Jump to content

Սոնա Ղազարեան

Սոնա Ղազարեան
Ծնած է 6 Մայիս, 1966
Ծննդավայր Պէյրութ
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Չիկիի երաժշտական ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն Երգչուհի

Սոնա Ղազարեան, (6 Մայիս 1966, Պէյրութ), Հայ երգչուհի։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի 1975-ի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով կը հաստատուի Վիեննա, ուր իբրեւ օփերայի երգիչ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ միջազգային բեմերու վրայ։

Կատարած է Մոցարթի գլխաւոր բոլոր գործերը, «Ֆիկարոյ»ի քոնդանցան եւ սիւղաննան, «Տոն ճիովաննի»ի Չերլինան եւ այլն։ Կ'երգէ բազմաթիւ լեզուներով։ Վիեննայի մէջ յաճախ երգած է Շթաթ Օփերահաուզի, Միւղիք-Ֆերէյնի եւ Քոնսերթաահաուզի մէջ։ Զանազան առիթներով Սոնա հիւր եղած է Սայթպուրկի, Էտինպուրկի եւ Լողանի երաժշտութեան միջազգային փառատօններուն։ Մասնակցած է «Արապելլա»յի Ֆիլմին իբրեւ գլխաւոր դերակատարուհի։ Տեւական կերպով հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Աւստրիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գեղարուեստական յայտագիրներով։ Հրապարակուած են իր ձայնապնակները։ Կը մշակէ նաեւ նոր ծրագիրներ, որմով Սոնային հմայիչ ձայնը պիտի կը սաւառնի ամէնուրեք:

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան, Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994,էջ 209: