ամէն գործ մնացած էր քանի մը միաբաններու ուսերուն վրայ, գլխաւորութեամբ նուիրեալ եւ ժրաջան Մեսրոպ վարդապետ Նշանեանի, Յետագային Պատրիարք Երուսաղէմի[1]:

Թրքական միջամտութիւնը պատճառ դարձաւ նոյնիսկ Նշանեան վարդապետի անակնկալ կերպով դատի կանչուելուն, զինք մեղադրելով որ առանց կրթական տնօրէնի արտօնութեան կ'աշխատցնէր վանքի տպարանը: Թրքատիպ բացատրութիւն մըն ալ կցելով կ'ըսէին թէ «միայն տպարանի շէնք շինելու, եւ ոչ թէ գիրք հրատարակելու համար էր այդ արտօնագիրը»: Ուստի վճռած են փակել տպարանը, տուգանքի ենթարկել վանքը եւ հարիւր օրուան բանտարկութեան ենթարկել Մեսրոպ վարդապետ Նշանեանը: Խնդիրը Կ. Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին փոխադրելով եւ անգլիական բանակին Երուսաղէմ մտնելով, դատը ինքնին կը փակուէր[1]:

Տպարանը Վերականգնած

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպարանը տասը տարի կը մնար ամուլ, մինչեւ որ տասնամեայ թափուր Աթոռը կ'ունենար իր գահակալը` յանձին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի (1921-1930), որմէ ետք նոր թափով, յատկապէս իրեն յաջորդող Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի (1931-1939) տասնամեակին Սրբոց Յակոբեանց տպարանը իր բարձրակէտին կը հասնէր: Դուրեան Պատրիարքի օրով «Սիոն» ամսագիրը սկսաւ իր նոր շրջանը` խմբագրապետութեամբ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի եւ ապա Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի, երբ արդէն Կիւլէսէրեան ընտրուած էր Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ[1]:

Դուրեան Պատրիարքի գահակալութեան առաջին հինգ տարիներուն վանքին տպարանէն լոյս տեսան յատկանշական հատորներ, որոնց կարգին «Դրուագներ Մանուկ Յիսուսի Կեանքէն» պատկերաւոր հատորը, որուն յաջորդեցին Օրմանեան Մաղաքիա Պատրիարքի «Ազգապատում»ի Գ. հատորը (1927) եւ «Խոհք եւ Խօսքը» (1929)[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]